ԲԱՐԵԲԵՐ ԺԱՄԱՆԱԿԱՇՐՋԱՆ ՄԸ՝ ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒՄՈՎ

Մարդկային կեանքին մէջ տարբեր ժամանակաշրջաններ կան՝ որոնք բնական են կեանքին սովորական ընթացքին մէջ։ Յաջողութիւններ եւ ձախողութիւններ, բարեգործութիւններ եւ չարագործութիւններ, սէր եւ ատելութիւն, օրհնութիւն եւ անէծք եւ բազմաթիւ հակադրութիւններ։

Ահաւասիկ, այս հակադրութիւններուն մէջ մարդ պէտք է ատեն ատեն յետադարձութեան միջոցով հոգեւոր եւ մտաւոր հաշուեյարդար մը կատարէ եւ ներհայեցողութեամբ հոգեպէս եւ մտապէս նորոգուի, ըստ այնմ փոխէ կամ շարունակէ իր կեանքի ընթացքը։

Եւ ասիկա կը կարօտի ինքնամփոփման, անկեղծ խոստովանութեան ինքն ի՛ր մէջ…

Կեանքի սովորական ընթացքը ժամանակ մը վերջ միօրինակ, միապաղաղ եւ մինչեւ իսկ տափակ, ձանձրալի շրջանի մը կը վերածուի։ Եւ այս իմաստով, փոփոխութիւնը անհրաժեշտ է, քանի որ կեանքի մէջ անփոփոխը միայն անփոփոխութիւնն է։

Եւ ահաւասիկ, Մեծ պահքի խորհուրդը կը կայանայ այս սկզբունքին վրայ։ Կեանքի մէջ փոփոխութիւնը, նաեւ անդրադարձումներու պատճառ կը դառնան։ Մեծ պահքին ալ, սովորական կեանքի մէջ փոփոխութիւններ կը տեսնուին, կ՚ապրուին, որոնք առիթ կ՚ընծայեն, որ մարդ սա սկզբնական եւ էական հարցումները հարցնէ ինքն իրեն. «Ինչո՞ւ», «Ինչպէ՞ս» եւ «Ի՞նչ»։ Այս հարցումները մարդուս բանականութեան բնական արդիւնքներն են. մարդ՝ «մա՛րդ» է իր այս հարցումներով։

Քրիստոնէութիւնը, քանի որ հրամայականոն «dogmatique» վարդապետութիւն մը չէ՛, ապա ուրեմն ամէն քրիստոնեայ պէտք է հարցնէ. «Ինչո՞ւ», «Ինչպէ՞ս» եւ «Ի՞նչ» հարցումները՝ որպէսզի միշտ դէպի լաւ փոփոխութիւն ըլլայ եւ նորոգուի մարդ։

Արդարեւ յառաջդիմութեան խթանիչ, մղիչ ուժը՝ փոփոխութիւնն է։ Եթէ փոփոխութիւն չըլլայ՝ նորոգութիւն ալ չ՚ըլլա՛ր։

Մեծ պահքը, վերոյիշեալ ճշմարտութիւններու ներքեւ, մեզի կը բանայ ժամանակաշրջան մը՝ ուր մենք կը ստիպուինք իրապէս անդրադառնալ մեր հոգեկան եւ մարմնական ապրումերուն, որոնք առհասարակ կ՚անտեսուին, կը մոռցուին սովորական օրերու մեր զբաղումներուն եւ մտածումներուն մէջ։ Հետեւաբար, Մեծ պահքը ինքնաքննութեան եւ ինքնադատման շրջանն է։

Ինքզինք զննել կը պահանջէ հարցնել. «Ինչո՞ւ», «Ինչպէ՞ս» եւ «Ի՞նչ» հարցումները, որոնք ուրիշ բաներ չեն, բայց տեսնել իր սխալը, մոլորումը, շեղումը եւ վերջապէս մեղքը։

Ահաւասիկ, թէ ինչո՞ւ Մեծ պահքը «տխուր» եւ «մռայլ» բայց քաջալերիչ նկարագիր մը ունի բոլոր անոնց համար, որոնք կրնան եւ գիտեն ապրիլ Պահքը։ Արդարեւ, մարդուս ամենէն դժուար քննութիւնը՝ իր իսկ «ԵՍ»ին դիմաց քննութիւնն է։ Փորձեցէ՛ք հայելիին դիմաց սուտ խօսիլ. կարելի չէ՛…

Մեծ պահքը ունի նոյնպէս ուրախ մտածում մը, երբ մենք, պահ մը հեռացած եւ մոռցած մեր առօրեայ հոգերը, ենթադրենք մենք զմեզ այն կանոններուն եւ խոհերուն՝ որոնք Մեծ պահքի յատուկ են։ Քանի որ բոլոր իրական տխրութիւնները իրենց մէջ ունին գալիք ուրախութիւններու հաւաստիքը, ինչպէս ամէն խաւարի կը յաջորդէ լոյսը եւ ո՛չ մէկ խաւար բոլորովին մութ է եւ անոր մէջ անպայման կայ լոյսի նշոյլ մը, շող մը, աւելի ճիշդ՝ ամէն իրաւ զգացում կեանքի մէջ հակակշռուած եւ ներդաշնակուած կը մնայ իրեն բոլորովին հակադիր զգացումով մը։ Արդարեւ, կեանքը ներհակ ուժերու վրայ հաստատուած հրաշալի՜ ընթացք մըն է… եւ ներքին փոխադարձութեան այս զգացումին շնորհիւ է, որ կեանքը կը ստանայ իր հոլովոյթը եւ կը մնայ տանելի՛։

Ո՛վ որ կ՚անդրադառնայ ինքզինքին, կ՚արժեւորէ իր անձը եւ ով որ գիտէ արժեւորել ինքզինք, գիտէ գնահատել իր մեղքը։ Ասիկա մարդկային արժանապատուութեան հարց մըն է։ Մարդիկ, ընդհանրապէս ուղիղ չեն մտածեր եւ դատեր իրենք իրենց մասին եւ կը ջանան ներկայացնել իրենք զիրենք յաչս իրենց եւ ուրիշներու այնպէս, ինչպէս որ չեն։ Ուստի, ինչպէս Եփրեմ Խուրի Ասորի Սուրբը իր Զօրաւոր աղօթքին մէջ կ՚ըսէ. «Իրենք զիրենք սուրբ ցոյց կու տան, բայց մեղաւորներ են…»։ Ուրեմն, Մեծ պահքը խոնարհամտութեան, անկեղծութեան, անդրադարձումի, հնազանդութեան, համեստութեան, պարզութեան եւ ապաշխարանքի շրջանն է, ուր մենք դէմ առ դէմ կու գանք ինքզինքնուս հետ՝ մեղքի եւ սրբութեան, սուտի եւ ճշմարտութեան, կեղծի են անկեղծութեան հետ։

Բայց եւ դժբախտաբար, այսօր մեղք եւ սրբութիւն բառերը խորթ, օտար եւ հնաբոյր կը հնչեն շատերու. կարծես օտարացած իրենք իրենց, իրենց հաւատալիքներուն, աւանդութիւններուն, հոգեւոր եւ մտաւոր դարաւոր արժէքներուն, շատեր օտար կը զգան իրենք զիրենք իրեններուն, իրենց հարազատներուն մէջ եւ մինակ՝ բարեկամներու բազմութեան մէջ…

Հետաքրքիր է գիտնալ, թէ քանի՞ հոգի այսօր տեղեակ է, որ Մեծ պահքի շրջանը սկսաւ արդէն…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարտ 1, 2025, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Մարտ 3, 2025