ՄԵՐ ՆԵՐԿԱՆ ՆԿԱՐԱԳՐՈՂ ՀԱԶԱՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԳՈՒՇԱԿՈՒԹԻՒՆ

Աստուածաշունչին մէջ կան բազմաթի՜ւ տողեր, որոնք կարծես գրուած ըլլան մեր ժամանակներուն համար։ Գուցէ պատճառը այն է, որ գրեթէ ամէն ժամանակաշրջան ունեցած է նման խնդիրներ։ Պատմութիւնը մի՛շտ կրկնած է ինքզինք, սակայն, իւրաքանչիւրի պարագային իր ժամանակաշրջանի համապատասխան խնդիրներով եւ գուցէ այդ է գաղտնիքը, որ կարդալով Աստուածաշունչը մեր առօրեան կը տեսնենք՝ իր զանազան հարցերով: Սակայն, Աստուածաշունչի մէջ կայ հատուած մը, որ մարգարէական շունչով նկարագրած է մեր ներկան՝ մեր թուականէն աւելի քան հազարամեակներ առաջ։ Մարգարէաշունչ այդ հատուածը կը գտնենք Պօղոս առաքեալի Տիմոթէոսին ղրկած երկրորդ նամակին երրորդ գլխուն մէջ. 

«Սա եւս գիտցիր, թէ վերջին օրերուն դժուար ժամանակներ պիտի գան, որովհետեւ մարդիկ պիտի դառնան անձնասէր, դրամապաշտ, ամբարտաւան, հպարտ, հայհոյիչ, ծնողներուն անհնազանդ, ապերախտ, սրբութիւնները ոտնակոխող, տմարդի, անգութ, չարախօս, անհանդուրժող, դաժան, բարիին թշնամի, մատնիչ, անպատկառ, գոռոզ եւ աւելի հեշտանքը սիրող՝ քան զԱստուած»: 

Կը հաւատանք, որ կարելի չէ ներկայ հասարակութեան վիճակը արտայայտող աւելի յստակ ու ճշմարիտ նկարագրութիւն գտնել՝ քան հազարաւոր տարիներ առաջ գրուած այս տողերը։ Վերը յիշուած մեղքերը պատահականութեան սկզբունքով ընտրուած մեղքեր չեն. իւրաքանչիւր մեղք աղբիւրն ու պատճառն է միւս մեղքին։ Այդտեղ յիշուած առաջին մեղքը անձնասիրութիւնն է. նոյն այդ անձնասիրութիւնն է, որ Կայէնը եղբայրասպան դարձուց։ Կայէնի ԵՍ-ը կ՚ուզէր, որ Աստուած ի՛ր ընծան ընդունելի նկատէ։ Եսասիրութեան զգացումը նախանձի հետ միախառնուելով մահը տրուեցաւ մարդուն որպէս պատիժ։ Աստուածաշունչը ինք եւս կ՚ըսէ, թէ անձնասիրութիւնն ու նախանձը չարիք կը ծնին եւ այդ է պատճառը, որ մարդուն կը տրուի «սիրէ ընկերդ քու անձիդ պէս» յորդորը, որովհետեւ մարդ աշխարհի երեսին ամենէն շատ ինքն իր անձն է, որ կը սիրէ: Փիլիսոփայութեան մէջ եւս լայն տեղ տրուած է անձնասիրութիւնը ուսումնասիրելու եւ անոնց մէջէն ամենէն հետաքրքրականը անգլիացի փիլիսոփայ Ֆրանսիս Պեքընի խօսքերն են. «Անձնասէրը պատրաստ է իր հաւկիթը խորովելու սիրոյն ուրիշի տունը այրել»։ Անշուշտ, անձնասիրութիւնը մեր օրերուն յատուկ երեւոյթ մը չէ. ամէն ժամանակաշրջան ունեցած է նոյն հիւանդութիւնը, սակայն, տարբեր երեսակներով ու «հագուստ»ներով։ Մարդուն եսասիրութիւնը կը խեղդէ մարդուն մեղքի զգացումը։ Մեր օրերուն մարդ արարած իր անձնական շահը ընդհանուր շահէն վեր կը նկատէ. օրինակի համար, պատերազմի օրերուն բացայայտուեցան բազմաթի՜ւ դաւաճաններ, որոնք հակառակորդին պատերազմական տեղեկութիւններ կը փոխանցէին։ Գուցէ իրենց այդ արարքին պատճառով զոհ դարձան բազմաթի՜ւ անմեղ երիտասարդներ, սակայն, այդ մէկը զիրենք չի հետաքրքրեր, որովհետեւ անձնական շահը այդտեղ աւելի կարեւոր դեր ու տեղ ունի՝ քան մի քանի տասնեակ կամ մի քանի հարիւր երիտասարդներու կեանքը: Եսասիրութիւնը մարդուն կը պարտադրէ ընել բոլոր այն մեղքերը, որոնք անկարելի ըլլալ կը թուին, որովհետեւ եսը կ՚ուզէ յագենալ՝ ինչ պայմաններով ուզէ ըլլայ: Մեր օրերուն, սակայն, մարդիկ ստեղծած են այլ այլանդակութիւն մը. «առողջ ինքնասիրութիւն» ըսուածը, որ եսասիրութեան մեղմացած մէկ տեսակն է, սակայն, երեւոյթով ոչինչով կը տարբերի միւսէն: Այո՛, մարդ ինքնասիրութիւն պիտի ունենայ, սակայն, այդ անուան տակ իր եսասիրութիւնը հրապարակ պէտք չէ հանէ։ Չափանիշը պարզ է. առողջ ինքնասիրութիւնը մարդը կը զօրացնէ, իսկ եսասիրութիւնը պարզապէս կ՚աւերէ եւ մարդը մեղքի կ՚առաջնորդէ: 

Երկրորդ երեւոյթը, որ Պօղոս առաքեալ կը շեշտէ, դրամապաշտութիւնն է։ Չենք գիտեր, կա՞յ արդեօք ժամանակաշրջան մը, ուր մարդը աւելի դրամապաշտ ու դրամասէր եղած ըլլայ՝ քան մեր օրերը: Անշուշտ, դրամասիրութիւնը նոր երեւոյթ մը չէ. նոյնիսկ Յուդան անոր ազդեցութեան տակ մատնեց իր Տէրը Յիսուս Քրիստոսը։ ամէն ժամանակաշրջան ունեցած է այդ հիւանդութիւնը։ Դրամը դարձած է չափանիշ՝ որ մարդուն արժէքը ցոյց կու տայ, անկախ իր բարոյական, իմացական սկզբունքներուն ու սահմաններուն: Պօղոս առաքեալ Տիմոթէոսին գրած իր նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Զի արմատ ամենայն չարեաց արծաթսիրութիւն է» (Ա. Տիմ. 6:10): Հետաքրքրական է, որ Պօղոս առաքեալ ո՛չ թէ դրամը՝ արծաթը չարիք կը նկատէ, այլ անոր հանդէպ մարդուն ունեցած սէրը։ Յաճախ այնպէս կը մեկնաբանուի, որպէս թէ Յիսուս Քրիստոս հարստութեան ու դրամին դէմ ըլլայ։ Իրականութիւնը այդպէս չէ. դրամը կրնայ բարիք դառնալ՝ երբ ողորմութեան կը վերածուի, սակայն չարիք՝ երբ մարդու պաշտամունքի եւ սիրոյ կեդրոնին յայտնուի: 

Այստեղ նշուած երկու երեւոյթները զիրար կ՚ամբողջացնեն. եսասիրութիւնն ու դրամասիրութիւնը։ Մարդ իր եսէն մղուած կ՚ուզէ ձեռք բերել ամէն բան, կ՚ուզէ ամէն բան իրը դարձնել եւ մեր օրերուն դրամը մարդուն այդ կարելիութիւնը կու տայ։ Հետեւաբար, մարդ միայն մէկ մեղքով չէ՛, որ կը կործանի։ Մէկ մեղքը ինքնաբերաբար մարդուն դիմաց կը դնէ նոր մեղք մը եւ այդպէս շարունակաբար մեղքի մէջ մխրճուելով է, որ կը ծնի չարը:

•​շարունակելի…

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Անշուշտ, պայման չէ, որ գրագէտին զաւակը գրագէտ դառնայ, կամ ազգային գործիչը ազգասիրաբար վարժապետ դարձնէ նաեւ իր զաւակները: Եւ սակայն ամբողջ կեանք մը հայութեամբ եւ հայրենիքով իմաստաւորուած մարդու մը զաւակը երբ կը տեսնես, որ սիկարէթը անփոյթ թօթուելով մոխրամանին մէջ կ՚ըսէ. «Ինչպէ՞ս են մեր հայերը, աղէ՞կ են», ճիշդ այն շեշտով ու անտարբերութեամբ, ինչպէս պիտի հարցնէր հացին-միսին գինը, որովհետեւ ինք «հայերէն թերթ չի կարդար», ու յանկարծ՝ «Apropos», Լեւոն Շանթի մեռնելէն ետք իր բացած գոլէժը ինչ եղաւ, կը շարունակուի՞ թէ փակուեցաւ… «Այո՛, երբ կը լսես, կը տեսնես նման բաներ, երանի կու տաս իրենց հայրերուն, որոնք չեն տեսներ, չեն լսեր…»:

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2026