ՀԱՒԱՏՔԸ՝ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՈՒԺԸ

Յաճախ կը խօսինք հաւատքի մասին, քանի որ ան աշխարհի մեծագոյն ո՛ւժն է։ Իրմով կը շինուին հոգեւոր շէնքեր՝ անկարելիներ կարելի կը դառնան։ Զգալի են հաւատքի զօրութիւնները ամէնուրեք, ուր կը կատարուին մեծ գործեր՝ որոնք բոլոր ժողովուրդներու ճակատագրին վրայ բարերար ազդեցութիւն մը կ՚ունենան։ Հաւատքն է, որ կը բացատրէ եւ կը լեցնէ ամբողջ կեանքը, եւ այս իմաստով, ինչպէս պատմութիւնը կը վկայէ, մեծ մարդիկ մեծ հաւատքի արդիւնքն են։ Հոն՝ ուր մեծ գործ մը կայ, հոն կայ մեծ հաւատք, զօրաւոր հաւատք։

Արդարեւ, անբռնաբարելի են հաւատքին իրականութիւնները, որոնք ուղղակի՛ հոգիին, սիրտին կը խօսին։

Հաւատքը կարեւոր է գիտութեան եւ ընկերային բոլոր յարաբերութիւններու համար։ Աչքը եւ միտքը, կամ տեսողութիւնը եւ տրամաբանութիւնը, բանականութիւնը՝ բաւական եղած չեն երբեք մարդուն, ամէն ջանք, սրտի ամէն թռիչք, ամէն հաստատուն գործ հաւատքի մաս մը ունի իր մէջ։

Արդարեւ, գիտութիւնը չէ՛, որ ստեղծած է հասարակաց կեանքը, վիճակները, կացութիւնները, պաշտամունքները եւ յիշատակարանները, եւ մարդը երկրագունդին տիրապետը ըրած, այլ՝ հաւա՛տքը։

Սա յստակ է, որ խորհուրդի աշխարհի մը վրայ կ՚ապրինք՝ ուր իրականութիւնները, իրողութիւնները չեն ցոլացներ ճշմարտութիւնը, իրականութեան մասին մեզ կը խաբեն մեր զգայարանները, որոնք իրենց անկարողութեամբ եւ անբաւարարութեամբ տիեզերական կեանքը արտայայտող շարժումներէն փոքրիկ մաս մը միայն մեզի կը բերեն։ Անորոշութիւն կը տիրէ ամէնուրեք…

Արեւը, լուսինը, աստղերը մեր շուրջը կը դառնան եւ երկիրը անշարժ կը թուի, խաբուսիկ է երեւոյթը. ներդաշնակ, համաչափ ձայներ կը լսենք եւ, սակայն, իրապէս օդի լուռ ծածանումն էր, ծփանքներ միայն կը փոխանցէ մեր ականջին. կը հիանանք լոյսի եւ գոյներու արդիւնքներու վրայ՝ որոնք մեր աչքերուն առջեւ կը պարզեն բնութեան կենդանի եւ փայլուն տեսարաններ, բայց իսկապէս չկայ ո՛չ լոյս եւ ո՛չ գոյն, այլ շարժումներ են՝ որոնք մեր տեսողական ջիղին վրայ ազդելով լոյսի զգացումը կու տան մեզի, եւ ճիշդ Պղատոնին մատնանշածին պէս «շուքը կը տեսնենք եւ իրականը կը կարծենք…»։

Ըստ այսմ, գիտութեան ջահը միայն փոքրիկ նշոյլներ կ՚արձակէ մեր ճամբուն վրայ, որուն մեծ մասը դեռ խաւարի մէջ կը մնայ։ Գիտութինը միշտ շփոթութեան եւ կասկածի մէջ կ՚աճի եւ ամէն բանի պատճառը կը փնտռէ։

Հաւատքն է, որ իր յստակ, պայծառ՝ արեւափառ հնոցէն շատ աւելի հեռուն կ՚արձակէ իր ջերմիկ ճառագայթները, որոնք միեւնոյն ատեն կ՚ուրախացնեն սիրտը եւ կը գոհացնեն միտքը։ Հաւատքը միտքէն տարբեր, բայց աւելի՛ ապահով ճամբով մը կ՚ընդգրկէ ճշմարտութիւնը՝ որուն կը նուիրուի ամբողջ հոգին։

Հաւատքն է, որ բանականութեան սկսած գործը կ՚աւարտէ։ Հաւատքը այս իմաստով, մարդկային միտքին անզօր եւ անկարող մնացած պահուն օգնութեան կը հասնի։ Կը սխալին անոնք՝ որոնք կ՚ըսեն, թէ մարդկութիւնը օր մը պիտի բաւականանայ միայն գիտութեան եւ արուեստի եւ առաքինութեան անշահախնդիր պաշտամունքովը՝ որ իր ձեռքին մէջ ունի ո՛չ միայն մարդուն նիւթական-ֆիզիքական բարօրութեան, այլ եւ բարոյական-հոգեւոր երջանկութեան բանալիները։

Խանդավառ գիտասէրները կը չափազանցեն գիտութեան դերը, մինչ իր սկզբունքներն ալ հաւատքին վրայ հիմնուած են։

Գիտութեան համար թափուր անմեղութիւն մըն է երկինքը՝ ուր կը մոլորին անհունին ծարաւը զգացող հոգիները, գիտութիւնը մարդուն մէջ ջիղերու եւ դնդերներու եւ միսի կոյտ մը եւ հիւսուածք մը կը տեսնէ, զոր չի՛ շարժեր անմահ հոգի մը. գիտութիւնը աստղերու մէջ անծայրածիր հեռաւորութիւններ կը ցուցնէ, եւ չի՛ կրնար հասկնալ խորունկ ներդաշնակութիւնը՝ գեղեցկութիւնը՝ մեծ վայելչութիւնը բնութեան, զոր կ՚ոգեւորէ Աստուծոյ շունչը։ Գիտութիւնը երկրագունդին վրայ եւս ահռելի՜ խորութիւններ ցոյց կու տայ, բայց երբեք անոնց խորհուրդներուն չի թափանցեր։

Արդարեւ, գիտութիւնը անսահման իրողութիւն մըն է, եւ դարձեալ, գիտութիւնը զօրութիւն է եւ ուժի աղբիւր մը, բայց որովհետեւ մարդուն միտքը եւ կարողութիւնները սահմանաւոր, մարդ լիովին չի կրնար օգտագործել գիտութեան ուժը եւ զօրութիւնը, տեղ մը կու գայ, որ գիտութիւնը այս պատճառով անզօր եւ անկար կը մնայ եւ ահա, այդ պարապութիւնը հաւատքը կը լեցնէ, քանի «ան որ կը հաւատայ՝ ամէն ինչ կարելի՛ է անոր համար…» իսկապէ՛ս…

Փետրուար 27, 2026, Իսթանպուլ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Շաբաթ, Փետրուար 28, 2026