Կ՚ԱՐԺԷ՞ ԱՆԿԵՂԾԱՆԱԼ (Բ.)

Սակայն, անկեղծութիւնը դրական արժէք ըլլալով հանդերձ ունի իր բացասական կողմերը, որոնք կրնան վնասել մարդու բարօրութիւնը, որովհետեւ անկեղծութիւնը յաճախ կրնայ խաթարել յարաբերութիւնները, վիրաւորել թէ՛ շրջապատը եւ թէ մանաւանդ՝ ինքնասիրութիւնը, որովհետեւ մեր անկեղծութիւնը կրնայ ուրիշներու համար սեփական շահեր հետապնդելու շարժառիթ դառնալ: 

Անկեղծութեան բացասական կէտերը եւս մէկէ աւելի են՝ ինչպէս դրականները, սակայն, անոնց վերլուծութիւնը քիչ մը աւելի բարդ ու խոր է: 

Ա.- Բոլորը չե՛ն ընդունիր մեր անկեղծութիւնը կ որպէս սիրոյ եւ վստահութեան արտայայտութիւն. շատերու համար այդ մէկը առիթ է խօսակիցին թերութիւններն ու տկար կողմերը բացայայտելու, որովհետեւ այսօր մարդոց մէջ գոյութիւն ունի մրցակցութեան շունչ մը. ամէն մարդ իր մարմինը վերածած է ամրոցի եւ անհասկնալի պատերազմի մը մէջ իր անձը պաշտպանել կը փորձէ: Անկեղծութիւնը, ինչպէս գիտենք, աղերս ունի նաեւ յուզական վիճակին հետ եւ շատ անգամ մարդ մանաւանդ՝ երբ հոգեպէս անապահով ու անհանգիստ վիճակի մէջ է, կրնայ լաւապէս չհաւասարակշռել իր խօսքերը. տկարութեան ժամանակ մարդ աւելիով կ՚անկեղծանայ եւ այդ անկեղծանալը հոգեպէս հանգստութիւն կը պատճառէ մարդուն։ Այս հանգստութիւնը կապուած է ներքին աշխարհին հետ, սակայն, արտաքին աշխարհի վրայ կրնայ իր բացասական կողմերը ցոյց տալ. մարդիկ կրնան այդ ընթացքին յայտնաբերել որոշ տկարութիւններ, որոնք ապագային կրնան գործածուիլ նոյնինքն անձին դէմ՝ յետին որոշ նպատակներ հետապնդելով: Մարդկային յարաբերութեան մէջ շատ կարեւոր է գիտնալ, թէ ինչքանո՞վ պէտք է արտայայտուիլ. ինչքա՞ն պէտք է անկեղծանալ եւ ինչքան ո՛չ: Այդ իսկ պատճառով մարդիկ յաճախ կը խրախուսեն խոցելի կողմերուն մասին խօսելու եւ անոնց վրայ կեդրոնանալու փոխարէն, յառաջ բերեն իրենց դրական կողմերը: 

Պէտք է ունենալ անկեղծութիւն, սակայն, միաժամանակ ունենալ նաեւ պաշտպանութիւնը՝ որպէսզի մեր սեփական տկարութիւնները մեր թշնամիները դառնալով մեզի չյաղթեն եւ այս բոլորը լաւապէս յաջողելու համար անհրաժեշտ է սեփական անձի ճանաչողութիւնը՝ իր յայտնի ու ծածուկ կողմերով: Գերմանացի փիլիսոփայ Նիչցէ կ՚ըսէ. «Կեղծիքը այն քօղն է, որով մարդիկ ամբողջ աշխարհի դիմաց կը քօղարկեն իրենց թոյլ կողմերը»։ Գրականութիւնը կը խրախուսէ հեռու մնալ կեղծէն եւ լոկ անկեղծ ապրիլ՝ հաւատալով, որ կեղծիքով մարդ ո՛չ թէ դիմացինը, այլ նախ եւ առաջ ինքզինք կը խաբէ, սակայն, նման աշխարհի մը մէջ ամբողջութեամբ անկեղծ ապրիլը ինչքանով տրամաբանական է՝ չենք գիտեր:

Բ.- Գաղտնիութիւն. ամէն մարդ իր կեանքին մէջ ունի որոշ կէտեր, գաղտնիքներ, որ վստահութիւն ու սէր ունենալով հանդերձ, կ՚ուզէ քօղարկել պարզ այն պատճառով, որ այդ յոյզերը իր սեփականութիւնն են եւ ուրիշի քննարկումի առարկայ չեն կրնար ըլլալ: Պէտք է նկատի ունենալ, որ սեփական գաղտնիքները կապուած են զգացումներու կամ անցեալի հետ եւ զանոնք պահպանելը նուրբ ու զգայուն հարց է, որովհետեւ նման նիւթերու քննարկումը կրնայ ալեկոծել հոգին եւ վնասել ներքին խաղաղութիւնը:

