ԲԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ԴԻՄԱՑ ՍԿԶԲՈՒՆՔԸ ԿԸ ԼՌԷ

Յաճախ կը կարծենք, թէ ընկերութիւնը կ՚առաջնորդուի իր «ճիշդ»երուն եւ «սխալ»ներուն հետեւելով, սակայն իրականութիւնը այդպէս չէ։ Ներկայ ընկերութեան մէջ մարդ նոյնիսկ եթէ գիտէ «ճիշդ»ը՝ կը սպասէ ուրիշին։ Բացատրենք հետեւեալ ձեւով. պատկերացուցէք թատերական ներկայացում մը։ Սարդ արարած նոյնիսկ երբ գիտէ, թէ պէտք է ծափահարէ, ակամայ կը սպասէ ուրիշին՝ որովհետեւ կը խուսափի առաջինը ըլլալէ։ Ակամայ կը սպասէ, որ ուրիշներ ծափահարեն՝ որպէսզի ինք մասնակից դառնայ անոնց։ Յաճախ կը պատահի նաեւ հակառակը։ Անձը չ՚ուզեր ծափահարել, սակայն, երբ բոլորը կը ծափահարեն՝ ակամայ ինք եւս ծափ կու տայ՝ առանց հասկնալու ինչու։ Մարդ ինչքան ալ գիտնայ ճիշդն ու սխալը՝ շրջապատը կ՚ընդունի որպէս ուղեցոյց։ Մարդկային ուղեղը ունի հետեւեալ համոզումը. երբ բոլորը նոյնը կ՚ընեն՝ ուրեմն ճիշդ է։ Օրինակի համար, թատերգութեան մէջ լաւ խօսք մը, դարձուածք մը հանդիսատեսներուն ուշադրութիւնը գրաւելով գնահատանքի կ՚արժանանայ։ Հոն կը ծափահարեն նաեւ անոնք՝ որոնց համար այդ միտքը կամ արտայայտուած գաղափարը մասնաւոր նշանակութիւն մը չունի: 

Մարդ արարած կ՚ուզէ ուշադրութեան կեդրոնը գտնուիլ, սակայն, հասարակութեան մէջ առաջինը ըլլալու վախէն կը տառապի։ Օրինակի համար, կը վախնայ առաջին ծափահարողը ըլլալէ, որովհետեւ եթէ ուրիշներ չընկերանան՝ ամօթի մթնոլորտ մը պիտի ստեղծուի։ Մարդ միշտ կը կարծէ, թէ ուրիշներ շուրջէն անդադար զինք կը դիտեն եւ հետեւաբար սխալելէ, քննադատուելէ վախնալով կը խուսափի առաջինը ըլլալէ, որովհետեւ երբ առաջինը չէ եւ մեծամասնութեան կը հետեւի՝ ապա քննադատութիւնը կրնայ թօթափել իր վրայէն։ Օրինակի համար, մարդ խաբուած ըլլալը կ՚ուզէ չընդունիլ եւ նման պարագայի որպէս վահան կ՚ունենայ միւս խաբուողները, որովհետեւ եթէ ուրիշներ եւս խաբուած են, ապա մեղքը անհատականէն աւելի հաւաքական է եւ ուրիշներու խաբուած ըլլալը սեփական խաբուածութիւնը «արդարացնելու» միջոց մըն է: Երբ երեւոյթի մը մէջ ուրիշներ եւս ընդգրկուած են, ապա պատասխանատուութիւնը բաժնուած կ՚ըլլայ բոլորին մէջ:

Տարօրինակ է, սակայն, ուսումնասիրութիւններ կը յայտնեն, թէ գիւղի մը ամայի ճամբուն մէջ ինկած ուղեւորի մը օգնելու պատրաստ անձ մը գտնելը աւելի հաւանական է՝ քան բազմամարդ քաղաքի մը մէջ, որովհետեւ մարդ միշտ ունի «ուրիշը կ՚ընէ»ի համոզումն ու սպասումը։ Որքան շատ են ներկաները՝ այնքան քիչ է նախաձեռնելու հաւանականութիւնը։ Մարդիկ կը վախնան ամբողջ պատասխանատուութիւնը վերցնելէ։ Հոգեբանութեան մէջ այս մէկը կը կոչուի «պատասխանատուութեան տարածում» (diffusion of responsibility)։ Եթէ կայ ինկած անձ մը եւ այդտեղ հաւաքուած են տասը հոգի, այդ պարագային իւրաքանչիւր անհատ ինքզինք տասը տոկոսով պատասխանատու կը զգայ։ Երբ հաւաքուած են հարիւր հոգի, այդ պարագային միայն մէկ տոկոս պատասխանատու կը զգայ եւ հետեւաբար օգնելու եւ առաջին նախաձեռնողը ըլլալու հաւանականութիւնը կը պակսի: 

