ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԲԱՐԵՓՈԽԵԼՈՒ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ

Անցեալին կար ժամանակ, ուր միայն աշխարհականներ եկեղեցին բարեփոխելու հրամայականին մասին կը խօսէին, սակայն, ժամանակը նոյն այդ կարծիքը արթնցուց որոշ եկեղեցականներու մէջ եւս եւ այսօր Հայ Առաքելական Եկեղեցին գլխաւորող Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը եւս թէ՛ եկեղեցւոյ եւ թէ իրենց անսխալական չըլլալը հասկնալով կը խօսին բարեփոխութիւններու մասին։ Բարեփոխութեան մասին իրենց ունեցած հասկացողութիւնը հասկնալու համար պէտք է լսել անոնց քարոզները կամ կարդալ անոնց աշխատութիւնները եւ այս պարագային մենք մեր դիմաց ունինք Արամ Ա.-ի «Հայ Եկեղեցին» աշխատութիւնը: 

ա. Եկեղեցին պէտք է դուրս գայ «հին» ու «ժամանակավրէպ» իր վիճակէն։ Յաճախ կը կարծենք, որ այդտեղ տեղ գտած օրէնքները փոխել կարելի չէ, սակայն, իրականութիւնը այդպէս չէ. ամէն ժամանակաշրջան կը ստեղծէ իր պէտքերը եւ եկեղեցին հաւատարիմ մնալով իր արմատներուն, իր սկզբունքներուն՝ պարտաւոր է քայլ պահել եւ բարեփոխել: Այնպէս ինչպէս դպրոցը, մամուլը, բժշկական ու կրթական համակարգը, միշտ պարտաւոր են ժամանակակից յառաջդիմութեան հետ քայլ պահել, նոյնն է նաեւ եկեղեցին. ժամանակին հետ կապ պահելով է, որ եկեղեցին կը յաջողի ժողովուրդին հետ իր կապը պահել, որովհետեւ իւրաքանչիւր սերունդի հարցերը, մտածելակերպն ու կեանքի պայմանները տարբեր են։ Անշուշտ, ժամանակին հետ քայլ պահել ըսելով կարելի չէ եկեղեցւոյ առաքելութենէն շեղիլ։ «Հին» կարելի է սեպել որոշ աւանդութիւններ կամ օրէնքներ. ինչպէս օրինակ՝ ժամերգութիւններու կարգը, ձեւը եւ այլն, սակայն, ո՛չ Աստուածաբանական ու դաւանական սկզբունքները: Անշուշտ, հինը նորով փոխել ըսելով աւանդութիւնները վերացնել նկատի չունինք (որովհետեւ շատեր բարեփոխութիւն ըսելով ամբողջութեամբ հինը քանդել կը պատկերացնեն). պէտք է պարզապէս այդ աւանդութիւնները կենդանի պահելու ձեւերուն մասին մտածել եւ նոր սերունդին բացատրել ու հասկցնել այդ բոլորին կարեւորութիւնը: 

բ. Եկեղեցւոյ հիմնական հարցերէն մէկը երիտասարդութեան պակասն է։ Յաճախ լսած ենք այն քննադատութիւնը, որ մեր եկեղեցիները լեցուած են ծերերով. պէտք է եկեղեցին մտածէ, թէ ինչպէս կրնայ եկեղեցին երիտասարդներուն մօտիկ բերել։ Օրինակի համար, Արամ Ա. կ՚առաջարկէ աչքէ անցընել բոլոր այն սովորութիւններն ու աւանդութիւնները, որոնք չեն համապատասխաներ ժամանակի պահանջներուն. պէտք է մտածել, որ այդ հինը ինչպէս կարելի է ժամանակակից դարձնել: Այս բոլորը սրբագրելէ ետք պէտք է վերանայիլ ուսումնական ծրագիրը եւ փորձել եկեղեցին պատանի-երիտասարդին մօտեցնել դաստիարակութեան ու կրթութեան միջոցով, որովհետեւ եկեղեցւոյ մասին ճիշդ ուսուցումով է, որ աշակերտը եկեղեցւոյ մասին պատկերացում մը պիտի կազմէ: Արամ Ա. երիտասարդութիւնը մօտիկ բերելու կարեւոր միջոցներէն մէկը կը նկատէ՝ երիտասարդութեան մօտիկ երթալը։ Պէտք չէ եկեղեցին հեռուն մնայ եւ սպասէ, որպէսզի երիտասարդները իրենց մօտ գան. եկեղեցին ի՛նք պէտք է երթայ ու գտնէ այդ երիտասարդները եւ զիրենք իր հովանիին տակ պահէ: Եկեղեցին երիտասարդութեան համար լոկ պատարագի մասնակցելու «վայր» պէտք չէ ըլլայ. երիտասարդը պէտք է հոն իր բոլոր խնդիրներուն, հարցերուն ու մարտահրաւէրներուն պատասխանը գտնէ. այդտեղ պէտք է գոհացում գտնեն անոր սպասումները եւ եկեղեցին «քարացած» կառոյց ըլլալէ աւելի ընդունի որպէս կենդանի, գործող ու իրենց կեանքին մէջ հիմնական փոփոխութիւններ առաջացնող կառոյց: Անշուշտ, այս մէկը կարելի է կեանքի կոչել լաւ պատրաստուած ու զարգացած եկեղեցականներով, մտածուած ու պատրաստուած ծրագրով ու հաստատամտութեամբ:

Մեր կարծիքով, սակայն, եկեղեցին այս բոլորէն շատ աւելին պէտք է ընէ. օրինակ՝ արդի աշխարհը ունի բազմաթիւ հարցեր ու խնդիրներ, որոնք վերջին ժամանակներու յատուկ են։ Այդ բոլորին կապակցութեամբ հայ երիտասարդը ունի բազմաթի՜ւ հարցադրումներ, սակայն, ցաւ ի սիրտ, Հայ Առաքելական Եկեղեցին շատ անգամ անոնց մասին կեցուածք ու համոզում չունի։ Անշուշտ, կեցուածք ու համոզումը պէտք չէ դիտել անհատական գետնի վրայ. որոշ հարցերու շուրջ եկեղեցականներ կրնան կարծիքներ ունենալ, սակայն, այդ մէկը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կեցուածքը չի ներկայացներ. նոյնիսկ եթէ կաթողիկոսը ինք ունենայ որոշ կարծիքներ՝ դարձեալ եկեղեցւոյ կեցուածքը չի կրնար ներկայացնել, որովհետեւ եկեղեցւոյ կարծիքը անհատներու քմահաճոյքէն կախուած չի կրնար ըլլալ՝ նոյնիսկ եթէ կաթողիկոսը ի՛նք է այդպէս մտածողն ու կարծողը։ Հայ Առաքելական Եկեղեցին իր եկեղեցական ժողովով պէտք է որոշ հարցերու շուրջ իր կեցուածքը հաստատէ՝ նախ Աստուածաշունչի եւ ապա տրամաբանութեան հիման վրայ, որպէսզի երբ երիտասարդը հարցում մը ուղղէ եկեղեցականին՝ տարբեր-տարբեր մեկնաբանութիւններ լսելու փոխարէն՝ լսէ Հայ Եկեղեցւոյ կեցուածքը։ Այսօր որպէս աղանդ ճանչցուած եկեղեցիներ նոյնիսկ սխալ վիճակի մէջ ունին գրեթէ բոլոր հարցերու պատասխանը. պատասխան՝ որ իր մէջ մարդը գրաւելու տրամաբանական կառուցուածք մը ունի: Եկեղեցին կը հաւատայ, որ հայ հոգեւորականը Աստուծոյ ծառայելու հրաւիրուած է, սակայն, կը մոռնայ, որ ան Աստուծոյ ծառայելու չափ ունի պարտաւորութիւնը մարդոց ծառայելու, անոնց հոգեւոր ծարաւը յագեցնելու։ Եկեղեցին մարդոց կեանքէն հեռու քարաշէն կառոյց ըլլալէ աւելի՝ պարտի ժողովուրդին մէջ ըլլալ։ Մեր հոգեւոր կեանքին համար այսօր ճգնաւորներէն աւելի պէտք են անձեր, որոնք պատրաստ են ժողովուրդին մէջ ապրիլ ու ծառայելու, որովհետեւ գործն է միայն, որ եկեղեցին առջեւ պիտի տանի:

•​շարունակելի…

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Գործողը ա՛յն ժամանակ միայն գործող է, երբ ան անյարմարութիւններու եւ դժուարութիւններու մէջ կը գործէ:

ՆԱՐ-ԴՈՍ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2026