ՏՆՏԵՍԻՆ ՏԻՊԱՐՈՎ…
Տնտեսական գործունէութիւնը կ՚ենթադրէ գերակայ բարիին հասնիլ՝ ճշմարտութիւն եւ արդարութիւն ճանչնալ։ Տնտեսութիւն, որ ամենալայն առումով կը նշանակէ՝ վարել, կառավարել, մատակարարել, նպատակ ունի, նպատակ ունենալու է բարձրագոյն բարի՛ն։
«Տնտեսի կիրակի»ին խորհուրդը, ահաւասիկ, կը կայանայ շնորհները, ձիրքերը եւ տաղանդները օգտագործել՝ բարիին, ճշմարիտին եւ արդարութեան հասնելու եւ իրականացնելու համար, որպէս ապահով ճամբայ։ Ուստի, տնտեսի օրինակը մեզ կը յիշեցնէ պատրա՛ստ ըլլալ միշտ Յիսուս Քրիստոսի ներկայանալու։
Արդարեւ, մեզի տրուած, տաղանդները, յատկութիւնները այս նպատակին համար պէտք է գործածենք, այլապէս գործիքը արժէք կը ստանայ, երբ ան կը գործածուի իր նպատակին ի նպաստ՝ հաւատարիմ մնալով իր իսկական կոչումին։
Եւ մարդուս տրուած ամենամեծ, ամեակարեւոր պարգեւը, շնորհքը՝ կեա՛նքն է։ Կեանքը հարստութիւն մըն է՝ ամենամեծ հարստութի՛ւնը։ Ուստի, պէտք է լաւագոյն կերպով գործածել, օգտագործել անիկա…
Աւետարանի «Խորամանկ տնտեսը» առակը. (ՂՈՒԿ. ԺԶ 1-13), այլաբանօրէն մեզի կը ներկայացնէ մարդը՝ որպէս թէ՛ պարտապան եւ թէ տնտես։ Մարդ, արդարեւ, միշտ մեղաւոր է, ուրիշ խօսքով միշտ պարտապան է, բայց նաեւ իր ստացուածքներուն տնտեսը, այսինքն կառավարիչը։ Պարտապանները մեղաւորներն են եւ տնտես մը կու գայ անոնց պարտքները ներել անիրաւ կերպով։ Ուրեմն, տնտեսն ալ միաժամանակ պարտապանի դիրքի կը մատնուի։
Աստուած ամէն ինչ կու տայ մարդուն՝ որպէսզի ան երջանիկ ըլլայ, բայց մարդիկ շատ անգամ կը մերժեն իրենց տրուած աստուածաշնորհ այս պարգեւները եւ կը նախընտրեն «չար»ը՝ շեղուած ճամբաները։ Չէ՞ որ Աստուած տուաւ մինչեւ իսկ Իր Միածին Որդին, մարդիկ ան իսկ ուրացան, մերժեցին։ Ահաւասիկ, ա՛յս է մարդուն «սխալ տնտեսութիւն»ը՝ որ զինք կը տանի կորուստի։
Մարդ երբեմն ինքզինք մինակ կը զգայ, բայց այս զգացումը պատճառ կ՚ըլլայ, որ Աստուած հեռանայ իրմէ, քանի որ այդ հոգեվիճակին մէջ մարդ, յոռետեսութեամբ, կը կարծէ, թէ Աստուած լքած է զինք եւ այլեւս իր հետ չէ։ Ասիկա ալ սխալ տնտեսութեան օրինակ մըն է։
Աստուած մարդուն շնորհած է շնորհքներ, ինչպէս ըսինք, եւ մարդոց ամէն մէկուն տարբեր շնորհքներ, յատկութիւններ, կարողութիւններ պարգեւած է։ Եւ իւրաքանչիւր մարդ իրեն տրուած շնորհքէն պատասխանատո՛ւ է եւ պարտական՝ անոր պատշաճ կերպով գործածութենէն։
Ըսինք նաեւ, թէ մարդուն տրուած ամենամեծ հարստութիւնը կեա՛նքն է։ Կեանքը աստուածատուր շնորհք մըն է։ Ապագայի մտահոգութեամբ մարդ չի կրնար տնտեսել ճշմարիտ հարստութիւնը, քանի որ «այսօրուան հոգը իրեն կը բաւէ, վաղուանը ինք կը խորհի», ինչպէս կ՚ըսէ Յիսուս։
Երանի՜ անոր, որ ճշմարտութեամբ, արդարութեամբ կը տնտեսէ իրեն տրուած շնորհները։ Ուստի, շնորհները բարութեամբ եւ լաւագոյն պէտք է օգտագործել՝ որպէսզի Դատաստանին առջեւ արդարանանք եւ Արքայութեան շնորհներուն արժանանանք, երանելի՜ներուն կարգին դաս ուինք։ Ուստի, իր բարոյական իմաստով, տնտեսական գործունէութիւնը, կառավարուած իրեն յատուկ մեթոտներով, հոգեւոր միջոցներով, պէտք է ծաւալի, պէտք է տարածուի բարոյական-հոգեւոր կարգին սահմաններուն մէջ հաւաքական-հասարակական արդարութեան համեմատ՝ մարդուն մասին։
Մարդը որքան ալ մեղքով եւ մահով չարափոխուած ըլլայ, սակայն կը մնայ «ըստ պատկերին Աստուծոյ», ըստ պատկերին Որդիին, բայց եւ «զուրկ Աստուծոյ փառքէն». (ՀՌՈՎՄ. Գ 23), եւ զրկուած՝ «նմանութենէն»։ Այս ուղղութեամբ, Աբրահամի տրուած խոստումը կը սկզբնաւորէ «փրկութեան տնտեսութիւնը՝ որուն վախճանին Որդին պիտի ստանձնէ «պատկերը». (ՅՈՎՀ. Ա 14), (ՓԻԼ. Բ 7), եւ պիտի բարենորոգէ զայն Հօր «նմանութեամբ», Անոր վերադարձնելով Փառքը, այսինքն՝ «Կեանքը տուող» Հոգին։
Քանի որ քրիստոնեայ Տնտեսութիւնը՝ վերջնական Նոր Ուխտն է, ան ուրեմն երբեք պիտի չանցնի, հետեւաբար, մինչեւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի փառքով յայտնութիւնը այլեւս ուրիշ ո՛չ մէկ հրապարակային յայտնութիւն ակնկալելի կը մնայ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 26, 2025, Իսթանպուլ