ՄՈԳԱԿԱՆ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆ

Մարդ արարած իր երկրաւոր կեանքին ընթացքին մի՛շտ ալ փնտռած է իմաստ, ուժ եւ ճշմարտութիւն եւ գուցէ այդ փնտռտուքին լոյսին տակ է, որ հազարաւոր տարիներ առաջ ծնունդ առած է «Մոգական գիտութիւն»ը, որ մարդուն կատարած փորձն է անտեսանելին տեսնելու: «Մոգական» այս «գիտութիւն»ը կը փորձէր (գուցէ մինչեւ օրս ալ կը փորձէ) բնական ու տրամաբանական սահմաններէն անցնիլ, մինչ ճշմարիտ գիտութիւնը մինչեւ օրս կը մերժէ զայն ընդունիլ՝ այդ բոլորը ամբաստանելով որպէս խաբէութիւն: Արդի գիտութիւնը կը փորձէ ամէն բան ապացուցել, կանոնագրել եւ չափել, մինչեռ «Մոգական գիտութիւն»ը կը մերժէ այդ սահմանները, միշտ ալ դէմ յանդիման գտնելով կասկածի դիմաց: Մոգական այդ գիտութիւնը իր գոյութիւնը կը պահէ մինչեւ օրս՝ բախտագուշակութիւն եւ կամ «սատանայական» որակումներու տակ, որովհետեւ թէեւ գիտութեան կողմէ մերժուած, սակայն մարդ արարած միշտ չէ՛, որ միտքով ու տրամաբանութեամբ կը մօտենայ երեւոյթներուն. սիրտը եւ համոզումը մեծ տեղ ու դեր ունի եւ մոգական այդ գիտութիւնը հակառակ ամէն տեսակի զարգացումներուն, կը շարունակէ տեղ գտնել մարդոց մէջ: 

Անշուշտ, «Մոգական գիտութիւն»ը խաբէութիւն նկատուած է, որովհետեւ դարերու ընթացքին չարամիտ մարդիկ լաւապէս կրցած են օգտուիլ առիթէն եւ խաբած են բազմահազար մարդիկ, որովհետեւ իւրաքանչիւր ազգ ունի խոցելի եւ միամիտ դասակարգ մը՝ որուն կարելի է դիւրութեամբ խաբել: Անշուշտ, գիտակից դասակարգը ինքզինք ցոյց կու տար, որ ամբողջութեամբ հեռու է այդ մոգական գիտութենէն, սակայն թէ՛ անցեալին եւ թէ այսօր շատ անգամ զարգացածները եւս իրենց հետաքրքրութիւններուն տեղի տալով կը հետեւին ու իրենց կեանքին մէջ տեղ կու տան այդ «գիտութեան» եւ այդ բոլորը կը կատարեն «պարզ խորհուրդ հարցնելու» անուան տակ: 

Անշուշտ, ո՛չ միայն ներկայ գիտութիւնը, հազարամեակներ առաջ եւ մարդիկ լուրջ պայքար կը մղէին այդ «գիտութեան» եւ այդ գիտութեան գլուխը գտնուողներուն դէմ. օրինակի համար Ելից գիրքին մէջ կը կարդանք. «Պիտի չի՛ ձգես կախարդ կինը ապրի». այլ արտայայտութիւն մը կը գտնենք Ղեւտացւոցին մէջ. «Մի՛ երթաք կախարդներուն, մի՛ փնտռէք անոնց, որպէսզի չի պղծուիք»: Անշուշտ, Հին կտակարանի մէջ կարելի է գտնել անձեր եւս, որոնք տարբեր առիթներով կը դիմեն կախարդներու. ինչպէս օրինակ՝ Սաւուղ թագաւորը. քանի՜ քանի անգամ երազներու մեկնութիւն տալու համար կանչուեցան անոնք։ Օրինակ Դանիէլի մէջ կը կարդանք, թէ թագաւորը իր երազներուն իմաստ ու բացատրութիւն տալու համար կը կանչէ մոգեր, գուշակներ ու կախարդներ: Անշուշտ, Նոր կտակարանի մէջ եւս կը տեսնենք մոգերու, աստղագուշակներու եւ կախարդներու ներկայութիւնը. անոնցմէ են օրինակ Քրիստոսի Ծնունդի դրուագին մէջ յիշուած երեք մոգերը: Կարելի է յիշել Գործք Առաքելոցի մէջ յիշուած Սիմոն եւ Ելիմ մոգերը: 

Անշուշտ, այնպէս ինչպէս Հին կտակարանին, այնպէս ալ Նոր կտակարանին մէջ կը տեսնենք երազներու կարեւորութիւնը. օրինակի համար՝ Յովսէփ երազին մէջ կը տեսնէ հրեշտակը՝ Մարիամի առնչութեամբ (Մատթէոս 1:20). նոյն Մովսէսը կը տեսնէ երազ Հերովդէս թագաւորէն ազատելու համար Եգիպտոս երթալու:

