ՄԵՐ ՆԵՐԿԱՆ ՆԿԱՐԱԳՐՈՂ ՀԱԶԱՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԳՈՒՇԱԿՈՒԹԻՒՆ
«Սա եւս գիտցիր, թէ վերջին օրերուն դժուար ժամանակներ պիտի գան, որովհետեւ մարդիկ պիտի դառնան… ամբարտաւան, հպարտ…»:
Վստահաբար, բոլորս ալ լսած ենք ամբարտաւան բառը, սակայն, անոր ճշգրիտ իմաստը շատ անգամ ծանօթ չէ մեզի։ Հայոց լեզուի բառարանը այդ բառը կը բացատրէ հետեւեալ հոմանիշներով. անիրաւ, անկրօն, անօրէն, անհաւատարիմ, անաստուած, չար, անզգամ՝ որպէս բացատրութիւն տալով «իրեն շատ բարձր երեւակայող, ուրիշներն արհամարհող, գոռոզ ու հպարտ» նկարագրութիւնը: Այլ խօսքով՝ ամբարտաւանութիւնը ո՛չ թէ մեղք է, այլ մարդկային վարքն է։ Հոգեբանութեան մէջ ամբարտաւանութիւնը կը բացատրուի հետեւեալ կերպով. մարդ ինքնաբերաբար ինքզինք խելացի, ուշիմ ու արթուն կը նկատէ եւ այդ մէկը իր բնազդին մէկ մասը կը կազմէ, սակայն, ամբարտաւանութիւնը այս երեւոյթին տարբեր մէկ մակարդակն է։ Ամբարտաւան մարդը ինքզինք ուրիշներէն աւելի բարձր կը նկատէ, անոր համար ուրիշներ արժէք չունին, ի՛նքն է միակ ու կատարեալ արժէքը: Հոգեբանութիւնը կը բացատրէ, թէ ամբարտաւան մարդը ուրիշը չ՚ընդունիր, միայն իր անձը առաջնահերթ կը նկատէ, իսկ Աստուածաշունչը կը բացատրէ, թէ ո՛չ միայն մարդոց, այլ անոր մօտ տեղ չունի նաեւ Աստուած։ Աստուածաշունչի մէջ բազմիցս յայտնուած է, թէ Աստուած ամբարտաւան մարդը չի սիրեր։ Նման արտայայտութիւններ կը գտնենք թէ՛ Պօղոս առաքեալի եւ թէ Յակոբոս առաքեալի նամակներուն մէջ։ Յակոբս առաքեալ կը գրէ. «Տէր ամբարտաւանից հակառակ կայ, տայ շնորհս խոնարհաց». Տէրը հակառակ է ամբարտաւաններուն:
Ամբարտաւանութիւնը մեր ներկայ ընկերութեան յատուկ երեւոյթ մը չէ։ Այո, առաքեալը կ՚ըսէ, թէ վերջին ժամանակներուն մարդիկ ամբարտաւան պիտի ըլլան, սակայն, միշտ ալ ամբարտաւանութիւնը գոյութիւն ունեցած է։ Յիշենք փարիսեցին՝ որ ինքզինք աւելի բարձր կը նկատէ քան մաքսաւորը։ Սակայն, անցեալի եւ ներկայի տարբերութիւնը հետեւեալն է. ամբարտաւանութիւնը մեր առօրեային անբաժան մէկ մասը դարձած է. այդ գոռոզութիւնը՝ ինքզինք ուրիշներէն աւելի բարձր տեսնելու հիւանդութիւնը դարձած է պատճառ, որպէսզի եղբայրներ թշնամի դառնան, ծնողք ու զաւակ օտար դառնան։ Ամբարտաւան մարդը այսօր մրցակցութեան մէջ է մէկ ուրիշ ամբարտաւանի հետ, որովհետեւ ապրելու նպատակը հիմա սեփական կեանքը կատարելագործելու փոխարէն՝ մրցակցութեան մէջ մտնել է ուրիշի հետ։ Ու եթէ նկատի ունենաք, որ այդտեղ գոյութիւն ունի նաեւ անձնասիրութիւնն ու դրամասիրութիւնը, ապա մարդը կը դառնայ չարութեան գործիք։ Աստուած չի սիրեր ամբարտաւան մարդը, սակայն, պատրաստ է շնորհք տալ խոնարհին:
Մեր ընկերութեան մեծագոյն հիւանդութիւններէն մէկը հպարտութիւնն է։ Ո՛չ ոք կ՚ընդունի իր սխալը, ո՛չ ոք կը գնահատէ ուրիշը։ Մարդ կ՚ապրի միայն ու միայն ինքն իր անձին համար՝ սխալները նկատելով ճիշդ: Հպարտութիւնը Աստուածաշունչին մէջ յիշուած մեղքերուն մէջ մեծագոյններէն է։ Սատանան իր հպարտութեան պատճառով ըմբոստացաւ Աստուծոյ դէմ։ Բարձրեալին հետ համեմատուելու եւ «Անոր պէս» ըլլալու ցանկութիւնն է, որ Արուսեակը դարձուց սատանայ։ Մարդ արարած իր կեանքի ընթացքին մի՛շտ իր հպարտութեան պատճառով տուժած է։ Հպարտութիւնը պէտք չէ ընդունիլ որպէս մեղք մը. ան եւս միւս մեղքերուն պէս բոյն է մի քանի տարբեր մեղքերու։ Հպարտ մարդը պարծենկոտ կ՚ըլլայ. ուրիշներու հանդէպ արհամարհանք կ՚ունենայ. չի հնազանդիր եւ իր շահերուն համար կեղծաւորութիւն կ՚ունենայ։ Այդ պարզ բառին մէջ պէտք է տեսնել այս բոլորը։ Աստուածաշունչը հպարտութեան դարմանը կը յայտնէ. մարդ պէտք է անդրադառնայ, թէ հակառակ իր դիրքին, իր հարստութեան ու կարողութիւններուն համահաւասար մարդ է՝ ինչպէս ուրիշը։ Այն բոլորը, որ ինք կ՚ուզէ՝ ինչպէս օրինակ արդարութիւն, յարգանք եւ այլ բարի արժէքներ, նոյնը կ՚ուզէ նաեւ ուրիշը եւ հետեւաբար մարդ պարտի ուրիշին հանդէպ ըլլալ այն՝ ինչ կ՚ակնկալէ ուրիշներէն: Անցեալին ալ մարդիկ հպարտ էին, սակայն, կար ժամանակ, որ հոգեւոր աշխարհի մէջ հպարտութիւն գոյութիւն չունէր։ Այսօր այդ հպարտութիւնը հոգեւոր կեանքին մէջ եւս գոյութիւն է. նոյնիսկ եկեղեցականը շատ անգամ ինքզինք հոգեւոր գետնի վրայ շատ աւելի բարձր կը նկատէ՝ քան հասարակ հաւատացեալը:
Հպարտութիւնը ընկերութեան մէջ կը քանդէ ընտանեկան ու ընկերային կեանքը։ Բազմաթի՜ւ ամուսնութիւններ ու բարեկամութիւններ կը քանդուին հպարտութեան պատճառով, որովհետեւ մարդ կը սկսի ապրիլ միայն ի՛ր անձին ու իր շահերուն համար։ Անոր մէջ կը ծնի եսասիրութիւնը եւ կամաց կամաց կը սկսի չարանալ, որովհետեւ որպէս առաջնահերթութիւն ունի իր անձը եւ ո՛չ ուրիշը։ Այս մտածելակերպն է, որ մերօրեայ ընկերութիւնը կը թունաւորէ։ Մարդիկ կ՚ապրին քով քովի, սակայն, իրարու հետ չեն ապրիր եւ այս մէկը ընկերային կեանքի մէջ լուրջ խնդիր մըն է։ Հպարտութիւնը միայն հարստութեան կամ փառքի մէջ չէ։ Մեր փոքր գործերուն մէջ եւս կարելի է հպարտութիւն գտնել. օրինակի համար, վերջին խօսքը ըսելու փափաքը, վէճի մէջ կարծիք պարտադրելու մեր հիւանդութիւնը հպարտութեան մաս կը կազմեն։ Այս մէկը դժուար թէ լուծումի արժանանայ, որովհետեւ մեր օրերուն մարդիկ խոնարհութիւնը կ՚ընկալեն որպէս տկարութիւն ու զիջում: Եթէ մարդը չփոխուի, պիտի չփոխուի աշխարհը, որովհետեւ զաւակը խրատներէն աւելի օրինակները պիտի վերցնէ իրեն ուղեցոյց եւ ապրի այնպէս՝ ինչպէս կ՚ապրի իր շրջապատը։ Չար ընկերութիւնը չար սերունդ կը ծնի եւ այդ մէկը չարութիւն չի թուիր, որովհետեւ կամաց կամաց կը սկսի դառնալ բնական ու կեանքի անբաժան մէկ մաս:
•շարունակելի…
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Անհրաժեշտ չէ եւ միշտ կարելի չէ մեծ ըլլալ, բայց միշտ պէտք է եւ կարելի է սիրել: Սիրէ՛ գործելու եւ յարաջանալու համար, սիրէ սիրուելու համար:
ՇԱՀԱՆ ՇԱՀՆՈՒՐ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան