ԽԻՂՃ ԵՒ ԳՈՒԹ

Հայերէն լեզուին մէջ կան բառեր, որոնք լուրջ վերլուծութեան կը կարօտին. այդ բառերէն են, օրինակ՝ «խիղճ», «անխիղճ» ու «խղճալի» բառերը. այս բառերուն քովը կարելի է աւելցնել նաեւ «գութ», «անգութ» ու «գթութիւն» բառերը եւ պահ մը քով քովի բերել խղճալ ու գթալ բառերը՝ որոնք իրարմէ այնքան ալ տարբեր չեն երեւիր: Այս հասկացողութիւնները յաճախ հոմանիշ կը նկատուին, սակայն, իրականութեան մէջ անոնք կրնան հոգեբանական եւ բարոյական տարբեր իմաստներ արտայայտել:

Այդ իսկ պատճառով այս գրութեամբ կ՚ուզենք ուսումնասիրել, թէ ի՞նչ է «խիղճ»ը եւ ի՞նչ «գութ»ը. խղճալը ինչո՞վ կը տարբերի գթալէն. անխիղճն ու անգութ մարդը նո՞յնն են արդեօք. սկսինք: 

Իրականութեան մէջ խիղճին եւ գութին միջեւ գոյութիւն ունեցող հիմնական տարբերութիւնը այն է, որ խիղճը հիմնուած է ներքին արժէքներու, զգացողութեան ու սկզբունքներու վրայ, մինչ գութը՝ առաւելաբար արտաքին աշխարհի հետ առնչութիւն ունի։ Բացատրենք այսպէս. խիղճը մարդուն ներաշխարհին մէջ գտնուող բարոյական զգացողութիւն մըն է, որ կը գնահատէ եւ կը դատէ մարդու արարքները, միտքերն ու մտադրութիւնները։ Խիղճը դատաւոր մըն է, որ առաւելաբար մարդու կատարած արարքները աչքէ կ՚անցընէ. կը քննէ ու կը կշռէ լոկ մարդու սեփական ընթացքը, մինչ գութը խիղճին եղբայրը ըլլալով՝ ո՛չ թէ սեփական անձին, այլ ուրիշին հանդէպ ունեցած կարեկցանքի արձագանգն է: Պարզ ու յստակ բացատրութեամբ խիղճը ներքին, իսկ գութը արտաքին երեւոյթներու վրայ հիմնուած զգացողութիւններ են: 

Անշուշտ, շատ անգամ խիղճն ու գութը միատեղ կրնան գտնուիլ. օրինակի համար՝ անօթեւան մուրացկան մը մարդուն գութը կը շարժէ. չօգնելու պարագային խիղճը անհանգիստ կ՚ըլլայ եւ կրնայ մեղադրել ինքն իր անձը չօգնելու մէջ եւ այսպիսով խիղճ ու գութ միասնաբար մարդուն վրայ ազդեցութիւն կ՚ունենան եւ մենք կը համարձակինք այս երկուքին մէջ աւելիով կարեւորել խիղճը, որովհետեւ անխիղճ մարդը կրնայ անգութ ալ ըլլալ, սակայն, գթասիրտ մարդը անխիղճ չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ գութը հաստատուած է մարդուն ներքին արժէքներուն վրայ եւ խիղճը այդ արժէքները միաւորող, դատող ու կշռողն է: Իրարմէ տարբեր ըլլալով հանդերձ զիրար կ՚ամբողջացնեն, որովհետեւ խիղճը բարոյական պատասխանատուութիւն կը ստեղծէ մարդուն մէջ եւ անոր գործնական արդիւնքը կ՚ըլլայ գութը՝ որ մարդուն եւ արտաքին աշխարհին մէջ կապ կը ստեղծէ: 

