ՆԱԽԱԽՆԱՄՈՒԹԻՒՆ
Արարչագործութիւնը ունի իր իւրայատուկ լաւութիւնը եւ կատարելութիւնը, բայց ան Արարչին ձեռքերէն չելաւ բոլորովին աւարտած։ Այս կը նշանակէ, որ տակաւին տիեզերքը եւ, անշուշտ, մարդկութիւնը կը շարունակէ բարեփոխուիլ եւ ուրեմն արարչագործը ընթացքի մէջ է։ Տիեզերքը ստեղծուեցաւ «ընթացողի վիճակի մէջ». ան կ՚ընթանայ դէպի նուաճելի վերջին կատարելութիւն մը՝ որուն սահմանած է զայն Աստուած։
Այն միջոցառումները որոնցմով Աստուած կ՚առաջնորդէ Իր արարչագործութիւնը դէպի այս կատարելութիւնը, մենք զայն կը կոչենք «աստուածային նախախնամութիւն»։
Աստուած Իր նախախնմութեամբ կը պահպանէ եւ կը կառավարէ ինչ որ ստեղծած է. «Զօրութեամբ կը հասնի ծագէ ծագ եւ կը տնօրինէ ամէն ինչ քաղցրութեամբ». (ԻՄԱՍ. Ը 1)։ Որովհետեւ Անոր հայեացքին դիմաց. «Ամէն ինչ մերկապարանոց կայ». (ԵԲՐ. Դ 13), նոյնիսկ այն բոլոր բաները, զորս արարածներուն ազատ կամքը պիտի իրագործէ։
Երբ «ազատ կամք» կ՚ըսենք, պէտք է ընդունինք, որ մարդ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին միշտ ընտրութեան մը առջեւ կը գտնուի, եւ այս կը նշանակէ, որ աշխարհի վրայ միշտ կայ երկու ճամբայ՝ որոնք ունին երկու դուռ. նեղ դուռ եւ լայն դուռ։ Եւ այս ընտրութիւնն է, որ մարդուս ընթացքը կ՚որոշէ՝ աստուածային արարչական ծրագրին մէջ իր տեղը գրաւելու համար։
Աստուածաշունչ մատեանին վկայութիւնը միաձայնական վկայութիւն է։ Աստուածային նախախնամութեան հոգածութիւնը «շօշափելի» եւ «անմիջական» է։ Ան հոգածու է ամէն բանի, սկսեալ փոքրագոյնէն մինչեւ մեծագոյն դէպքերը աշխարհին եւ պատմութեան։ Սուրբ Գիրքը ուժգնօրէն կը հաստատէ Աստուծոյ բացարձակ տիրակալութիւնը դէպքերուն ընթացքին վրայ. «Մեր Աստուածը երկինքի մէջ եւ երկրի վրայ կ՚ընէ այն՝ ինչը որ հաճելի է Իրեն». (ՍԱՂՄ. ՃԺԵ 3)։ Քրիստոսի մասին ալ ըսուած է. «Եթէ Ան բանայ, ո՛չ ոք պիտի փակէ, եթէ Ան փակէ, ո՛չ ոք պիտի բանայ». (ՅԱՅՏ. Գ 7)։ «Բազմաթիւ մտածումներ կ՚անցնին մարդուն սրտէն, միայն Աստուծոյ ծրագիրը պիտի իրականանայ». (ԱՌԱԿ. ԺԹ 21)։
Ուստի, աստուածային նախախնամութիւնը այն միջոցառումներն են, որոնցմով Աստուած բոլոր արարածները իմաստութեամբ եւ սիրով կ՚առաջնորդէ մինչեւ իրենց վերջին վախճանը։ Յիսուս կը հրաւիրէ մեզ, որ որդիաբար մեզ յանձնենք մեր երկնաւոր Հօր Նախախնամութեան (ՄԱՏԹ. Զ 26-34)։
Իսկ Պօղոս առաքեալ կը յարէ. «Ձեր բոլոր հոգերը թօթափեցէ՛ք Անոր վրայ, որովհետեւ Ան է, որ կը խնամէ ձեզ». (Ա ՊԵՏ. Ե 7), եւ նաեւ, (ՍԱՂՄ. ԾԴ 22). «Քու հոգդ Տէրոջը վրայ ձգէ՛ եւ Ան քեզ պիտի խնամէ. Անիկա արդարը երբեք պիտի չսասանեցնէ»։
Արարչագործութենէն ետք, Աստուած չի՛ լքեր Իր արարածը ինքզինքին։ Չի տար անոր միայն ծնունդ եւ գոյատեւում, այլ կը պահէ զայն ամէն վայրկեան գոյութեան մէջ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 25, 2025, Իսթանպուլ