ԱՇԽԱՐՀԸ ԿԸ ՄՈՌՆԱՅ ԶՈՀՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԴ
Մարդկային գոյութիւնը կ՚ընթանայ ընտրութիւններու միջոցով եւ այդ ընտրութիւնները անշեղ ուղղուածութիւն մը ունին դէպի ճիշդը, դէպի կատարեալը. Սակայն, հակառակ ջանքերուն, այս ուղղուածութիւնը միշտ իր նպատակին չի հասնիր եւ ակամայ ճիշդին քով տեղ կը գտնէ նաեւ սխալը՝ որ կեանքի միւս երեսակը կը կազմէ: Ժամանակը պարզապէս կ՚արձանագրէ այդ ճիշդերուն ու սխալներուն գումարը եւ կը ստեղծէ անձին կենսագրութիւնը:
Հակառակ այն իրողութեան, որ «սխալիլը սխալ չէ», մարդ արարած յաճախ կը փորձէ իր սխալները քօղարկել՝ մոռնալով, որ սխալիլը եւս բնութեան օրէնքներէն մէկն է, որ մարդուն կը ստիպէ աճիլ ու զարգանալ եւ այս իրողութեան մեծագոյն փաստը բնութիւնն է, ուր կտրուած ճիւղին տեղ աւելի նորն ու առողջը ծնունդ կ՚առնէ։ Այդ ճիւղէն տարբերութիւն չունի մարդը, որովհետեւ մարդ պիտի սխալի, այդ սխալը սրբագրէ, որպէսզի որպէս նոր ճիւղ ծնունդ առնէ: Եթէ սխալիլը սխալ մը չէ, ապա զարմանալի է մարդոց պահուածքը. բոլորը կը փորձեն իրենց սխալները թաղել խաւարի մէջ՝ իբրեւ ամօթի նշան եւ յանձն կ՚առնեն կեղծ դիմակներ կրել՝ փրկելու համար իրենց անձն ու աւելի կարեւորը՝ անունը:
Այս մէկը մարդկային կեանքին մէջ առեղծուած մըն է, որովհետեւ մարդ կ՚ուզէ ցոյց տալ այն՝ ինչ ինք կ՚ուզէ երեւիլ, իսկ հակառակ կողմի վրայ մարդ կը տեսնէ այն՝ ինչ կ՚ուզէ տեսնել եւ այս հակասութիւնը մեր գոյութեան հանելուկներէն մէկն է։ Աւելի քան երկու հազարամեակ առաջ Պղատոն իր փիլիսոփայութիւններէն մէկուն մէջ կ՚ըսէր. «Ամենէն կարեւորը այն է, որ տեսնենք ինչ կայ, եւ ո՛չ թէ այն՝ ինչ կ՚ուզենք տեսնել»։ Այս մէկը հոգեբանականօրէն եւս ճիշդ է, որովհետեւ մարդիկ մի՛շտ պիտի տեսնեն այն՝ ինչ իրենք պիտի ուզեն տեսնել. հոգեբանութեան մէջ այդ մէկը կը բացատրուի հետեւեալ ձեւով. եթէ մէկը կասկածամիտ է, իր շուրջը լոկ խաբէութեան նշաններ պիտի տեսնէ, որովհետեւ իր ենթագիտակցութիւնը անոր փնտռտուքին մէջ է. եթէ անձ մը սիրահարած է, միայն կատարելութիւն ու անսխալականութիւն պիտի տեսնէ իր սիրածին մէջ՝ որովհետեւ սէրը այդ կը պահանջէ, սէրը կոյր է. ուրիշ մը եթէ վախի ազդեցութեան տակ է, աննշան շշուկ մը անգամ որպէս սպառնալիք պիտի ընդունի: Եթէ պահ մը հաւատանք, որ հոգեբանութեան այս մօտեցումը ճիշդ է, ապա մարդոց մէջ միայն վատը տեսնողները... միթէ վատեր չե՞ն. այս մէկը պատճառ կ՚ըլլայ, որ մենք դիմացի անձը տեսնենք ո՛չ թէ իր իրողութեան մէջ, այլ մեր ներքին ակնկալիքներու աչքով, ինչ որ շատ անգամ կրնայ հակառակ ըլլալ ճշմարտութեան:
Իրականութիւնը տեսնելուն եւ ներքին ակնկալիքներու հիման վրայ տեսնելուն մէջ կայ մեծ ու յստակ տարբերութիւն մը. անգլիացի հոգեբան Ք. Տիսոնանս հետեւեալ ձեւով կը բացատրէ այս երեւոյթը. «Երբ իրականութիւնը կը հակասէ մեր համոզումներուն, ուղեղը տեղեկութիւններն ու երեւոյթները կը «յարմարցնէ» մեզի՝ անհանգստութիւնը նուազեցնելու համար». իսկ այլ հոգեբան մը կու գայ ըսելու. «Մենք անգիտակցաբար կ՚ընտրենք միայն այն ապացոյցները, որոնք կը հաստատեն մեր մէջ գոյութիւն ունեցող կարծիքները»:
Այս համոզումներու լոյսին տակ կ՚ուզենք խօսիլ մարդկային այն դժբախտ ճշմարտութեան մասին, որ մարդկային կեանքին եւ յարաբերութիւններուն մէջ կարեւոր տեղ ու դեր ունի. մարդ արարած իր բնազդով ունի հակում սխալը ճիշդէն աւելի տեսնելու. այն ինչ որ բացասական է, սխալ է ու վտանգաւոր՝ մարդ արարածին ուշադրութիւնը աւելիով կը գրաւէ, որովհետեւ մարդկային ուղեղը այնպէս մըն է, որ սպառնալիքը եւ վտանգը շատ աւելի շուտ կ՚ըմբռնէ (ինչ որ բնազդի ճամբով ոչ-խօսուններուն մօտ եւս կը տեսնենք)։ Ուրախութիւնը, ճիշդն ու լաւը մարդուն մտահոգութիւն չեն պատճառեր, այդ իսկ պատճառով ան իր կեդրոնացումը չի սեւեռեր լաւին, այլ արթուն պահակի մը նման վատը կը հետապնդէ։ Անշուշտ, մեծ դեր ունի նաեւ այն իրողութիւնը, որ մարդոց համար այլեւս լաւը այնքան ալ հետաքրքրական նիւթ չէ. կը հաւատան, որ վատը իր մէջ շատ աւելի հետաքրքրութիւն ունի. այսօր մարդոց մէջ տարածուած է համոզում մը, որ լաւը բնական է, իսկ վատը՝ նորաձեւութիւն:
Ու այս համոզումին մէջ պայքարը սկիզբ կ՚առնէ. մարդ արարած կը փորձէ իր բոլոր վատ կողմերը քօղարկել եւ իր լաւերը հրապարակ հանել, սակայն, մարդկութիւնը կը նախընտրէ լաւերը անտեսել եւ կեդրոնացումը տալ վատերուն՝ նոյնիսկ եթէ լաւերը կը գերակշռեն: Մեր օրերուն «դրական» տիպար ստեղծելու փորձը պիտի մնայ ապարդիւն, որովհետեւ մարդոց միտքերն ու սիրտերը չարացած ըլլալով՝ բոլորը իրենց կեդրոնացումը պիտի սեւեռեն վատին. նոյնիսկ եթէ հազար լաւ բան ընես, մէկ վատը բաւարար պիտի ըլլայ այդ հազարը մոռցնել տալու. այս երեւոյթը յայտնի մտաւորական մը նկարագրած է հետեւեալ ձեւով. «Մարդիկ կրնան հազար անգամ լողալ ձեր քովէն, բայց մէկ անգամ որ խեղդուիք՝ միայն այդ կը յիշեն»։ Փոխաբերական այս խօսքը խոր իմաստ մը ունի, որովհետեւ մարդիկ ամէն տեղ կը բարձրաձայնեն, թէ լողալ չէք գիտեր, սակայն, երբեք չեն ըսեր, որ իրարու հետ բաւակա՜ն լողացած էք։ Նոյնն է պարագան լաւութեան։ Մարդիկ երբեք չեն ըսեր ինչ լաւութիւն ըրիր, սակայն, այդ վատութիւնը բարձրաձայնելու պատրաստ կ՚ըլլան:
Մարդկային այս պայքարին նուիրուած մեր յօդուածը կ՚ուզենք աւարտել Մահաթմա Կանտիի յայտնի խօսքով. «Աշխարհը կրնայ մոռնալ քու ճշմարտութիւնդ, քու պայքարդ, քու զոհաբերութիւններդ, բայց երբեք չի մոռնար քու սխալդ»:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Մարդ ինչո՞ւ կը սխալի:
Պատասխան. Մարդ կը սխալի անբաւարար գիտելիքներու եւ համոզումներու պատճառով, որոնք կը դժուարացնեն յաճախ ճիշդ որոշումներ կայացնել: Սխալները յաճախ կը յառաջանան, որովհետեւ մարդիկ կը թերագնահատեն իրավիճակը, չեն կրնար ամբողջութեամբ տեսնել բոլոր հնարաւորութիւնները եւ շատ անգամ կ՚առաջնորդուին իրենց զգացումներով՝ առանց տրամաբանութիւն գործածելու: Մարդիկ կրնան սխալիլ նաեւ այն ժամանակ, երբ շրջապատի ընկալումներուն վրայ իրենց որոշումները կը կայացնեն:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան