ԿԵԱՆՔԷՆ ԱՒԵԼԻ ԱՐԺԷՔԱՒՈՐԸ
Ի՜նչ ցաւալի տեսարան եւ ի՜նչ մեծ կորուստ։ Կեանքի մէջ ամէն տեսակ ճոխութիւն եւ առատութիւն վայելող մէկը տխուր է տակաւին…
Եւ ներկայիս հազարաւոր եւ միլիոնաւոր մարդիկ կը տառապին ապերջանկութենէ։ Ասիկա գիտական հիմքի վրայ կատարուած վիճակագրութիւններով ապացուցուած անուրանալի իրականութիւն մըն է։
Աշխարհի վրայ ապրող իւրաքանչիւր էակ, ի՛նչ դասակարգի ալ պատկանի, ի՛նչ դիրք ալ ունենայ, իր սրտին մէջ հոգեկան լայնածաւալ պարապութիւն մը ունի։ Ուստի, հանդիպած ենք ծերունի հայրերու, մայրերու՝ որոնք կ՚ուզեն միշտ ուրախանալ, մխիթարուիլ, ժպտիլ եւ խնդալ, անոնք բնաւ չեն սիրեր ցաւը եւ տրտմութիւնը, վիշտը եւ արցունքը։
Հանդիպած ենք երիտասարդ եւ երիտասարդուհներու՝ որոնց մէջ միակ նպատակն է. ուտել, խմել, զուարճանալ, կեանքը վայելել եւ ուրախ ըլլալ. (ՂՈՒԿ. ԺԲ 19)։ Հաճոյքի համար անվայել վայրեր կը յաճախեն ոմանք. ոգելից ըմպելիներու, ծխախոտներու, զանազան թմրեցուցիչներու մէջ կը փնտռեն կեանքի նպատակը՝ սուտ եւ կարծեցեալ երջանկութիւնը. ինչո՞ւ այս բոլորը… Որպէսզի վայելեն կեանքը եւ քիչ մը աւելի ուրախ ըլլան՝ ժամանակաւոր սուտ երջանկութեան մը մէջ…
Բայց երբ այդ բոլոր «թմրեցուցիչներ»ուն ազդեցութիւնը մարի, անվայել վայրերու, բախտախաղի եւ հաճոյքներու դռները գոցուին, անոնց ձեռք ձգած ժամանակաւոր հաճոյքն ալ, վայելքն ալ կը փարատին եւ տրտմութեան սեւ խաւարը կը մթագնէ, կը պատէ ենթականերուն սրտերը, նման այն ասուպին՝ որ մի քանի րոպէ լուսաւորել կը ձեւացնէ մութ երկնակամարը եւ իսկոյն անհետ կը կորսուի եւ դարձեալ մութը կը պատէ։
Աստուծոյ Խօսքն է. «Ամբարիշտները խաղաղութիւն պիտի չունենան». (ԵՍԱՅ. ԾԷ 21)։ Իրականութիւնը ա՛յն է, որ ամէն մարդ իր սրտին մէջ ունի այդ տխրութիւնը։ Այսօր երբ մեծահարուստի մը ըսուի, թ՝ քու բոլոր ունեցածդ քեզմէ պիտի առնուի, ի՞նչ պիտի ըլլայ անոր դիրքը…։ Իսկ եթէ, նոյնի՛սկ վրանի տակ ապրող հաւատացեալի մը որպիսութիւնը հարցնենք, ան հանդարտ խղճով եւ ուրախ սրտով Աստուծոյ շնորհակալութիւն պիտի յայտնէ եւ գոհութիւն պիտի յայտնէ իր գտնուած վիճակին մէջ. (ՓԻԼ. Դ 11-13)։ Ի՜նչ մեծ տարբերութիւն՝ հարուստ մարդը իր երջանկութիւնը կը փնտռէ իր ունեցուածքին մէջ, իսկ աղքատ հաւատացեալը՝ իր Աստուծոյն մէջ։ Այս ճշմարտութեան կարելի է ականատես ըլլալ կեանքի ամբողջ ընթացքին՝ ամէնուրեք։
Այսօր եւ տակաւին մարդոց աչքերէն շատ տեղեր արցունք կը հոսի։ Պատճառը ա՛յն է, որ մարդուն երջանկութիւնը կախում ունի ստացուածքին աւելնալէն։ Հեղ մը եթէ հետեւեալ թուաբանական պարզ հաշիւը կարելի է ընել, որով տխուր եզրակացութեան պիտի հասնուի։
Մարդ - ստացուածք = Տխուր մարդ։
Մարդ + ստացուածք = Անյագ մարդ։
Սակայն, հաւատացեալի պարագային արդիւնքը բոլորովին տարբեր է։ Անոր երջանկութիւնը սրտէն կը բխի, ան երբեք կախեալ չէ՛ արտաքին ժամանակաւոր եւ վաղանցուկ շարժառիթներէ։ Կեանքի մէջ պատահած նեղութիւնները եւ յաջողութիւնները, պատուհասները եւ արկածները երբեք չեն կրնար ազդեցութիւն գործել անոր ստացած հոգեկան ներքին խաղաղութեան վրայ։ Ան կապուած է երջանկութեան աղբիւրին՝ Տէր Յիսուսի, ասկէ ետք ո՛չ ոք կարող է բաժնել զինք Քրիստոսէ։ Սուրը, սովը, անօթութիւնը կամ ծարաւը, նոյնիսկ վտանգը եւ մահը իշխանութիւն չունին զայն Փրկչէն զատելու. (ՀՌՈՎՄ. Ը 38-39)
Ահաւասիկ ա՛յս է իսկական երջանկութիւնը՝ որ կեանքէն աւելի՛ թանկագին է։
Սիրելի՜ բարեկամ, սիրելի՜ թանկագին հոգի, թէեւ քեզ մօտէն չեմ ճանչնար, բայց կ՚ուզեմ որ գիտնաս թէ Յիսուս քեզի համար ալ Իր արիւնը թափեց, որպէսզի դո՛ւն ալ զԻնք ընդունելով յաւիտենական կեանք ունենաս. (ՅՈՎՀ. ԺԷ 3)։ Ալ մի՛ փորձեր մեղքի ճամբով ուրախութիւն եւ երջանկութիւն գտնել։ Ինչպէս որ ծովուն ջուրը չի կրնար մարդուն ծարաւը յագեցնել, նո՛յնպէս ալ աշխարհի մեղսալից հաճոյքները չեն կրնար մարդուն սիրտը եւ խիղճը հաճեցնել։
Ուստի, առանց ժամանակ կորսնցնելու ընդունէ Յիսուսը՝ որպէս Փրկիչ եւ որպէս խաղաղութեան աղբիւր։ Այս «անիծեալ» աշխարհէն օրհութիւն մի՛ ակնկալեր։ Միթէ կարելի՞ է փուշերէն խաղող սպասել. (ՄԱՏԹ. Է 16)։ Եթէ կ՚ուզես խաղաղութեան եւ ճշմարիտ երջանկութեան տիրանալ, անպայմա՛ն պէտք ունիս Քրիստոսի փրկարար երջանկաբեր զօրութեան…
Այո՛, այս կեանքը թանկագին է, քանի որ ան Աստուծոյ պարգեւն է մարդուս, բայց յարատեւ ուրախութեան եւ երջանկութեան կը կարօտի եւ զայն ունենալու, վայելելու համար մեղքերու թողութեան պէտք ունի. իսկ մեղքերուն թողութիւն եւ մեղաւորին փրկութիւն կրնայ շնորհել միայն Քրիստոս. «Վասնզի Յիսուսի անունէն զատ ուրիշ անուն մը չկա՛յ երկինքի տակ մարդոց մէջ տրուած, որով կարող ըլլանք փրկուիլ». (ԳՈՐԾՔ. Դ 12)։
Ուրեմն, սիրելի՜ բարեկամ, սիրելի՜ թանկագին հոգի, հաճէ ընդունիլ Քրիստոսը որպէս Քու Փրկիչդ՝ այսօր իսկ, եւ տո՛ւր քու սիրտդ Անոր, ամբողջութեամբ…
Սիրելի՜ բարեկամ, սովորաբար մենք մարմնական առողջութիւնը երջանկութեան պատճառ կ՚ընդունինք, բայց մարդ նաեւ հոգի՛ է եւ հոգիի առողջութիւնն ալ անհրաժե՛շտ է։ Ուստի, հոգեւոր ներքին խաղաղութիւնը անհրաժե՛շտ է նաեւ մարմնական խաղաղութեան եւ, անշուշտ, կատարեալ երջանկութեան համար, նաեւ ասիկա ապացուցուա՛ծ է կեանքի ընդհանուր փորձառութեամբ եւ ի՜նչ մարմնական հիւանդութիւններ բժշկուած են հոգեկան ներքին խաղաղութեամբ, որուն աղբիւրն է Յիսուս Քրիստոս…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
•շար. 2 եւ վերջ