ԾՆՈՒՆԴՆԵՐՈՒ ԿԱՆՈՆԱՒՈՐՈՒՄ
Երբ ամուսնական սէրը եւ կեանքին պատասխանատու փոխանցումը իրարու հետ ներդաշնակելու հարց ըլլայ, վարուելակերպին բարոյականութիւնը պէտք չէ՛ կախում ունենայ միայն դիտաւորութեան անկեղծութենէն եւ պատճառներու գնահատումէն, այլ պէտք է ան սահմանուի ըստ առարկայական չափանիշներու, առնուած նոյնինքն անձին բնութենէն եւ անոր արարքներէն չափանիշներ՝ որոնք ճշմարիտ սիրոյ մթնոլորտին մէջ, յարգեն ամբողջական նշանակութիւնը «փոխադարձ նուիրում»ին եւ որդեծնութեան՝ ըստ մարդուն չափին եւ տարողութեան, ինչ որ անկարելի պիտի դառնայ, եթէ ամուսնական ողջախոհութեան առաքինութիւնը չէ՛ գործադրուած պարկեշտ սրտով։
Ուստի, մարդկային կեանքը եւ զայն փոխանցելու պարտականութիւնը չեն սահմանափակուիր այս աշխարհի հորիզոններով եւ հոս չեն գտներ ո՛չ իրենց լի տարողութիւնը եւ ոչ իսկ իրենց լի իմաստը, այլ անոնք միշտ առընչուելու են մարդուն «յաւերժական ճակատագրին» հետ՝ որ կը համապատասխանէ «ստեղծագործութեան եւ արարչագործութեան աստուածային ընդհանուր ծրագրին»։
Բարոյական օրէնքը կը քաջալերէ որդեծնութեան ձգտող որոնումները՝ պայմանաւ, որ անոնք դրուած ըլլան ի սպաս մարդկային անձին, անոր անլուծանելի իրաւունքներուն, անոր ճշմարիտ եւ ամբողջական բարիքին՝ ըստ Աստուծոյ ծրագրին եւ կամքին։ Ըստ այնմ, թեքնիք միջոցները՝ որոնք օտար անձի մը միջամտութեամբ ազգականական տարաբաժանում (dissociation des parentés) կը պատճառեն. զոր օրինակ՝ սերմի նուէր կամ ձուի (ovocyte) փոխատուութիւն արգանդի, ներհակ են բարոյական օրէնքին, եւ ծանրօրէն անպարկե՛շտ։ Այս թեքնիքները՝ արուեստական օտարատարր (hétérologue) սերմանում եւ բեղմնաւորում կը վիրաւորեն զաւկին ծանօթ եւ ամուսնութեամբ միացած հօրմէ եւ մօրմէ ծնելու արդար իրաւունքը։ Այս թեքնիքները կը դաւաճանեն եւ կը հակադրեն ամուսիններուն իրարմով «հայր» եւ «մայր» դառնալու բնական եւ բացարձակ իրաւունքը։
Ուստի, կիրարկուած այս թեքնիքերը՝ արուեստական համանման (homologue) սերմանում եւ բեղնաւորում, թերեւս նուազ վնասակար են, սակայն, կը մնան բարոյապէս անընդունելի՛։ Անոնք կ՚անջատեն բնական օրէնքով հաստատուած սեռային արարքը որդեծնութեան արարքէն։ Զաւկին գոյութիւն տուող արարքը կը դադրի երկու անձ իրարու տուող արարքը ըլլալէ. սաղմին կեանքը եւ ինքնութիւնը կը յանձնէ բժիշկներու եւ կենսաբաններու տրամադրութեան եւ թեքնիքը մարդկային անձին ծագումին եւ ծրագրին վրայ գերակշիռ կը դարձնէ։
Այսպիսի գերիշխանութեան մը հետ առընչուածութիւնը ինքնին դէ՛մ է արժանապատուութեան եւ հաւասարութեան, որոնք պարտին ըլլալ հասարակաց ծնողներուն եւ զաւակներուն համար։ Որդեծնութիւնը բարոյապէս զրկուա՛ծ է իրեն յատուկ կատարելութենէն, երբ ան չէ ուզուած իբրեւ «պտուղ» ամուսնական արարքին, այսինքն ամուսիններու միութեան մասնայատուկ արարքին։ Ամուսնական արարքին նշանակութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող կապին միայն յարգանքը, ինչպէս նաեւ մարդկային էակին միութեան յարգանքը թոյլ կու տան որդեծնութիւն մը, համապատասխան՝ անձին արժանապատուութեան։ Եւ այս իմաստով, զաւակը պարտք մը չէ՛, այլ՝ պարգե՛ւ մը։
Ամուսնութեան ամենէն վսեմ պարգեւը՝ «մարդկային անձ» մըն է։ Զաւակը պէտք չէ՛ նկատուի իբրեւ «սեփականութեան առարկայ» մը՝ որուն պիտի հասցնէր զաւկին վրայ կարծեցեալ իրաւունքին ճանաչումը։ Ան «անձ» մըն է յղութեան վայրկեանէն իսկ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