Մեր թուականէն 62 տարիներ առաջ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ պատահած է հոգեբաններու եւ ուսումնասիրողներու ուշադրութիւնը գրաւող դէպք մը։ Նիւ Եորքի մէջ կին մը յարձակումի ենթարկուած է իր տան շէնքին մօտ։ Կնոջ աղաղակը գրեթէ բոլոր դրացիները լսած էին, բայց ո՛չ ոք օգնութեան հասած կամ ոստիկանութիւն հեռաձայնած էր։ Այս երեւոյթին խորքը ստուգելու համար այդ տարիներուն բազմաթիւ փորձարկումներ տեղի ունեցան։ Այդ ուսումնասիրութիւնները հետեւեալը ցոյց տուին. եթէ սենեակին մէջ կայ մէկ անձ եւ օգնութեան կարօտ անհատ, ապա 85 տոկոսը օգնելու պատրաստակամութիւն ցոյց կու տայ։ Երբ սենեակին մէջ կայ չորս հոգի եւ օգնութեան կարօտ անձ մը, ապա միայն 31 տոկոսը օգնելու պատրաստակամութիւն ցոյց կու տայ։ Նոյն մարդիկ, նոյն երեւոյթին դիմաց տարբեր դիրքորոշում կ՚ունենան՝ երբ այդտեղ կան ուրիշներ եւ հետեւաբար պատասխանատուութիւնը ամբողջութեամբ մէկ հոգիի տրուած չէ: Եթէ այդ չորս հոգիէն միայն մէկը օգնութիւն ցուցաբերելու պատրաստակամութիւն ցոյց տայ, այդ պարագային հաւանականութիւնը մեծ է, որ միւս երեքը միանան: 

Այդ բոլորը ցոյց կու տան, որ մենք կ՚առաջնորդուինք մեր սկզբունքներով, մեր ճիշդերով ու սխալներով, այլ շրջապատի ազդեցութիւնը եւս դեր կ՚ունենայ այդտեղ եւ մերօրեայ ուսումնասիրութիւններ լաւապէս կը բացատրեն այդ մէկը։ Մի քանի տարիներ առաջ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը այդ մէկը շատ աւելի յստակ ձեւով կը բացատրէ։ Հիւանդանոցի մը սպասման սրահին մէջ կը դնեն զանգ մը եւ նախապէս պայմանաւորուած տասը անձեր կը սպասեն «զոհ»ին՝ կատարելու համար ուսումնասիրութիւնը։ «Զոհ»ը կու գայ եւ սպասման սրահին մէջ իր տեղը կը գրաւէ եւ ուսումնասիրութիւնը կը սկսի։ Հինգ վայրկեանը անգամ մը սենեակին զանգը կը հնչէ եւ բոլոր տասը ներկաները անիմաստ ձեւով ոտքի կ՚ելլեն ու դարձեալ կը նստին։ «Զոհ»ը առաջինին չի մասնակցիր։ Երկրորդ զանգը կը հնչէ ու բոլորը դարձեալ անիմաստ ձեւով ոտքի կ՚ելլեն ու կը նստին։ Երրորդ զանգին «զոհ»ը ինք եւս ոտքի կ՚ելլէ ու դարձեալ կը նստի՝ առանց հասկնալու ինչու։ Այդ պարագային ուղեղը «ինչո՞ւ»ին վրայ չի կեդրոնանար։ Եթէ բոլորը զանգին ոտքի կ՚ելլեն ու դարձեալ կը նստին՝ կը նշանակէ ճիշդը այդ է եւ ուրիշներէ տարբեր ըլլալու երեւոյթը մարդուն մէջ վախ կը յառաջացնէ։ Զանգին ոտքի չելլելու համար քննադատուելու եւ ուրիշներէ տարբեր ըլլալու վախը զինք կ՚առաջնորդէ ինքնաբերաբար ընել այն՝ ինչ կ՚ընեն ուրիշներ եւ այս ուսումնասիրութիւնները կարելի է գտնել ու դիտել համացանցի մէջ:

•​շարունակելի…

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Մինչեւ որ տան մը հարազատ բնակիչը չդառնաս, չես կրնար այդ տան ներքին կեանքը ճանչնալ՝ հարազատօրէն, մանրամասնօրէն, ամէն կողմէ դիտուած:

ՍԻՄՈՆ ՀՈՎԻՒԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2026