ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԲԱՐԵՓՈԽԵԼՈՒ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ
Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Կաթողիկոս, երբ տակաւին վարդապետ էր, իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ հետեւեալ տողերը գրի կ՚առնէր. «Ժամանակը ծանր է եւ լուրջ, իսկ մենք թեթեւ ենք եւ անհեռատես, ժամանակը հիմնաւորութիւն կը պահանջէ եւ գործ, իսկ մենք օդային ամրոցներ կը շինենք ու բառեր կ՚արտասանենք… եթէ յուսալից նոր կեանք ու ապագայ կ՚ուզենք ունենալ, մեր եկեղեցին պէտք է աւելի բարոյական ուժ, կենսատու զօրութիւն ունենայ»: Ի տարբերութիւն այդ ժամանակաշրջանին, կը հաւատանք, որ մեր ժամանակները շատ աւելի լուրջ ու ծանր է՝ քան այն ժամանակ, երբ եկեղեցին Խորհրդային Միութեան հետապնդումին ու բռնաճնշումին տակ կը գտնուէր։ Այսօր «ազատութեան» մէջ վիճակը շատ աւելի ծանրակշիռ է՝ քան մենք կը կարծենք: Կ՚ապրինք զիրար հակասող երկու ծայրայեղութիւններու միջեւ. երիտասարդութիւնը օր օրի կը հեռանայ եկեղեցիէն, կը հեռանայ հոգեւոր կեանքէն, սակայն, միւս կողմէ, այլոց մօտ առաջիններուն հակառակ հոգեւոր կեանքին հանդէպ հետաքրքրութիւն մը ծնունդ կ՚առնէ։ Ոմանք իրենց շեշտը կը դնեն հեռացողներուն վրայ, իսկ ուրիշներ հեռացողները մոռցած՝ կ՚ուզեն մօտեցողները սիրաշահիլ ու ուշադրութիւնը անոնց վրայ դարձնել: Անշուշտ, այս մէկը լոկ հայերուն յատուկ իրավիճակ մը չէ. գրեթէ բոլոր եկեղեցիները նման խնդիրի մը դիմաց կը գտնուին եւ իրավիճակը աւելի բարելաւելու համար կը դիմեն բարեփոխութիւններու՝ հաւատալով, որ եկեղեցին եւս կարիք ունի բարենորոգման, որովհետեւ այդ կառոյցէն ներս տեղ գտած աւանդութիւններն ու ուսուցումները մի քանի տասնեակ դարերու հնութիւն ունենալով՝ ներկայ ժամանակաշրջանին կրնայ համապատասխան չըլլալ։ Ժամանակներու եւ մտայնութեան տարբերութիւնները հեռաւորութիւն կը ստեղծէ երիտասարդին եւ եկեղեցւոյ միջեւ։ Օրինակի համար, ունինք բազմաթի՜ւ եկեղեցական ու ազգային աւանդութիւններ, որոնք մինչեւ օրս կը շարունակենք կատարել, սակայն, անոր խորքն ու իմաստը հայ երիտասարդին մօտ բացակայ է. կ՚ընէ՝ որովհետեւ տեսած է, որ կ՚ընեն, կ՚ընէ՝ որովհետեւ համոզուած է, որ պէտք է ընէ՝ առանց գիտնալու ինչու։ Հետեւաբար, փոփոխութիւնը իր մէջ եւս պարտի դաստիարակութիւնը ներառել, որովհետեւ այն երեւոյթը, զոր մարդիկ մեքենայաբար կը կատարեն, այն արժէքը, զոր մարդիկ չեն գիտակցիր անոր կարեւորութեան՝ ուշ կամ կանուխ մահուան կը դատապարտուի:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը Հայ Եկեղեցւոյ 1700-ամեակին առիթով հրատարակեց անգլերէն լեզուով աշխատութիւն մը՝ «The Armenian Church» («Հայ Եկեղեցին»), որուն մէջ այս կապակցութեամբ ունեցած իր մտահոգութիւնը հետեւեալ ձեւով նկարագրեց. «… կոչ ուղղեցի Հայ Եկեղեցւոյ նորոգութեան: Այսօր այդ կոչը կը կրկնեմ աւելի մեծ հրատապութեամբ: Յատկապէս եկեղեցւոյ եւ երիտասարդութեան միջեւ գոյացած խզումը կը շարունակէ խորանալ: Կը հասկնամ մեր երիտասարդներուն յուսախաբութիւնը եւ կը կիսեմ անոնց մտահոգութիւնները: Հայ եկեղեցին պէտք է ձեռնարկէ նորոգութեան գործընթաց, այլապէս եկեղեցին պիտի վերածուի մեր կեանքէն դուրս գտնուող հին թանգարանի մը»:
Ի դէպ, նորոգութեան մասին խօսելով պէտք է շատ ուշադիր ըլլալ, որովհետեւ շատեր նորոգութիւն ըսելով կը հասկնան հինին քանդումը, հինին ոչնչացումն ու նորին հաստատումը, սակայն, Հայ Եկեղեցւոյ բարեկարգութեան պարագային այդ համոզումը կարելի չէ կիրառել, որովհետեւ այն նորը, ինչ որ մենք պիտի ստեղծենք երիտասարդութեան համար, պէտք է որպէս հիմք ու արմատ ունենայ հինը։ Իրականութեան մէջ, փոխելէ աւելի պէտք է արդիականացնել, բարելաւել. աւանդութիւնները մեքենայաբար կրկնելու փոխարէն՝ պէտք է վերագնահատուին, կապուին ժողովուրդի գոյաբանութեան հետ:
Հայ Եկեղեցւոյ օրէնքներուն ու կանոններուն մեծամասնութիւնը հաստատուած են 8-րդ դարուն եւ բաւական ժամանակ ետք վերատեսութեան ենթարկուած 13-րդ դարուն։ Այդ թուականներէն ի վեր հիմնական մեծ փոփոխութիւններ չէ ապրած Հայ Եկեղեցին։ Հետեւաբար, պէտք է լուրջ ձեւով օրէնքներու եւ կանոններու վերատեսութիւն տեղի ունենայ, որովհետեւ այդտեղ տեղ գտած օրէնքներէն ու կանոններէն շատ շատերը արդէն իսկ ժամանակավրէպ են:
Մեր մտայնութեան մէջ երբ ըսենք եկեղեցի, կանոն ու օրէնք՝ «հին» արժէքի մը մասին խօսելու տպաւորութիւնը կ՚ունենանք։ Եթէ մեր միտքին մէջ եկեղեցին որպէս «հին» սկսի արժեւորուիլ, ապա կը նշանակէ ճիշդ ճամբու մէջ չենք գտնուիր։ Եկեղեցին հազարամեակներու կառոյց ըլլալով հանդերձ՝ պարտի ըլլալ արդիական, ժամանակակից, որովհետեւ հակառակ անոր, որ եկեղեցւոյ (մանաւանդ Հայ Եկեղեցւոյ) արժէքը իր պատմական հնութեան մէջ է, սակայն, պէտք է ծառայէ ներկային, որուն վրայ պիտի գայ հիմնուի ապագան։ Եկեղեցւոյ արժէքներուն մասին խօսելով՝ եթէ միայն անցեալը յիշենք ու ներկայի մէջ դրական բան չգտնենք՝ այդ անցեալի փառքը բաւարար չ՚ըլլար եկեղեցւոյ գոյութիւնը ապահովելու:
Դարձեալ նոյն աշխատութեան մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոսն է գրողը. «Աշխարհի բարդութիւններուն մէջ եկեղեցի ըլլալը մարտահրաւէր է: Հայ Եկեղեցին պէտք է այս մարտահրաւէրը շատ լրջօրէն ընդունի եւ նորոգութեան հրամայականին պատասխանէ համարձակութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ»։ Այս մէկը իրականութիւն դարձնելը ներքին եկեղեցական ժողովներ կազմակերպելով կարելի չէ իրականացնել, որովհետեւ եկեղեցւոյ բարեփոխութիւնը միայն եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականներուն տրուած մենաշնորհ մը չէ. եթէ այդտեղ տեղ չգտնէ երիտասարդութեան կարծիքը, անոնց սպասումներն ու ակնկալութիւնները՝ այդ մէկը բարեփոխութիւն անուանել կարելի չէ:
•շարունակելի…
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Ժողովուրդ
մը չի կրնար ազատ ըլլալ, երբ ան կը վախնայ ճակատ առ ճակատ պայքարէ, երբ ան կը դողայ պատուաւոր մահէ:
ԱՒԵՏԻՍ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան