ՆԱԽԱՆՁԸ՝ ԴՐԱԿԱՆ ՈՒ ԲԱՑԱՍԱԿԱՆ ԿՈՂՄԵՐՈՎ
Երէկուան յօդուածով խօսեցանք նախանձի դրական կողմերուն մասին, սակայն իր դրականէն աւելի նախանձը ունի իր բացասական կողմը, որ կրնայ վնասել մարդկային անդորրը, ստեղծելով լարուածութիւն, դժգոհութիւն ու ջղային վիճակ։ Աւելի՛ն, կրնայ աւերիչ ըլլալ եւ մարդուն մէջ ստեղծէ մինակութեան զգացում եւ մինչեւ իսկ վնասէ ֆիզիքական առողջութիւնը:
Այդ բացասական ազդեցութիւնները հիմնականին մէջ ծնունդ կ՚առնեն հետեւեալէն. մարդ ուրիշի յաջողութիւններուն վրայ կեդրոնանալով կ՚անտեսէ իր յաջողութեան հնարաւորութիւնն ու իր կարողութիւնները եւ այդ մէկը անոր մէջ կը ստեղծէ անվերջ դժգոհութիւն մը: Պուտտայական հաւատալիքը իր ուսուցումներուն մէջ հետեւեալը կ՚ըսէ. «Մի՛ նախանձիր. ան որ կը նախանձի, երբեք հոգիի խաղաղութիւն չ՚ունենար»: Նախանձով մենք ուրիշները չէ, որ կը վնասենք. նախանձը առաջին հերթին մեր անձը կը վնասէ:
Նախանձը մարդկային միւս մի քանի տասնեակ երեւոյթներէն մէկը կը կարծուի, սակայն, ունի խոր ազդեցութիւն. կը շեղէ մարդուն ուշադրութիւնը, կը խլէ անոր ժամանակը եւ այն կեանքի պայքարը, որուն մէջ կը գտնուինք՝ շատ աւելի դժուար թուիլ կը սկսի. ուրիշին նախանձիլը սեփականը թերագնահատել կը նշանակէ. երէկուան գրութեան մէջ ըսինք, թէ այդ մէկը դրական երեւոյթ է՝ երբ յառաջդիմելու եւ զարգանալու կ՚առաջնորդէ մարդը, սակայն, երբ հակառակը ընէ՝ մարդ սկսի իր սեփականը չգնահատել եւ դժգոհիլ, լոկ կորուստ կարելի է տեսնել այդտեղ:
Սակայն, նախանձը յաճախ կը խաբէ մարդը, որովհետեւ մենք մարդոց յաջողութիւնները կը տեսնենք, սակայն, չենք կրնար տեսնել այդ յաջողութեան ետին գտնուող պայքարը, կորուստն ու տառապանքը. միշտ չէ, որ «բախտ»ը դեր կը խաղայ յաջողութիւններու մէջ։ Նման նախաձնէ մը դրական ձեւով դուրս գալու կայ մէկ ձեւ. կամ հետեւիլ ու յանձն առնել այդ պայքարը, որ ուրիշները հասցուցած է յաջողութեան եւ կամ նախանձով տառապիլ. այդ զգացումը մտաւորական մը կը ներկայացնէ հետեւեալ ձեւով. «Նախանձը կը քայքայէ նախանձողը, այնպէս ինչպէս ժանգը՝ երկաթը»: Երկաթը կը ժանգոտի, երբ չի գործածուիր. նախանձն ալ եթէ մարդը գործի չմղէ, այդ ժանգէն տարբեր պատկեր մը չ՚ունենար:
Այսօր նայեցէ՛ք ձեր շուրջ. բամբասանքը, վիրաւորանքը, անկեղծութեան պակասը եւ բոլոր բացասական երերւոյթները իրականութեան մէջ այսպէս կամ այնպէս ծնունդն են նախանձին, որովհետեւ նախանձը լոկ զգացում մը չէ. կարողութիւն ունի փոխելու մարդու վարքագիծը եւ այսօր ամբողջ մարդկութիւնը այդ ախտով կը տառապի:
Առաջին բացասական մասը սեփական բարօրութեան կորուստն է, սակայն կայ աւելին. նախանձը յաճախ մարդուն մէջ կը ստեղծէ ուրիշը վնասելու եւ անոր յաջողութիւնը ձախողութեան վերածելու ներքին փափաք մը. այդ մէկը ծնունդն է այն զգացողութեան, որ եթէ մարդ ինք չի՛ կրնար հասնիլ ուրիշի մակարդակին, կ՚ուզէ ուրիշը իր մակարդակին իջեցնել. կ՚ուզէ զրպարտութեամբ, բամբասելով եւ կամ կարելի բոլոր միջոցներով խոցել եւ թերագնահատել դիմացինին յաջողութիւնները: Այս վատ զգացումն է, որ մարդոց մէջէն կը վերացնէ յարգանքը: Անշուշտ, այս բոլորը ծնունդ կու տայ նաեւ սուտին. այսօր մարդիկ՝ որոնք յաջողութեան չեն հասնիր, կը փորձեն յաջողութիւնը կեղծել. իրենց արտաքին զարդարանքով, իրենց կեղծ ապրելակերպով կը փորձեն տալ այն համոզումը, որ իրենք յաջողակներ են եւ այս մէկը յոռի երեւոյթ ըլլալով հանդերձ քննադատելի չէ, որովհետեւ յաջողիլը եւ յաջողութեան չհասնելու պարագային այդ մէկը կապկելը մարդկային սին փառասիրութեան մաս կը կազմեն:
Այսօր ամբողջ մարդկութիւնը այս բոլորին լոյսին տակ ունի ինքնագնահատականի լուրջ խնդիր. այսօր արդէն կարելի չէ գիտնալ ի՞նչն է յաջողութիւնը, որովհետեւ շատերու համար այդ մէկը նիւթականն է, իսկ շատերու համար բարոյականը։ Բարոյապէս յաղթութիւն մը պէտք ունի՞ մերօրեայ մարդկութիւնը, թէ նիւթականը բաւարար է այդ անձը յաջող նկատելու համար: Եթէ յաջողութիւնը նիւթականն է, ապա նախանձը շատ աւելի մեծ դեր ունի, որովհետեւ այդ մէկը մարդուն մէջ կը դնէ պարտաւորութիւն մը շրջապատին համոզելու եւ փաստելու, որ ինք յաջողած է:
Մարդ այսօր ինքն իրեն համար չէ՛, որ կ՚ապրի. կ՚ապրի ուրիշներուն համար եւ կը կարեւորէ անոնց կարծիքը։ Իրականութիւնը երբեք ալ կարեւորութիւն չունի: Բացէ՛ք համացանցի էջերը եւ պիտի տեսնէք կեղծ գեղեցկութիւն, կեղծ ուրախութիւն, կեղծ ժպիտ ու անդորրութիւն. կեղծ՝ որովհետեւ այդ բոլորը ուրիշներու նախանձը շարժելու եւ յաջողակ ըլլալու տպաւորութիւն ձգելու կը ծառայէ: Նախանձով տառապող մարդն է, որ կը փորձէ իր բացասական բոլոր կէտերը քօղարկելով լաւերը յառաջ քաշել՝ որովհետեւ ան իրապէս կարիքը ունի ցուցադրութեան՝ որպէսզի մարդոց մօտ դրական տպաւորութիւն ու հետք ձգէ:
Մեր այս գրութիւնը կ՚ուզենք աւարտել Անտրէ Մորուայի հետեւեալ խօսքով. «Եթէ մարդիկ գիտնային, թէ ուրիշներ ինչքա՜ն քիչ կը մտածեն իրենց մասին, այնքան ալ չէին մտահոգուիր ուրիշներու յաջողութիւնով»։ Այս բոլորին լոյսին տակ երանելի կը նկատենք այն մարդը, որ իր ունեցած փոքրը բաւարար կը նկատէ՝ իր չունեցած մեծը կապկելու փոխարէն:
•վերջ
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ինչպէ՞ս պայքարիլ նախանձին դէմ։
Պատասխան. Նախանձի դէմ պայքարելու համար անհրաժեշտ է կեդրոնանալ սեփական ուժերու եւ յաջողութիւններու վրայ՝ փոխան ուրիշներու։ Պէտք է զարգացնել սեփական անձի հանդէպ վստահութիւնը՝ գիտակցելով, որ իւրաքանչիւր մարդու կեանքը տարբեր է։ Նախանձելու փոխարէն կարելի է ներշնչուիլ ուրիշներու յաջողութիւններէն եւ վերածել զանոնք շարժառիթ ինքնազարգացման համար։ Եթէ նախանձը բացասական կ՚ազդէ անձի հոգեվիճակին վրայ, նախընտրելի է ուշադրութիւնը կեդրոնացնել սեփական նպատակներուն վրայ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան