Ի՞ՆՉ Է ԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Իւրաքանչիւր մարդ ունի սկզբունքներ, համոզումներ ու արժէքներ, որոնց ամբողջութիւնը կը կազմէ իր բարոյականութիւնը, որուն հիման վրայ կը ստեղծուի իր վարքագիծը եւ որուն լոյսին տակ կը կայացնէ որոշումներ. բարոյական այդ համակարգը իր խոր ազդեցութիւնը կ՚ունենայ մարդկային յարաբերութիւններուն եւ ընդհանրապէս իր կեանքին վրայ: Այլ խօսքով՝ բարոյականութիւնը մարդու մը կեանքին հիմքը կը կազմէ, սակայն, կը նկատենք, որ մեր ընկերութիւնը չէ կրցած այնքան ալ ըմբռնել բարոյականութեան ինչ ըլլալը, որովհետեւ շատերու համար բարոյականութիւնը կարծես մարմնական սեռական կեանքի հետ աղերս ունեցող իմաստ մը ունենայ, որուն լոյսին տակ կը գործածուի «անբարոյ» արտայայտութիւնը:
Այնպէս, ինչպէս խիղճը, գութը, նոյնպէս բարոյականութիւնը քարացած ու անփոխելի երեւոյթ մը չէ. բարոյականութիւնը եւս աղերս ունի դաստիարակութեան հետ, սակայն անոր վրայ մեծ ազդեցութիւն կ՚ունենայ նաեւ փորձառութիւնը. մարդու բարոյականութիւնը կը զարգանայ հետեւեալ պայմաններուն մէջ.
Ա.- Ընտանեկան.- Ամէն ընտանիք ունի իր սկզբունքներն ու համոզումները եւ այդ մէկը կամայ թէ ակամայ որպէս դաստիարակութիւն ծնողքէն կը փոխանցուի զաւակին. մանուկը լոյս աշխարհ կու գայ որպէս «դատարկութիւն». անոր միտքն ու հոգին կը նմանի սպիտակ թուղթի: Ընտանիքը ի՛նք է, որ այս թուղթը կը սկսի լեցնել որոշ արժէքներով եւ այդ արժէքներուն հիման վրայ է, որ մանուկը կը ձեւաւորէ իր անհատականութիւնն ու ինքնութիւնը։ Ընտանիքը ի՛նք կը սկսի մանուկին սորվեցնել թէ ի՛նչն է բարի եւ ինչը չար, ի՛նչը ճիշդ եւ ինչը սխալ եւ անոնց հիման վրայ մանուկը կ՚ունենայ չարի ու բարիի հանդէպ իր որոշ համոզումները, որոնք, բնականաբար, կրկնօրինակումն է ընտանիքին: Մանուկը առաջին անգամ կեանքը կը տեսնէ իր ընտանիքէն ներս. որոշ բարոյական արժէքներ, ինչպէս օրինակ՝ արդարութիւն, յարգանք, կարեկցանք եւ ուրիշներ, իր ծնողներուն օրինակէն կը վերցնէ ու կը սորվի: Ընտանիքին մէջ բարոյականութեան կողքին կը փոխանցուի բարոյագիտութիւն, որ ինքնին բարիին գիտութիւնն է եւ այդ բոլորը մանուկ հասակին մէջ շատ աւելի խոր ազդեցութիւն կ՚ունենայ՝ քան ապագային: Օրինակի համար՝ եթէ մանուկը հասակ առնէ շրջապատի մը մէջ, ուր առկայ է սուտը, բնականաբար, ինք եւս իր կարգին սուտը սովորական պիտի սկսի տեսնել ու գործածել եւ իր ապագայ կեանքին մաս դարձնել. նման պարագայի մը սուտ խօսող մանուկը կարելի չէ մեղադրել, որովհետեւ եթէ ծնողքը նախ իր օրինակով եւ ապա խրատներով փորձէր սուտին չար ըլլալը հասկցնել իր զաւակին, ապա զաւակը իր բարոյականութեան մէջ պիտի աւելցնէր սուտին լաւ չըլլալը:
Այս մէկը կը գրենք, որովհետեւ կը հաւատանք, որ մարդու կեանքին եւ անոր ապագայ «ճակատագիր»ին մէջ մեծ դեր ու տեղ ունի ընտանիքը՝ իր սերմանած բարոյական արժէքներով: Պէտք է հասկնալ, որ մանուկը դուրսի աշխարհին հետ ապրելէ առաջ կ՚ապրի ընտանիքին մէջ եւ, հետեւաբար, ընտանիքը իրեն համար փորձադաշտ մըն է՝ հասարակութեան հետ շփուելու. տան մէջ ունեցած իր դաստիարակութեան եւ սորված արժէքներու լոյսին տակ է, որ ապագային դուրս գալով ընտանիքի փոքր հասարակութենէն պիտի բացուի դէպի շրջապատ եւ այդտեղ ապրի այն համոզումներով՝ որոնք իր մէջ բոյն դրած է:
Բ.- Կրթութիւն.- Իւրաքանչիւր ընտանիքի համար բարոյական սկզբունքները, արժէքներն ու համոզումները տարբեր կ՚ըլլան եւ, ցաւ ի սիրտ, շատ անգամ որոշ ընտանիքներ նոյնիսկ ակամայ սխալ ուսուցում կը կատարեն՝ եթէ ոչ խօսքով, ապա իրենց առօրեայ ապրելակերպով. ինչքան տարբեր են ընտանիքները, այնքան տարբեր են նաեւ բարոյական սկզբունքները եւ, հետեւաբար, որպէսզի անոնց միջեւ հասարակաց գիծ մը ստեղծուի՝ ի յայտ կու գայ կրթութեան կարեւորութիւնը, որովհետեւ միայն կրթութիւնն է, որ կը յաջողի ընտանեկան դաստիարակութիւնը համատեղել ընկերային-հասարակական բարոյական ընկալումներուն ու սպասումներուն հետ:
Նախապէս ըսած ենք, որ դպրոցի մը հիմնական դերն ու պարտաւորութիւնը լոկ գիտելիք փոխանցել չէ. անոնց հիմնական պարտաւորութիւններէն մէկն է օգնել, որպէսզի աշակերտը յաջողի ամբողջացնել այն բացն ու պակասը, ինչ որ ընտանեկան դաստիարակութիւնը թերացած է։ Մենք չենք գիտեր, թէ անոնք իրենց ընտանեկան կեանքէն ներս ինչքանո՞վ կրցած են հասկնալ որոշ բարոյական սկզբունքներ, այդ իսկ պատճառով դպրոցը պարտի ընդհանուր վերաքաղ մը ընել, որպէսզի անոնց միտքերուն մէջ եթէ գոյութիւն ունի սխալ հասկացողութիւն ու համոզում՝ սրբագրուին: Ընտանիքը շատ մը արժէքներ կրնայ զանց ըրած ըլլալ, հետեւաբար, կրթութեան պարտաւորութիւնն է հասարակական արժէքներ սորվեցնել աշակերտներուն:
Կրթութեան բարոյական առաջին դասը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ հանդուրժողականութիւնը. տարբեր ընտանիքներէ, տարբեր բարոյական սկզբունքներէ եկող մի քանի տասնեակ հասակակիցներ նոյն դասարանին մէջ նստեցնելը ինքնին դժուարին գործ մըն է. ապա ընտանիքէն ետք դպրոցն է առաջին տեղը, ուր մանուկը դուրսի աշխարհին հետ ունեցած իր կապերը կը սկսի զարգացնել։ Այդ իսկ պատճառով ո՛չ միայն մտային ու տարիքային բարձրացում կ՚ունենան աշակերտները դպրոցէն ներս, այլ նաեւ որոշ արժէքներ՝ որոնք բերած են իրենց ընտանիքներէն, կը սկսին համեմատել այլ ընտանիքներու զաւակներու արժէքներուն հետ եւ դպրոցին ու կրթութեան դերը այդ մէկը հաւասարակշռելն է: Օրինակի համար՝ եթէ տան մէջ ընտանիքը չէ կրցած երեխային մէջ սերմանել օրէնքները յարգելու սկզբունքը, ապա դպրոցը կու գայ այդ բացը լրացնելու եւ անոր մէջ սերմանելու շրջապատի հանդէպ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ո՞րն է ամենէն կարեւոր բարոյական սկզբունքը:
Պատասխան. Ամենէն կարեւոր բարոյական սկզբունքը արդարութիւնն է, որովհետեւ կ՚ապահովէ հաւասարութիւն, յարգանք, փոխադարձ վստահութիւն: Արդարութիւն չի նշանակեր միայն ուրիշներուն հանդէպ արդար ըլլալ, այլ արդար ըլլալ կը նշանակէ նաեւ ըլլալ ազնիւ, պատասխանատու ու անկողմնակալ: Խաղաղ, կայուն ու ներդաշնակ յարաբերութիւններու հիմքն է արդարութիւնը, որ կը խթանէ շրջապատի հանդէպ կարեկցանքն ու բարութիւնը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան