ԿԵԱՆՔԸ ԽՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ԱՊՐԻԼ
Կեանքը պէտք է ապրիլ խորութեամբ, քանի որ որեւէ մակերեսային ապրում իմաստ չ՚ունենար, հիմ չունեցող շէնքի կը նմանի։ Մարդ պէտք է թափանցէ ամէն վիճակի, խորութեամբ ապրուի, քանի որ մարդ բանաւոր արարած մըն է եւ իր որոշումները իր ազատ կամքովը կու տայ։ Մակերեսային կեանք ապրող մարդը կը նմանի ծրագրուած եւ նախագծուած մեքենայի մը, բայց մարդ «մեքենայ» չէ եւ ո՛չ՝ մարդամեքենայ։
Պօղոս առաքեալ կը յորդորէ, կը պատուիրէ մանաւանդ՝ «ապրիլ Յիսուսի ներկայութեան մէջ»։ Թէ ի՞նչ կը նշանակէ՝ Յիսուսի ներկայութիւնը զգալ եւ ապրիլ ներկայութեան մէջ։
Մենք, ընդհանրապէս կ՚ապրինք մեր առօրեայ կեանքը մակերեսային, հարեւանցի՝ առանց կեանքին խորութիւնը նկատի ունենալու եւ թափանցելու կեանքի նպատակին եւ իմաստին։ Մինչդեռ առանց նպատակի եւ իմաստի ապրուած կեանք մը ապարդիւն եւ անօգուտ, անշահ ընթացք մըն է։ Այս ուղղութեամբ Պօղոս առաքեալի «Յիսուսի ներկայութիւնը զգալ»՝ կեանքը իր խորութեամբ ապրելու նկատմամբ ապահով միջոց մըն է։
Յիսուսի ներկայութիւնը զգալու երկու ճամբայ կը գտնուի։ «Աղօթք» եւ «Սուրբ Գիրքի ընթերցում»։ Այս երկու ճամբաներն են՝ որոնք ընդհանրապէս նպատակայարմար չեն օգտագործուիր։ Առհասարակ ձեւականօրէն կ՚աղօթենք եւ Սուրբ Գիրք կարդալու կարեւորութիւնը կ՚անտեսենք։ Բայց այս երկու ճամբան մեզ ուղղակի կ՚առաջնորդեն Աստուծոյ եւ առիթ կ՚ընծայեն Անոր ներկայութիւնը ապրելու։
Աղօթքը վերացումն է հոգիին առ Աստուած կամ վայել բարիքներու խնդրանքն է Աստուծմէ, ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Թերեզա Յիսուս Մանկան։ Մենք ո՞ւրկէ կը խօսինք աղօթելու ատեն։ Մեր հպարտութեան եւ մեր կամքին բարձունքէ՞ն, թէ խոնարհ եւ զղջացեալ սրտի մը «խորութիւններ»էն, ինչ որ սաղմոսերգուն կ՚արտայայտէ. (ՍԱՂՄ. ՃԼ 1)։ Ան՝ որ ինքզինք կը խոնարհեցնէ, կը բարձրանայ, ուստի, աղօթքի ատեն խոնարհութիւնը, կատարեալ հաւատքը, անկեղծութիւնը մարդս կը բարձրացնէ Աստուծոյ ներկայութեան։ Աղօթքը կը բարձրանայ դէպի Աստուած՝ մարդը իրեն կանչող արարիչին։ Աղօթքը կը բարձրանայ մեզ բաղձացող Աստուծոյ խորութիւններէն։
Սուրբ Գիրքը Աստուծոյ Ձայնը եւ Խօսքն է։ Աստուածաշունչ մատեանը ներշնչուած Սուրբ Հոգիէն՝ առաջնակարգ նպատակ ունի մարդուն փրկութիւնը եւ երանութիւնը։ Արդարեւ, առաքելական աւանդութենէն մղուած՝ Աստուածաշունչ մատեանը կը բովանդակէ Հին եւ Նոր կտակարանները։
Սուրբ Գիրքին մէջէն, Եկեղեցին անդադար կը քաղէ իր սնունդը եւ իր ուժը, քանի որ անոր մէջէն կը գտնէ ո՛չ միայն մարդու խօսքը, այլ ինչ որ Ինքն է՝ Աստուծոյ Խօսքը։ Սուրբ Գիրքին մէջ արդարեւ, Հայրը որ երկինքն է, գորովով ընդառաջ կ՚երթայ իր որդիներուն եւ անոնց հետ կը խօսակցի։ Աստուած հեղինակն է Սուրբ Գիրքին։ Անոր բովանդակած եւ ներկայացուցած աստուածայայտ ճշմարտութիւնը աւանդուած է ներշնչումով Սուրբ Հոգիին։
Ուստի, ներշնչուած գիրքերը ճշմարտութիւնը կ՚ուսուցանեն։ Անոնք ներշնչուած սրբախօս հեղինակներուն հաստատումները կը ներկայացնեն իբրեւ Սուրբ Հոգիին ուղղակի միջամտութեամբ։ Սուրբ Գիրքը աներեր, հաւատարմութեամբ եւ անսխալ կ՚ուսուցանէ ճշմարտութիւնը։ Սուրբ Գիրք կարդալ՝ այս իմաստով աղօթել է։
Այս իմաստով, Սուրբ Գիրքը գրադարանի «զարդ» մը, կամ գրասեղանին վրայ «բաղկացուցիչ» մը պէտք չէ ըլլայ, քանի որ Սուրբ Գիրքը Աստուծոյ Խօսքն է. կենդանի ձայն մը, ճշմարտութիւն մը, որ յաւիտենական կեանքի աղբիւր է։
Աստուծոյ ներկայութիւնը վայելելու համար աղօթենք եւ Սուրբ Գիրք կարդանք…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 28, 2026, Իսթանպուլ