ԲԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ԴԻՄԱՑ ՍԿԶԲՈՒՆՔԸ ԿԸ ԼՌԷ

Նախորդ յօդուածը աչքի դիմաց ունենալով՝ այսօր պիտի փորձենք գտնել հետեւեալ կարեւոր հարցին պատասխանը. «Մարդ ինչո՞ւ կը վախնայ հասարակութեան քննադատութենէն ու ճնշումէն»։ Եթէ մարդ ունի իր սկզբունքներն ու համոզումները, ինչո՞ւ համար կը շարունակէ հետաքրքրուիլ այլոց մտածումներով եւ կարծիքներով: Ուսումնասիրենք պատճառները. 

Մարդ ի՛նչ դիրքի վրայ ալ գտնուի, ի՛նչ պաշտօն ու նիւթական ինչ հարստութիւն ալ ունենայ, իր մէջ ունի հասարակութենէն հեռու ըլլալու, ընկերութենէն «դուրս» ըլլալու վախը։ Այս վախը մարդու բնազդին անբաժան մէկ մասը կը կազմէ։ Նոյն վախը կը տեսնենք նաեւ նախամարդուն մօտ, որովհետեւ հին ժամանակ մարդիկ կ՚ապրէին փոքր խումբերով եւ այդ խումբէն դուրս դրուիլը մեծագոյն պատիժներէն մէկն էր։ Այդ խումբին մաս կազմելը անհատին կու տար թշնամիներէն պաշտպանուելու, սնունդի եւ մարդկային այլ անհրաժեշտութիւններու դիւրութիւն։ Խումբէն բաժնուիլը կենսական վտանգ ու սպառնալիք էր մարդ արարածին համար։ Մեր հասարակութեան մէջ այդ մէկը կենսական վտանգ չէ այնքան, սակայն, ունի իր բացասական հետեւանքները։ Օրինակի համար, մարդ արարած կ՚ուզէ հասարակութեան մէջ «սիրուած» ըլլալ, որովհետեւ լաւ ու բարի համբաւը կու տան որոշ առաւելութիւններ. ինչպէս՝ վստահութիւնը։ Այսօր եթէ նոյն անձին համար հասարակութիւնը բացասական արտայայտութիւն ունենայ, անձ մը՝ որ չի ճանչնար զինք, ինքնաբերաբար, պիտի հաւատայ, որովհետեւ շրջապատին մեր մասին ունեցած համոզումն ու կարծիքը՝ թէ՛ մեզի ծանօթ եւ թէ անծանօթ մարդոց վրայ մեծապէս ազդեցութիւն կ՚ունենայ: Նման մթնոլորտի մը մէջ այդ բոլորը ո՛չ թէ պարզապէս կարծիք, այլեւ անձի դէմ յարձակումի տեսք կ՚ունենայ։ Մարդ կը խուսափի, որովհետեւ ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, որ ամօթի զգացումը ձախողութեան զգացումէն շատ աւելի բարձր է. ձախողութիւնը մարդոց համար թէեւ ամօթ, սակայն, սրբագրելի ըլլալ կը թուի։ Բայց եւ այնպէս, կան երեւոյթներ, որոնք ցաւ ի սիրտ սրբագրութեան ենթակայ չեն. օրինակի համար, պատկերացուցէք երիտասարդուհի մը, որ իր մոլորած մէկ տարիքին զբաղած ըլլայ պոռնկութեամբ, այդ անձը դարձի գալով սրբակենցաղ ալ ըլլայ, գուցէ հրաշքներ ալ գործէ՝ այդ ամօթը պիտի չկրնայ սրբել մարդոց միտքերէն։ Այդ իսկ պատճառով, մարդ շատ անգամ իր սկզբունքներուն տէր կենալու փոխարէն՝ հանրութեան կարծիքը աւելիով նկատի կ՚ունենայ: 

Մարդ կրնայ բարձր սկզբունքի տէր ըլլալ, սակայն, միշտ սկզբունքը չէ, որ մարդու կեանքի ուղին կը գծէ։ Սկզբունքը ունի իր տեղը, սակայն, մարդոց կարծիքն ու համոզումը եւս կարեւոր է, որովհետեւ մենք ծանօթներէ աւելի ունինք անծանօթներ եւ այդ անծանօթ մարդիկ մեր մասին կարծիք կը կազմեն լոկ ուրիշներու ունեցած կարծիքով՝ անկախ սկզբունքային ամէն կէտէ ու արժէքէ։ Ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, որ շատեր այս կամ այն բարիքը կը կատարեն ո՛չ թէ որովհետեւ իրենց սկզբունքին մաս կը կազմէ, այլ լաւապէս գիտեն, որ նման արարք մարդուն համար համբաւ մը պիտի ստեղծէ։ Աշխարհի ամենէն վատ ու դաժան մարդը նոյնիսկ հանրութեան կարծիքին վրայ կ՚ուզէ ազդել, կ՚ուզէ փոխել, որովհետեւ մարդ ինքզինք միշտ կ՚ուզէ տեսնել ուրիշներու աչքերով։ Այս երեւոյթը բացատրենք հետեւեալ ձեւով. հրապարակախօսը կամ բանաստեղծը կը ստեղծագործէ եւ այդ մէկը այսպէս կամ այնպէս որոշ բաւարարութիւն մը կու տայ իրեն, սակայն, անձը շատ աւելի մեծ բաւարարութիւն կը զգայ, երբ ուրիշներ այդ յօդուածին կամ բանաստեղծութեան մասին դրական կարծիք արտայայտեն։ Այս մէկը մարդը կ՚առաջնորդէ հետեւեալ եզրակացութեան. մարդուն ներքին ձայնն ու արտաքին ձայնը միշտ չէ, որ նոյն արձագանգը ունին:

Այս բոլորը ինչո՞ւ համար կարեւոր են. պարզ թերութեան մը համար. մարդիկ բացասականը շատ աւելի դիւրին կը յիշեն՝ քան դրականն ու շինիչը։ Այդ իսկ պատճառով, մէկ վատ արարքի պատճառով կրնայ մոռացութեան տրուիլ անձի մը բազմաթի՜ւ լաւութիւնները։ Կեանքի մէջ մի՛շտ ալ այդպէս է. լաւէն աւելի վատն է կարեւորութեան արժանացողը։ Օրինակ մը տանք. մարդ գեղեցիկ ծաղիկի մը քովէն անցնելով չի նկատեր ծաղիկը՝ իր կորուստը այդտեղ գեղեցիկը տեսնելու առիթէն զրկուիլն է։ Իսկ մարդ եթէ նոյն կերպով չնկատէ օձը, ապա պարագան տարբեր կ՚ըլլար եւ մինչեւ մահ կրնար առաջնորդուիլ։ Բացասականին ազդեցութիւնը մարդոց համար միշտ աւելի մտահոգիչ է։ 2001 թուականին ուսումնասիրողներ հանդէս եկան հետեւեալով. «Բացասականը աւելի զօրաւոր է՝ քան դրականը»: Մարդ բացասականը աւելի կը յիշէ, որովհետեւ բացասական երեւոյթը անոր մօտ կը ստեղծէ յուզմունք՝ զայրոյթ, վախ, ցաւ եւ մարդ այդ զգացումներու ազդեցութիւնը շատ աւելի կը յիշէ՝ քան ուրախութեան տուած զգացողութիւնը: 

Մարդը ընկերային արարած է եւ անոր կեանքը ինչքան իր սեփական որոշումներուն, նոյնպէս շրջապատին ազդեցութեան տակ կը գտնուի։ Հետեւաբար, նման պայմաններու մէջ թէ՛ սկզբունքներուն տէր ըլլալ եւ թէ մարդոց կարծիքներուն ու համոզումներուն դէմ պայքարիլ այնքան ալ դիւրին չէ։ Քիչեր են, որոնք իրենց սկզբունքին համար պատրաստակամ են զոհել իրենց ամենէն սուղը:

•​վերջ

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Լա՛ւ իմացիր, ուրիշին միամտութեան վրայ ծիծաղիլը եւ ուրիշը չար փորձանքի մէջ ձգելը փորձանքի դուռ կը բանան մեզի համար:

ՌՈՒԲԷՆ ԶԱՐԴԱՐԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2026