Շատեր կը կարծեն, որ ամբողջութեամբ անկեղծանալը կրնայ մարդու ձեռքէն խլել ազատութիւնը, որովհետեւ իրականութեան մէջ մենք այսօր հրապարակին վրայ այնպէս չենք՝ ինչպէս որ ենք իրական կեանքի մէջ եւ այդ մէկը կեղծիք ըլլալէ աւելի ժամանակի ու ընկերութեան պահանջներու գործադրումն է։ Կան որոշ գաղտնիքներ, որոնք անկեղծութեան մաս պէտք չէ դարձնել, որովհետեւ ամէն մարդ ունի իր մէջ որոշ ապրումներ ու ցաւեր, որոնք լոկ անձին կը պատկանին: 

Անկեղծութեան թշնամին է հասարակութիւնը՝ որ անկեղծութիւն կ՚ուզէ տեսնել, սակայն, դէմ է անկեղծութեան. Օրինակ՝ այսօր երիտասարդ մը իր հոգիին մէջ ունի վէրք մը եւ այդ ցաւին բնական արտայայտութեան ձեւէն մէկն ալ արցունքն է, որ գրականութեան մէջ կը նկարագրուի որպէս «հոգիի լուացում». անկեղծութիւնը այդ պահուն լալն է, սակայն, ընկերութիւնը լալը կը դիտէ որպէս տկարութիւն, մանաւանդ՝ եթէ լացողը տղամարդ է. տղամարդը չի՛ կրնար լալ. ի՞նչ ընել.... անկեղծանալու ու լալու պարագային ընկերութեան քննադատութիւնը պատրաստ է, իսկ չլալու եւ զգացումները կեղծելու պարագային մարդ անկեղծ չէ: 

Այդ իսկ պատճառով ամէն մարդ իր կեանքին մէջ ունի որոշ առաջնահերթութիւններ. որոշ անձեր իրաւունք ունին այդ անկեղծութիւնը տեսնելու՝ վստահ ըլլալով, որ այդ մէկը ո՛չ թէ վնաս, այլ ընդհակառակը խաղաղութիւն պիտի տայ, որովհետեւ կը հաւատանք, որ մարդ ցաւերը ինչքան կիսէ ուրիշներուն հետ, այնքան նուազ ցաւ կը զգայ, որովհետեւ մարդկային յարաբերութիւնը այդ կը պահանջէ:

Որպէս եզրակացութիւն կ՚ուզենք երանի տալ այն մարդոց, որոնք իրենց կեանքին մէջ ունին անձեր, որոնց դիմաց անկեղծանալը ո՛չ թէ մտահոգութիւն ու բեռ է, այլ հանգստութիւն ու բարօրութիւն: Եղէք անկեղծ այնքանով՝ որ չվնասուի ձեր անձը. եղէք անկեղծ անոնց համար, որոնք պատրաստ են անկեղծ ըլլալու. թող այնպէս չըլլայ երբեք, որ դուք անկեղծ, սակայն դիմացինը կեղծերով լեցուն իր անկեղծ երեսը պահէ, որովհետեւ նման յարաբերութեան աւարտը ցաւ ու վիշտ է:

•վերջ

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ինչքանո՞վ մարդոց գաղտնիքներ պէտք է վստահիլ:

Պատասխան. Մարդու գաղտնիք վստահիլը զգայուն հարց է. որեւէ յարաբերութեան հիմքը վստահութիւնն է, սակայն գաղտնիքի պարագային ամէն մարդ պատասխանատուութիւն չի կրնար վերցնել ուրիշներու գաղտնիքներուն նկատմամբ: Մարդկային յարաբերութեան մէջ պէտք է հասկնալ, թէ որո՞ւ կարելի է վստահիլ եւ որու ոչ, որովհետեւ շատեր պատրաստ են ուրիշներու գաղտնիքները իրենց շահերուն ծառայեցնել: Այդ իսկ պատճառով գաղտնիք բացայայտելու պարագային պէտք է քննել, թէ որքանով պատրաստ ենք մեր գաղտնիքը բացայայտել ո՛չ միայն դիմացի անձին, այլ նաեւ ուրիշներուն:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մարտ 3, 2025