ԻՆՔՆԱՀԱՒԱՆ ՄԱՐԴԻԿ

«Ի՞նչ շահ բերաւ մեզ հպարտութիւնը եւ ի՞նչ նպաստ բերաւ մեզ հարստութեամբ պարծենալը», կը հարցնէ Սողոմոն. (ԻՄԱՍՏ. Ե 8)։ Կարելի չէ ուրանալ, թէ հարստութենէ աւելի աղքատութի՛ւնն է, որ կը խթանէ ճիգը՝ ինքզինքին ընդարձակումը։ Այս մտածելակերպով՝ աղքատութեան մէջ, համեստ տրամադրութեան մէջ հպարտանալ աւելի տրամաբանական է, քան՝ հարստութեամբ պարծենալ։ Հարուստն ալ կ՚աշխատի, ճիշդ է, բայց ան կ՚աշխատի ունեցածը աւելցնելու համար, այս ուղղութեամբ աղքատներն ալ կ՚աշխատին, բայց անոնք կ՚աշխատին ունենալու համար, ուրիշ խօսքով՝ հարուստը կ՚աշխատի գոյատեւելու համար, իսկ աղքատները՝ գոյապահպանելու համար։

Ստացուածքներէ աղքատանալը ուժերով հարստանա՛լ է։

Դիտեցէք, թէ իրենց կեանքին ո՛ր շրջաններուն մէջ է, որ մեծ գիտունները ըրած են իրենց ամենէն կարեւոր գիւտերը եւ մեծ մատենագիրները ե՛րբ գրած են իրենց գլուխ գործոցները. գրեթէ միշտ՝ իրենց տաժանքի եւ ապրելու համար ստեղծել հարկադրուած ամենէն բացառիկ եւ բուռն ջանադրութիւններու միջոցին։ Մարդուս տրամադրութիւնը կը ստեղծէ դիրքը եւ կենցաղը…

Դիրքի եւ փառքի կատարը հասնելէն վերջ, մարդը, նոյնիսկ հանճարի մարդը կը թուլնայ։ Արտադրելու համար, հոգեկան մղիչ շարժումի մը պէտք կայ միշտ. կա՛մ քաղցի, կա՛մ վիշտի, կա՛մ սիրոյ, վերջապէս, տառապանքի մէկ կամ միւս ձեւին։ Ստուգութիւն մըն է սա՝ որ կը հաստատուի ո՛չ միայն մատենագիրներու, մտաւորականներու եւ գիտուններու, այլ նաեւ սուրբերու եւ մեծ ճգնաւորներու կեանքին մէջ ճշգրտուած պարագաներու իրականութեամբ։

 Աշխարհի ամենէն մեծ միաբանութեան հիմնադիրը իր «կրօնական-հոգեւոր զինուորութեան» մեծագործութիւնը հիմնելէն եւ հաստատելէն առաջ ինքզինք ենթարկեց կամաւոր աղքատութեան եւ ապաշխարութեան ամենէն ծանր չարչարանքներուն։

Տառապանքին սանդուխն է ամենէն ապահով ելարանը, արժանիքի ստոյգ բարձրութիւններուն հասնելու համար։ Եւ ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս. «Ձախողութիւններ՝ յաջողութեան տանող սանդուխի մը աստիճաններն են։ Տառապանքներն ալ՝ երջանկութեան տանող ճամբուն վրայ անհրաժեշտ հանգրուաններ են այսպէս…»։

Բարեպաշտական սովորական դարձած «կանոն» մը կը պարտաւորէ հաւատացեալը ձեռնթափ ըլլալ կեանքի նիւթական ըմբռնումին վերագրուած ամէն բանէ։ Բայց, ասիկա անկեղծութեան եւ միամտութեան անուններովը քօղարկուած՝ սուտը եւ կեղծիքը՝ կրօնքի հովանիին ներքեւ ամենէն աւելի կը գործեն իրենց աւերը, տխուր հոգիներու համար գուցէ գայթակղեցուցի՛չ, բայց լրջօրէն խորհողի մը համար՝ դիւրին է ըմբռնել, թէ այս կարգադրութիւնը ինքնին ո՞րքան բնական՝ նո՛յնքան բանաւոր է ամէն կերպով։

Արդարեւ, հարստութիւնը եթէ վաստկուած է արդարութեամբ եւ անկեղծ աշխատանքով՝ բարի ո՛ւժ մըն է, քանի որ կը նպաստէ իր ընտանիքին, իր շուրջը ապրողներուն եւ ամբողջ մարդկութեան եւ ապա ուրեմն հպարտութեան առարկայ ըլլալ. այդ հպարտութիւնը արդա՛ր հպարտութիւնն է։ Ուստի, հարուստը կրնայ պարծենալ, եթէ իր հարստութիւնը արդար է անխարդախ, անշուշտ, կրնայ պարծենալ։

Բայց հարստութեան արդար եւ անխարդախ ըլլալը չի՛ բաւեր. պէտք է հարուստը իր հարստութենէն բաժին հանէ աղքատներուն՝ օգնէ անոնց իրենց կարօտութեանը մէջ։

Ուրեմն, սուտ պարկեշտութեան քօղին տակ պէտք չէ արհամարհել հարստութիւնը։ Սակայն, կեղծ բարեսիրութեան պատրուարկին տակ՝ նոյնպէս պէտք չէ ըլլալ «մոլի պաշտող»ներ, ո՛չ թէ ունեցած ըլլալու համար միայն, այլ գործածելու համար զայն իբրեւ ապահով միջոց մը՝ բարձր նպատակներու համար։ Եւ այն ատեն միայն արդար եւ իրաւացի պիտի ըլլայ պարծանքը եւ հպարտութիւնը։

Մարդկային հոգին եւ մարդկային արժանապատուութիւնը պէտք է վեր պահել եւ չվիրաւորել՝ յարգել ամէն հոգեւոր եւ բարոյական արժէք, որոնք կը նպաստեն համայն մարդկութեան բարիքին եւ օգտին։ Ուստի, մարդ պարտաւ՛որ է մտածել ո՛չ միայն իր եւ իրեններուն՝ այլ նաեւ «ուրիշ»ներուն ալ հանգիստը։ Բարերարութիւնը բնական օրէնք մըն է, որուն պէտք է հնազանդի ամէն մարդ, որ ինքզինք մարդկութեան մէկ անդամը, անհատը կը նկատէ…

Եւ երբ կա՛յ այդ բնական օրէնքին համակերպութիւն եւ հաւատարմութիւն, հոն կայ նաեւ զօրութիւն, կարողութիւն եւ ո՛ւժ։

Եւ ո՛ւր կայ ո՛ւժ՝ հոն կայ ընդունակութիւն բարիին եւ օգտակարին։ Ուրեմն, եթէ կ՚ուզես իրապէս բարի ըլլալ՝ պէտք չէ՛ ատիկա ըլլայ միայն խօսքով, այլեւ գործո՛վ՝ արդարակորով ջանասիրութեամբ դէպի բարին, դէպի օգտակարը։ Եւ ինքնահաւան են այն մարդիկ՝ որոնք չեն կրցած ընդունիլ եւ իւրացնել կամ «մարսել» իրենց պատահական դիրքը եւ աստիճանը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յուլիս 2, 2026, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Յուլիս 3, 2026