ՍԷՐ՝ ՈՐ ԿՈՅՐ ԱՉՔՈՎ ԿԸ ՏԵՍՆԷ՛

Սիրոյ կոյր ըլլալը պէտք չէ երբեք պատճառ ըլլայ, որ մարդ խորտակէ իր կեանքը, որովհետեւ զանազան բացթողումներով, անվստահութեամբ ու սխալներով լեցուն յարաբերութիւն մը սիրոյ որեւէ մակարդակի վրայ բռնութիւն է պարզապէս. սակայն առողջը վտանգաւորէն զանազանելու համար մարդ արարածին պէտք է միտքի հասունութիւն, արդար դատողութիւն եւ ուժ, որովհետեւ սիրելով հանդերձ այդ սէրը վտանգաւոր նկատելը մարդէն կորով կը պահանջէ: Հասունութեան այդ մակարդակին հասնելու համար անհրաժեշտ պէտք է նկատի ունենալ հետեւեալները.

Ա.- Ինքնաքննութիւն.- կողակիցն ու անոր վարքն ու բարքը քննելէ առաջ մարդ նախ պէտք է հաշուեյարդար մը կատարէ ինքն իր անձին հետ. ինքնաքննութեան ճամբով փորձէ գտնել «յարգուած կը զգա՞մ». «ապահո՞վ եմ», «ուրա՞խ եմ» հարցումները եւ այս հարցումներու պատասխանին լոյսին տակ քննէ, թէ ինչքանո՞վ կը բաւարարուին յոյզերն ու մարդկային բոլոր կարիքները: Յաճախ կը կարծենք, թէ սիրոյ յարաբերութիւնը քննութիւն մըն է մեր եւ դիմացինին միջեւ, սակայն մեծագոյնը սեփական անձին դէմ է, որ տեղի կ՚ունենայ: Պէտք է լսել սեփական անձը եւ քննել անոր դրական ու ժխտական բոլոր ապրումները եւ նժարի վրայ դնել. կողակիցին հետ լաւագոյն յարաբերութիւնը ունենալու եւ կամ հակառակը՝ վերջ տալու լաւագոյն ձեւը սեփական անձի ճանաչումն է, այդ յարաբերութենէն ապրած իր դրական ու ժխտական բոլոր երեսներով: Մարդ պէտք է հասկնայ, որ սիրոյ մէջ պէտք չէ երբեք կորսնցնէ իր ինքնութիւնը. եթէ քննութեան արդիւնքով մարդ տեսնէ, թէ ինք զիջած է իր ինքնութիւնը, ապա պէտք է աւելի լրջօրէն մտածէ այդ յարաբերութեան մասին: 

Բ.- Կարմիր գիծերու վերատեսութիւն.- նախքան յարաբերութիւնը, մարդիկ կ՚ունենան որոշ կարմիր գիծեր, սակայն, սէրը իր զօրութեամբ յաճախ կրնայ այդ կարմիր գիծերու ուղղութիւնը շեղել. շատ անձերու համար այդ կարմիր գիծերը տարբեր են, սակայն կան որոշ հասարակաց ու ընդհանրացած կարմիր գիծեր, որոնք պէտք է նկատի առնուին. Օրինակ՝ անձը ինչքանո՞վ կրնայ տէր դառնալ ու վերահսկել իր վարքը՝ մանաւանդ ջղայնութեան ու նեղութեան պարագային. անոր մօտ գոյութիւն ունի՞ սուտը. եթէ այո, ապա այդ սուտը ինչքանո՞վ արդարացի է եւ կրնայ վնասել յարաբերութիւնները: Անձը ունի՞ սեփական սխալը ընդունելու եւ ի պահանջել հարկին նոյնիսկ ներողութիւն խնդրելու վեհանձնութիւնը։ Իւրաքանչիւր սխալ զինք դէպի սրբագրութիւն կ՚առաջնորդե՞ն, թէ ոչ կը դիմէ հակառակ մեղադրանքներու՝ քօղարկելու համար իր բացթողումները: Նեղութեան պարագային եւ կամ ընդհանրապէս կը դիմէ՞ յուզական եւ կամ ֆիզիքական բռնութեան: Սիրոյ մէջ գոյութիւն ունի՞ փոխադարձ յարգանք ու պատիւ. թէ ոչ մէկ կողմը կը պահանջէ այդ յարգանքն ու պատիւը, իսկ միւս կողմը լոկ կու տայ՝ առանց ստանալու: Յարաբերութեան մէջ ինչքանո՞վ գոյութիւն է ազատութիւնը. անձը ինքզինք հսկողութեան եւ ճնշման տակ կը զգա՞յ թէ ոչ: Այդ յարաբերութեան մէջ ինչքանո՞վ գոյութիւն է հաւասարութիւնը եւ հաւասարակշռուած զիջումը: Այս բոլորը հարցեր են, որոնք կրնան սիրոյ տեսակը ճշդել. այս կարմիր գիծերու շուրջ տրուած պատասխաններն են, որոնք դրականի պարագային զոյգերը պարտին առաջնորդել դէպի յաջորդ քայլ, դէպի ամուսնութիւն, որովհետեւ երբ հարցականի տակ են տրուած հարցերուն պատասխանները եւ կամ աւելին՝ ժխտական արդիւնք մը կը ներկայացնեն, ապա կեանքը կրնայ ուրախութիւն չպատճառել, որովհետեւ սէրը մինակը ուրախութիւն տալու ուժն ու կարողութիւնը չունի: 

