ԱՆԻՄԱՍՏ ՎԷՃԵՐԷ ՀԵՌՈ՛Ւ…
«Բայց յիմարական եւ անիմաստ վէճերէն մէկդի քաշուէ, գիտնալով որ անոնցմէ կռիւներ կը ծնանին։ Տէրոջը ծառան պէտք չէ կռուի, հապա հեզահոգի ըլլայ ամենուն, սորվեցնող, ոխ չպահող. քաղցրութեամբ խրատէ՝ հակառակ կեցողները, որ թերեւս Աստուած ապաշխարութիւն տայ անոնց՝ ճշմարտութիւնը ճանչնալու համար». (Բ ՏԻՄԹ. Բ 23-25)։
Պօղոս առաքեալի Տիմոթէոսի ուղարկած երկրորդ նամակին մէջ գրուած վերոյիշեալ հատուածին տողերուն յանձնարարութիւնները հաշտ եւ խաղաղ ընկերային կեանքի մը համար անհրաժեշտ խօսքեր են, եւ մանաւանդ անոնց համար, որոնք «Տէրոջը ծառաներ» են եւ կամ իրենք զիրենք այդպէս կը զգան։
Անոնք որոնք կոչուած են ընկերութեան մէջ խաղաղութիւնը եւ հաշտութիւնը հաստատելու, ապահովելու եւ տեւականացնելու, աւելի եւս պարտաւոր են պարտք համարել այս խօսքերը…
Արդարութեամբ, անաչառութեամբ եւ մա՛նաւանդ քաղցրութեամբ եւ հեզութեամբ պարտաւոր են սորվեցնեն «Տէրոջը ծառաներ»ը մարդոց։ Արդարեւ, անհատներու եւ ընկերութեան մէջ եթէ Սէրը տիրական ըլլայ, եւ ատելութիւնը, հակառակութիւնը, գարշանքը հեռանայ, հոն խաղաղութիւնը տիրական կ՚ըլլայ։ Եւ յաճախ կը կրկնենք եւ կը շարունակենք կրկնել, թէ՝ եթէ կա՛յ Սէրը, այլապէս ինչո՞ւ ատելութիւն, եւ եթէ կա՛յ խաղաղութիւն, հապա ինչո՞ւ խռովասիրութիւն, աղմկասիրութիւն եւ կռուասիրութիւն…
Սրտի խաղաղութիւնը կը դատապարտէ մահագործ բարկութեան եւ ատելութեան անբարոյականութիւնը։ Բարկութիւնը փափաք մըն է վրէժխնդրութեան։ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի կ՚ըսէ թէ՝ «վրէժխնդրութիւնը բաղձալ պատժի արժանացած մարդուն գործած գէշութեան համար, ապօրինի է». գովելի է սակայն անոր հատուցում պարտադրել «մոլութիւնները սրբագրելու եւ արդարութիւնը պահպանելու համար»։
«Ո՛վ որ բարկանայ իր եղբօրը, պարտաւոր պիտի ըլլայ դատաստանի». (ՄԱՏԹ. Ե 22)։
Կամաւոր ատելութիւնը հակառա՛կ է սիրոյ։
Մերձաւորին ատելութիւնը մե՛ղք մըն է, երբ ան ազատակամօրէն անոր չարիքը կը ցանկայ։ Մերձաւորին ատելութիւնը ծանր մեղք է, երբ ազատակամօրէն անոր ծանր վնաս մը կը մաղթէ։ «Բայց Ես կ՚ըսեմ ձեզի. սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները, աղօթեցէ՛ք ձեզ հալածողներուն համար, որպէսզի որդիներ ըլլաք ձեր Հօրը՝ որ երկինքն է…». (ՄԱՏԹ. Ե 44-45)։ Արդարեւ, «թշնամի»ն սիրել՝ մարդկային բնութեան համար անսովոր եւ դժուար իրականացնելի զգացում մըն է, բայց պէտք է նկատի ունենալ եւ ընդունիլ, որ «դժուար»ը իրականացնել աւելի մեծ եւ գնահատելի յաջողութիւն մը՝ յաղթանա՛կ մըն է։
Մարդկային անհատական եւ ընկերային կեանքին յարգանքը եւ աճումը՝ «խաղաղութիւն» կը պահանջեն։
Խաղաղութիւնը, ինչպէս յաճախ կրկնած ենք, միայն կռիւի, պատերազմի չգոյութիւնը չէ՛. ասիկա «արտաքին խաղաղութիւն»ն է։ Բայց խաղաղութիւնը չի սահմանափակուիր միայն հակադիր ուժերուն հաւասարակշռութիւնը պահպանելով։
Երկրի վրայ խաղաղութիւնը կարելի չէ ձեռք ձգել առանց անձերուն անհատական ներքին խաղաղութեան։ Կարելի չէ նաեւ անձերուն եւ ժողովուրդներուն արժանապատուութեան յարգանքին, առանց եղբայրակցութեան եւ մարդասիրական զգացումները նկատի առնելով ընկերային խաղաղութիւնը ստեղծել։
Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ, թէ՝ «խաղաղութիւնը կարգ եւ կանոնին անդորրութիւնն է»։ Նաեւ. «Խաղաղութիւնը արդարութեան գործն է». (ԵՍ. ԼԲ 17)։ Եւ այս իմաստով, խաղաղութիւնը սիրոյ արդիւնքն է։
Երկրաւոր խաղաղութիւնը պատկերը եւ արգասիքն է Քրիստոսի խաղաղութեան. «Իշխան՝ մեսիական խաղաղութեան». (ԵՍ. Թ 5)։ Իր Խաչին Արիւնովը, Ան սպաննեց ատելութիւնը Իր Մարմինին մէջ. (ԵՍ. Բ 16), (ԿՈՂ. Ա 20-22). հաշտեցուց մարդիկը Աստուծոյ հետ եւ ըրաւ Իր Եկեղեցին մարդկային ցեղին միասնականութեան եւ Աստուծոյ հետ անոր միութեան սուրբ խորհուրդը։ «Ան մեր խաղաղութիւնն է». (ԵՓՍ. Բ 14), եւ Ան կը յայտարարէ. «Երանի՜ խաղաղարարներուն». (ՄԱՏԹ. Ե 9)։
Արդարեւ, «Երանիներ»ը կը համապատասխանեն մարդուն երջանկութեան բնական բաղձանքին. մարդ անտարակոյս երջանիկ ապրիլ կ՚ուզէ, եւ այդ երջանկութեան նախապայմանն է՝ սէրը, որ կը ստեղծէ ներքին խաղաղութիւնը եւ կանգուն կը պահէ բարոյական մարդը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 26, 2025, Իսթանպուլ