ԿԵՆՍԱԲԵՐ ՀԱՑԸ

Հացը անհրաժեշտ տարր մըն է կեանքը տեւականացնելու համար, քանի որ մարմինը սնունդի կը կարօտի եւ առանց հացի կարելի չէ ապրիլ աշխարհի վրայ։ Հացը հիմնական նիւթն է սնանելու, քանի որ ուտելով կարելի է սնանիլ եւ պատահական չէ, որ ընդհանրապէս ճաշելու համար կը գործածուի «հաց ուտել» ասացուածքը, ինչպէս նաեւ երբ մարդ կ՚աշխատի իր եւ իրեններուն օրապահիկը շահելու համար՝ կ՚ըսուի. «Հացի դրամ շահելու համար աշխատիլ» խօսքը։

Երբ մարմինը հացի կը կարօտի, հապա հոգի՞ն։ Մարմինը մարդուն միայն մէկ երրորդն է, քանի որ մարդ միայն մարմին չէ, այլ հոգի եւ միտք։ Այս պատճառով, հոգին եւ միտքն ալ բարոյական հացի կը կարօտին՝ որպէսզի ազնուանան եւ զարգանան։ Միտքը զարգացնելու միջոցը՝ ուսում, կրթութիւն եւ փորձառութիւն է, որոնք հմտութիւն կու տան միտքին։ Եւ այս իմաստով հոգին ալ կը կարօտի սնունդի։ Հոգին քանի որ նիւթ չէ, ապա ուրեմն անոր սնունդն ալ, այսինքն «հաց»ը, պէտք է որ ըլլայ բարոյական հաց։

Հոգիին սնունդը՝ հացը Աստուծոյ Խօսքն է։ Արդարեւ, մարդ միայն հացով չ՚ապրիր, այլ նաեւ Աստուծոյ Խօսքով. «Գրուած է թէ՝ ո՛չ միայն հացով կ՚ապրի մարդ, հապա այն ամէն խօսքով՝ որ Աստուծոյ բերնէն կ՚ելլէ՛». (ՄԱՏԹ. Դ 4)։ Եւ այս «կենսատու հաց»ը Յիսուս կը յայտնէ. «Իմ Հայրս կու տայ ձեզի ճշմարիտ երկնաւոր հացը». (ՅՈՎՀ. Զ 32) եւ այդ երկնաւոր հացը Ի՛նքն է Յիսուս. «Ես եմ կենաց հացը. ան որ ինծի կու գայ, երբեք պիտի չանօթենայ եւ ան որ ինծի կը հաւատայ, պիտի չծարաւի». (ՅՈՎՀ. Զ 35)։ Եւ եթէ վերոյիշեալ հատուածները՝ (ՅՈՎՀ. Զ 32) եւ (ՅՈՎՀ. Զ 35) միասին նկատի առնենք, հոն պիտի տեսնուի, որ Յիսուս Քրիստոսի Աստուածութիւնը կը բացայայտուի յստակ կերպով։

Հոս պահ մը անդրադառնաք անոնց, որոնք կը փնտռէին Յիսուս. «Եւ երբ զԱնիկա ծովուն անդիի կողմը գտան, ըսին Անոր.- Ռա՛բբի, ե՞րբ եկար դուն հոս։ Յիսուս պատասխան տուաւ անոնց եւ ըսաւ.- Ճշմարիտ, ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի. դուք զիս կը փնտռէք՝ ո՛չ թէ անոր համար, որ հրաշքներ տեսաք, հապա անոր համար, որ հացերէն կերաք եւ կշտացաք։ Գացէ՛ք, գործեցէ՛ք, ո՛չ թէ կորստական կերակուրին համար, հապա այն կերակուրին համար, որ յաւիտենական կեանքի մէջ կը մնայ, որ Որդին մարդոց ձեզի պիտի տայ, վասնզի Հայրն Աստուած զանիկա կնքեց». (ՅՈՎՀ. Զ 25-27)։

Նկատի ունենանք, որ այս դէպքէն քիչ առաջ իրականացած էր հինգ հազարին կերակրումը՝ Յիսուսի կատարած հացերու բազմացման հրաշքով։ Եւ Յիսուս երբ կ՚ըսէ, թէ զԻնք փնտռողները կը փնտռեն, որովհետեւ կերան այդ հացերէն եւ կշտացան։ Արդարեւ, մարդ կը փնտռէ այն՝ որ իրեն «հաց» կու տայ, այն հացը՝ որ իր մարմնին համար անհրաժեշտ է, բայց ընդհանրապէս կ՚անտեսեն հոգիին համար պէտք եղած «հաց»ը՝ Աստուծոյ Խօսքը։

Ահաւասիկ կեանքի ամբողջ իմաստը կ՚ամփոփուի այս իրողութեան մէջ. մարմնին եւ հոգիին հացերու տրուած կարեւորութեան մէջ։

Մարդիկ այս հարցին նկատմամբ ընդհանրապէս կասկածամիտ են, կասկածի հոգեվիճակով կը դիմաւորեն «հաց»ի «հարց»ը։

Ուստի, Յիսուս, մարդկային չափանիշներով «հերոս» մը չէ՛, այլ Աստուա՛ծ։ Բայց ժողովուրդը տակաւին կասկածի հոգեվիճակի մէջ կը մօտենայ Ճշմարտութեան։ Հացը՝ Աստուծոյ հետ յարաբերութեան միջոցն է եւ այդ յարաբերութիւնը կարելի է հաստատել միայն Քրիստոսով եւ այն ատեն կեաքը բարգաւաճ վիճակ մը կը ստանայ։ Ան նաւահանգիստ մըն է այս աշխարհի փոթորկալից կեանքին մէջ։

Այս կեանքի հացը՝ կեանքի ամբողջ իմաստը կը պարունակէ։ Հացը առօրեայ կեանքը կ՚ապահովէ։ Կեանքը լոկ ֆիզիքական գոյավիճակ մը չէ, այլ հոգի՛ է, որ պէտք ունի Աստուածային յարաբերութեան մշակումի՝ քրիստոնեայ կեանքի հանգրուաններուն մէջ եւ ա՛յս է ճշմարիտ կեանքը։ Հաւատալու համար պէտք է հաւատարիմ մնալ Աստուած-մարդ փոխյարաբերութեան պայմաններուն։ Ո՛չ մէկ բան կրնայ հաւասարիլ ճշմարիտ կեանքը՝ Յիսուսի։ Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնը կրնայ իրականանալ Յիսուսով։ Ուստի, կը գոհանանք, երբ յարաբերուինք Աստուծոյ հետ եւ այն ժամանակ մենք ապահով կը զգանք մենք զմեզ եւ ա՛յս է երկնային «Հաց»ին բարձրագոյն արժէքը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Փետրուար 27, 2025, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Փետրուար 28, 2025