Գ.- Հանգիստ մտածողութիւն.- սիրոյ ազդեցութեան տակ՝ մա՛նաւանդ երբ այդ սէրը կոյր է (կամաւոր թէ՛ անգիտակից կուրութիւն), կրնայ արագ ու վատառողջ որոշումներ կայացնել: Այդ իսկ պատճառով մարդկային միտքին պէտք է որոշ հանգիստ տարածք մը, նոյնիսկ շատ անգամ որոշ մինակութիւն մը, սեփական զգացումներուն, մտածումներուն եւ որոշումներուն հետ արդար առերեսում մը ունենալու համար: Սիրածի ներկայութեամբ մարդ կրնայ առողջ որոշումներ չկայացնել, այդ իսկ պատճառով որոշ պարագաներու պէտք է մեկուսանալ ու մտածել. Մտածել՝ մա՛նաւանդ կռիւէ մը ետք. այդ կռիւը ինչքանո՞վ հիմնուած է դրական ու առողջ սիւներու վրայ. ինչքանո՞վ առկայ է հոն սէրը: Մինակութիւնը պէտք է թէ՛ ուրախ եւ թէ տխուր պահերուն. օրինակի համար՝ կռիւի ու վէճի ժամանակ մարդ կրնայ լարուած ըլլալ եւ ըսել խօսք մը՝ որ շատ աւելի խոր վէրք կը բանայ՝ քան այդ կռիւն ու վէճը: Արդար դատաստան մը կատարելու եւ որոշում կայացնելու համար ժամանակը անհրաժեշտ է. վերջապէս պէտք է գիտնալ ազդեցութիւններու տակ որոշում չկայացնել: 

Դ.- Գիտնալ ինչը լսել.- Մարդիկ՝ մա՛նաւանդ մտերիմներ յաճախ կրնան իրենց անողոք կարծիքը յայտնել. իրենց կարծիքները շատ անգամ մեր մէջ կրնան նեղութիւն յառաջացնել, որովհետեւ անոնց ըսածները դէմ կ՚ըլլան մեր իտէալներուն՝ զորս կ՚ուզենք դիմացի անձին մէջ տեսնել: Մարդիկ իրենց կարծիքներու կողքին կը քննադատեն, յաճախ կը նախազգուշացնեն, սակայն անհատի մը համար հարց է, թէ ինչքանո՞վ պէտք է լսել: Անշուշտ, այդ անձերը ունին որոշ նախապատուութիւններ. օրինակի համար՝ ընտանիքին կարծիքը ընկերոջ մը կարծիքէն շատ աւելի առաջնահերթ ու կարեւոր կրնայ ըլլալ: Բոլորին լսելը կարեւոր է, սակայն պէտք չէ հիմնուիլ լսածի վրայ. իւրաքանչիւր անձ, որ որոշ տեսակէտ կը յայտնէ, իր տեսակէտը ապացուցող որոշ փաստերով պէտք է մօտենայ եւ այդ փաստերուն հիման վրայ մարդկային բանականութիւնը աշխատի եւ ո՛չ թէ յոյզերը: Կ՚արժէ մտածել բոլոր այն խօսքերուն մասին, որոնք ունին փաստեր: Պէտք է նկատի ունենալ, որ խօսողներուն մէջ կան երկու տեսակի անձեր. ձեր երջանկութիւնը ուզողներ ու չուզողներ. այդ իսկ պատճառով իւրաքանչիւր ըսուած խօսք պէտք է արդար դատողութիւն մը ունենայ եւ որոշ շօշափելի փաստերու վրայ հիմնուի: 

Այս բոլորէն ետք մարդ պէտք է լսէ իր հոգիին ձայնը. եթէ այդտեղ երջանկութիւն կը տեսնէ, պէտք է այդ սէրը վառ պահելու համար պայքարի՝ սակայն, զոհը չդառնայ այդ սիրոյն: Ամէն մարդ արժանի է արդար, մաքուր ու բարի սիրոյ մը, որ պարտի՛ ըլլալ անշահախնդիր, անկեղծ ու բարի: Թէեւ սիրտը սիրոյ հետ կապ չունի, սակայն, դարձեալ երանի՜ կու տանք այն մարդուն, որ սիրոյ մէջ իր սիրտն ու հոգին հաւասար կրնայ գործածել՝ դատելու եւ կշռելու համար ամէ՛ն բան, որ կրնայ նպաստել եւ կամ վնասել իր սեփական երջանկութեան:

•վերջ

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Սիրոյ մէջ ինչքանո՞վ պէտք է անձը զոհել:

Պատասխան. Սէրը զոհողութիւն կը պահանջէ, սակայն պէտք չէ կորսնցնել սեփական անձը: Առողջ յարաբերութիւն մը կը ծաղկի փոխադարձ զիջումի վրայ, ուր երկու կողմերն ալ կու տան եւ փոխադարձ կ՚առնեն՝ առանց երբեք սպառուած կամ անբաւարար զգալու: Անձնական երջանկութիւնը, երազանքները կամ սեփական անձին հանդէպ յարգանքը սիրոյ համար զոհել կրնայ անհաւասարութիւն եւ հետեւաբար զայրոյթ ստեղծել: Իսկական սէրը անձը պէտք է բարձրացնէ եւ ո՛չ հակառակը. անձ մը պէտք չէ զգայ, թէ ինք այդ սիրոյ մէջ շատ բան կորսնցուցած է:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Փետրուար 26, 2025