Այս կախարդութիւններն ու մոգութիւնները դատապարտելի էին թէ՛ ժողովուրդի կողմէ եւ թէ հոգեւոր դիտանկիւնէն։ Կախարդութիւնն ու մոգութիւնը կը դիտուէր որպէս հաւատքի դաւաճանութիւն եւ փորձ՝ հասկնալու եւ վերահսկելու համար ապագան: 

Անշուշտ, այս բոլորին լաւ կամ վատ ըլլալը միշտ եղած է հարցական, որովհետեւ մարդ արարած միշտ հաւատացած է, թէ կայ ուժ մը՝ մարդոց անծանօթ եւ այդ մէկը լուծելը կարելի թէ անկարելի է՝ յստակ չէ մարդոց համար: Օրինակ՝ եթէ դիմենք հին փիլիսոփայութեան, այդ խառն վիճակը աւելի կարելի կ՚ըլլայ հասկնալ. Պղատոն իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ. «Բնութիւնը ունի գաղտնի ուժեր եւ այդ ուժերը հասկնալը մոգութեան նման է». այլ փիլիսոփայ մը կ՚ըսէ. «Այն ինչ որ վերը կայ՝ կայ նաեւ վարը եւ այն ինչը որ կայ վարը՝ կայ նաեւ վերը. եւ այս է մոգութեան մեծ խորհրդածութիւնը»: Անշուշտ, կային նաեւ այլ փիլիսոփաներ, որոնք այդ ուժը եւս մարդկային ծնունդ նկատելով մոգութիւնը, կախարդութիւնը եւ անոր հետ աղերս ունեցող բոլոր «գիտութիւն»ները խաբէութիւն կը նկատէին։ Օրինակի համար՝ Ժան Փոլ Ռիչեր կ՚ըսէ. «Մոգութիւնը մարդկային երեւակայութեան ամենէն հզօր փորձն է՝ բացատրելու այն՝ ինչ որ դեռ չէ հասկցուած»: 

Իսկ անդին ուրիշներ մոգութիւնը կը փորձէին նմանեցնել ներկայ հոգեբանութեան, որովհետեւ մոգերը երազը մեկնելու ժամանակ ի նկատի կ՚ունենային մարդու խառնուածքը, մտածելակերպը, անցեալը եւ համոզումները եւ այդ մէկը հոգեբանական գիտութիւն որպէս կը դիտուէր՝ որով «մոգ»ը կրնար լաւապէս հասկնալ մարդը: 

Մոգերը, կախարդները հիմնականին մէջ կը զբաղուին մի քանի երեւոյթներով.

Ա.- Երազներու մեկնութիւն.- Մոգերը կը հաւատան, որ իւրաքանչիւր երազ իր մէջ ունի աստուածային նշան մը: 

Բ.- Ապագայի գուշակութիւն.- Մոգերը կը պնդէին, թէ իրենք կրնան կանխատեսել ապագան եւ տեսնել այն՝ ինչ որ տեսանելի չէ մարդոց: 

Գ.- Կապել ու արձակել.- Մոգերը կը հաւատային, որ իրենց խօսքը ունի գերբնական ուժ եւ իրենք իրենց խօսքերով կրնային անիծել եւ կամ հակառակը՝ անէծքէ դուրս հանել անհատը: 

Դ.- Կախարդական դեղամիջոցներ.- Մոգերը կը հաւատային, որ իրենք ունին մարդը բուժելու եւ անոր անհրաժեշտ դարմանը տալու միջները: 

Անշուշտ, կարելի է շարքը երկարել, սակայն, հիմնական գործողութիւնները ասոնք են, եւ յառաջիկայ մեր յօդուածներուն մէջ մաս առ մաս պիտի խօսինք իրաքանչիւրին մասին՝ քով քովի բերելու համար մոգական գիտելիքն ու ճշմարիտ գիտութիւնը: 

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ո՞վ եղած է աշխարհի ամենէն յայտնի մոգ-կախարդը:

Պատասխան. Շատերու կարծիքով, աշխարհի ամենէն յայտնի մոգ-կախարդը եղած է Հարի Հուտին՝ որ վարպետութեամբ եւ գաղտնի հնարքներով հմայած էր միլիոնաւոր մարդիկ: Սակայն, գրական եւ մշակութային ժառանգութեան մէջ ամենէն յիշուած, ամենէն զօրաւոր անունը Հերմես Տրիսմեկիստոսն է, որուն կը վերագրուի «Զմռուխտէ քառասալիկը» եւ աստղագիտութեան եւ մոգական գիտելիքներու սկզբնաղբիւրը: Ան մեծ ազդեցութիւն ունեցած է միջնադարեան եւ Վերածնունդի գաղտնագիտութեան դպրոցի զարգացման գործին վրայ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յունիս 27, 2025