Շատեր կը հաւատան, որ խիղճը մարդուն մէջ ի վերուստ, Աստուծոյ կողմէ տրուած զգացողութիւն մըն է. այս մէկը ճիշդ չենք նկատեր, որովհետեւ կը հաւատանք, որ խիղճը հայելին է մանուկին փոխանցուած դաստիարակութեան եւ արժէքներուն։ Իրականութեան մէջ խիղճը դասագիրք մը չունի, որպէսզի մանուկը կարդայ եւ սորվի. մանուկին մէջ խիղճը զարգացնելու մեծագոյն աղբիւրը ընտանիքի մը կենդանի օրինակն է, որովհետեւ շատ մը արժէքներ՝ ինչպէս օրինակ՝ արդարութիւն, ազնուութիւն, պատասխանատուութիւն եւ շատ մը ուրիշներ, զաւակ մը իր ծնողքէն կը ժառանգէ: Օրինակի համար՝ երբ զաւակ մը տեսնէ, թէ ինչպէս իր մայրը կամ հայրը անօթեւան աղքատ մը կը կերակրեն, ինքնաբերաբար կրթուած կ՚ըլլայ անոր խիղճն ու գութը: Կեանքի մէջ ամէն արժէք չէ, որ խօսքով կը փոխանցուի, որովհետեւ մանուկը եթէ խօսքին դիմաց գործը չտեսնէ՝ այդ արժէքը չ՚ընդօրինակեր. օրինակի համար՝ մայր մը բազմիցս թող ըսէ իր զաւակին, թէ գողութիւնը լաւ չէ, սակայն շարունակէ գողնալ իր զաւակին աչքին դիմաց, թող չսպասէ, որ այդ զաւակը ատէ գողութիւնը եւ գողութիւնը զաւակին խիղճին մէջ տեղ պիտի չունենայ, որովհետեւ այդ մէկը դուրս մնացած պիտի ըլլայ իր դաստիարակութենէն: 

Մանուկին մէջ խիղճը զարգացնելու միւս կարեւոր ազդակը այն է, որ մանուկը հասկնայ, թէ մարդկային կեանքին մէջ իւրաքանչիւր արարք ունի իր հետեւանքները եւ խիղճին պարտաւորութիւնն է նժարի վրայ դնել այդ հետեւանքները՝ նախքան որոշում առնելը: Այդ հետեւանքներուն մասին մտածելը ինքնաբերաբար մարդուն մէջ կը ստեղծեն ուրիշներուն զգացումները հաշուի առնելու առաքինութիւնը եւ եթէ մարդ յաջողի լաւապէս կարեւորութիւն տալ հետեւանքներուն ու ուրիշներու զգացումներուն, այդ ժամանակ կ՚ըլլայ թէ՛ գթասէր եւ թէ բարոյականութեամբ բարձր խիղճի տէր անձ: 

Խիղճը զարգացնելու համար նախ մանուկին պէտք է սորվեցնել, թէ ի՛նչն է չարը եւ ի՛նչ բարին. պէտք է անոր մէջ զգացնել մեղքի զգացումը. շատեր բացասական կը նկատեն մեղքի զգացումի ուսուցումը՝ մտածելով, որ մանուկի «հոգեբանութեան» յարմար չէ. այն անձը, որ չունի մեղքի զգացում, չ՚ունենար նաեւ խիղճ, չ՚ունենար նաեւ գութ: 

Այդ մեղքի զգացումի պակասն է, որ այսօր մեր աշխարհը լեցուած է չարութեամբ. եթէ գողը մտածէր, թէ ինչպիսի նիւթական վնասներ կը պատճառէ դիմացինին, արդէն գողութիւն չէր ըներ. եթէ ոճրագործը հասկնար, թէ ինչպիսի տխրութիւն ու սուգ կը պատճառէ իր զոհի ընտանիքին, ոճրագործութիւն չէր ըներ:

Մարդկային խիղճը դաստիարակութեան արդիւնք է. ճիշդ դաստիարակութիւնը գթասիրտ մարդիկ կը ստեղծէ, իսկ անտարբեր ու սխալ մօտեցումը՝ գողեր, ոճրագործներ ու չարութիւն: 

Մեր այս գրութիւնը կ՚ուզենք վերջացնել Յովհաննէս Թումանեանի յայտնի բառերով. «Անխիղճ մարդուն համար աշխարհը բանտ է, խիղճով մարդուն համար՝ ազատ երկինք». երանի անոր՝ որ ինքզինք ազատ երկինքի տակ կը զգայ:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ո՞վ է աշխարհի ամենէն անխիղճ մարդը:

Պատասխան. Աշխարհի ամենէն անխիղճ մարդը կրնայ անհատ մը չըլլալ։ Անխիղճ են անոնք, որոնք իրենց շահերուն, իշխանութեան ու անձնական ցանկութեան համար գիտակցաբար վնաս կը պատճառեն ուրիշներուն եւ խիղճի խայթ չեն զգար: Անխիղճներ են այն առաջնորդները, որոնք պատերազմներ կը հրահրեն, խոշտանգումներ կ՚իրականացնեն, բռնապետեր կը դառնան, մարդկանց կը շահագործեն ու կը խաբեն եւ միայն իրենց օգուտները կը հետապնդեն: Նման անխիղճներ ո՛չ միայն իրենց գործողութիւններով, այլ անտարբերութեամբ եւս վնաս կը պատճառեն:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մարտ 27, 2025