ՍԽԱԼ ՎԱՐՄՈՒՆՔՆԵՐ
Կեանքի մէջ կան սխալներ՝ որոնք ողբերգական հանգամանք կը ստանան յաճախ։ Ուստի, ողբերգական բան մըն է տեսնել չափահաս տղու մը ինքնահաւան տեսքը, երբ կատարեալ պաղարիւնութեամբ, բացարձակ վստահութեամբ եւ ակներեւ հպարտութեամբ իր ընկերներուն կ՚ըսէ.- Հայրս ստիպուա՛ծ է իմ կամքս կատարել ամէն ատեն…
Այս զաւկին կեանքը պիտի նմանէր փոթորկայոյզ ծովու վրայ բուռն հովերուն առագաստները բացած եւ իր բախտին ձգուած նաւակի մը՝ որուն կործանումը վերահաս է։
Նոյնքան ողբերգական է տեսնել զարգացած, ողջամիտ եւ փորձառու հայր մը՝ որ հակառակ իր դատողութեան եւ կամքին՝ ինքզինք ստիպուած կը զգայ ամէն ուզածը կատարել իր անփորձ զաւկին՝ որուն մէջ կամապաշտութիւնը եւ յամառութիւնը յիմարութեան աստիճանին հասած են։
Եւ սակայն, ոչինչ աւելի ողբերգական է՝ քան տեսնել այս տեսակ երկու կամքերուն բախումը՝ որ վերջանայ զաւկին կամքին յաղթանակով։ Ողջամտութեան եւ խղճին պարտականութի՛ւնն է այդ՝ քմայքին առջեւ։
Ընտանեկան եւ ընկերային կեանքի մէջ քիչ կարելի է երեւակայել ասկէ աւելի եղերական պարտութիւն մը։
Եւ սակայն, խնդիրը այդքան պարզ չէ եւ դիւրին չէ լուծել։ Ահա, թէ ի՞նչ է հարցը։
Զաւակը քմայքներ կամ փափաքներ ունի. վնասակար եւ անտեղի եւ թերեւս ծնողքին եւ ընտանեկան յարկին ալ հակառակ եւ նոյնիսկ անպատուաբեր։ Ծնողքը ուղիղ դատողութեամբ եւ խիղճով կը հակառակի քմայքին այս զաւկին, որ կը պնդէ, կը սպառնայ եւ մինչեւ իսկ եղերական ըլլալու չափ առաջ կ՚երթայ։ Ծնողքը պէ՞տք է տեղի տայ, թէ ո՛չ։
Տեսականօրէն դիւրին է հարցը լուծել, ամէն ողջամիտ մարդ պիտի ըսէ, թէ ծնողքը տեղի տալու չէ՛։
Բայց գործնականին մէջ նոյնքան դիւրին չէ այս հարցը լուծել։ Որդեսէր ծնողք մը, եւ բնականաբար բոլոր ծնողներ անշուշտ որդեսէր են, երբ այս տեսակ երկընտրանքի մը առջեւ կը գտնուի, չի կրնար իր զաւկին կորստեան գաղափարին հետ դիւրաւ հաշտուիլ։
Միւս կողմէն, ի հեճուկս ընդհանուր կեանքի փորձառութեան, դաստիարակութեան եւ դատողութեան լոյսերուն, զաւակներու սպառնալիքին առջեւ տեղի տալ, հակառա՛կ է ամէն առողջ սկզբունքի, ներհա՛կ է դեռահասներու իսկ բարձրագոյն շահերուն։
Արդարեւ, նոր բան մը ըսած պիտի չըլլանք, երբ հոս աւելցնենք, թէ ընտանեկան յարկերուն մէջ բռնապետ զաւակներու ողբերգութեան բուն պատճառն է ծնողներու անտարբերութիւնը, անհոգութիւնը, անձնասիրութիւնը եւ մասամբ տգիտութիւնը։
Ծնողական պարտականութիւններու մէջ աններելի զանցառութիւն մը եւ զաւակներուն ապօրէն քմայքները մշակելու եւ զարգացնելու միջոց մըն է սա իրողութիւնը, որ շատ անգամ ծնողներ իրենց զաւկին լացին պատճառած տաղտուկէն ազատուելու, կամ իրենց լրագրին կամ գիրքին ընթերցումը կամ հեռատեսիլի հաճոյքը չընդհատելու համար տղոց ուզածը անմիջապէ՛ս կը կատարեն՝ առանց ուզուածը դատողութեան բովէն անցընելու։ Դարձեալ ծանօթ ճշմարտութիւն մը՝ խիստ կարեւոր է, որ ծնողներ զբաղին իրենց տղոց հետ անսահման համբերութեամբ եւ ժամանակ տան տարհամոզելու զանոնք, իրենց անպէտ կամ անյարմար մէկ փափաքէն, եւ վճռականապէս զգացնելով հանդերձ, թէ իրենց կամքին կատարուիլը միայն անհրաժե՛շտ է, տրամաբանութեամբ, իմաստութեամբ եւ որով բացատրեն անոնց օրինաւոր եւ ապօրէն փափաքներուն տարբերութիւնը։
Ակնարկուած այս պայմաններուն չգոյութիւնը ընտանեկան յարկերու բազմաթիւ ողբերգութիւններու գլխաւոր պատճառներէն մին է։ Բայց ի՞նչ ըսել այն ծնողներուն համար, որոնք կարելի ամէն միջոց գործածելով հանդերձ եւ իրենց ծնողական պարտականութիւնը խղճմտօրէն կատարելով միատեղ, գուցէ տղուն ժառանգական, անզուսպ մէկ բնաւորութեան պատճառով, չեն կրցած ուղղել իրենց զաւկին կամքը եւ վստահութեամբ եւ պարծանքով ըսել.- Հայրս ստիպուած էր իմ կամքս կատարել ամէն անգամ։
Եւ ասիկա ողբերգութենէն աւելի՛ աղէտ մըն է…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