ՉՈՐՍ ՀԱՅ ՕՏԱՐԱԶԳԻՆԵՐ

Հանրային վայրի մը մէջ ենք. մեզմէ քիչ մը անդին սեղանի մը վրայ չորս երիտասարդ նստած անգլերէն լեզուով տարբեր նիւթերու մասին կը զրուցեն. պահ մը ինքզինքդ կը զգաս Լոնտոնի կամ Նիւ Եորքի փողոցներուն մէջ, սակայն, պահ մը ետք իրականութիւնը կու գայ յուշելով, որ տակաւին Երեւանի մէջ ենք։ Անոնցմէ մին մի քանի անգամ սայթաքելով՝ վայրկեան մը կը սկսի հայերէն խօսիլ։ Կը մտածենք, որ սեղանին վրայ կայ օտարազգի մը եւ հետեւաբար քաղաքավարութեան օրէնքներով առաջնորդուելով՝ պէ՛տք է անգլերէն լեզուով զրուցեն։ Բաւական մը ետք հայերէն կը սկսին խօսիլ երեքը եւ մեզի կը մնայ միակ վարկած մը. չորրորդ անձը անպայման օտարազգի ըլլալու է: Յանկարծ չ՚ուշանար այդ վարկածը եւս քարուքանդ ընող ճշմարտութիւնը. չորրորդ «օտարազգի» կարծուածը եւս մէկէն ի մէկ հայերէն կը սկսի խօսիլ, սակայն, այդ «մեղք»ին գիտակցութիւնը ունենալով՝ անմիջապէս կը փոխէ դարձեալ անգլերէնի: Այս բոլորը օդին մէջ առկախ կը ձգեն հիմնական մէկ հարցում. չորս հայ երիտասարդ, այն ալ Հայաստանի մէջ, ինչո՞ւ կը հաղորդակցին օտարին լեզուով: 

Այս երեւոյթը մեզի՝ յետամնացներուս համար տրամաբանական սահմանում մը կրնայ չունենալ, սակայն, նոր սերունդը ունի իր «համոզիչ» ու «արդարացի» պատճառները, որոնք գուցէ մեր միտքի կարողութենէն վեր կը շարունակեն մնալ: 

Յետամնացներս այս երեւոյթը հետեւեալ ձեւով կը թարգմանենք. գոյութիւն ունի սերունդ մը, որ զարգացումը կը շփոթէ երեւոյթին ու կապկումին հետ. չես գիտեր ինչո՞ւ գոյութիւն ունի այն համոզումը, որ անգլերէն խօսիլ գիտցող երիտասարդը զարգացած է՝ մոռնալով, որ աշխարհի երեսին անգլերէն գիտցող, նոյնիսկ իրենց մայրական լեզուն անգլերէն եղող յիմարներու թիւը այնքան ալ քիչ չեն։ Նոր սերունդին մօտ կայ սխալ համոզում մը, որ սեփականը միշտ ալ «աղքատ» ու «հին» է, իսկ օտարինը՝ ազատ ու գերազանց: Յետամնացներուս համար այս մէկը «սխալ» է, որովհետեւ մենք կը հաւատանք, որ մարդու արժանիքը երեւոյթներով կարելի չէ դատել։ Մարդը մարդ դարձնողը իր ունեցած զարգացումն է, մտային հորիզոնն ու ըմբռնելու եւ դատելու իր կարողութիւնը, ինչ որ համաշխարհային չափանիշի մը մաս կը կազմէ եւ ո՛չ յատուկ լեզուի։ Շատ մը երիտասարդներ այս մէկը կ՚որդեգրեն ինքնահաստատուելու համար, որովհետեւ կ՚ուզեն «իմաստուն» երեւիլ ո՛չ թէ ճշմարիտ մտային կարողութիւններով՝ այլ երեւոյթներով։ Ի դէպ ըսենք, որ այս հիւանդութիւնը օր ըստ օրէ աճ կ՚արձանագրէ: Տարօրինակ ձեւով մարդիկ իմաստուն դառնալու փոխարէն կ՚ուզեն իմաստուն երեւիլ. օրինակ՝ ամբողջ գիրքէն կարդացած կ՚ըլլան փոքր հատուած մը եւ կը յաջողին այդ փոքր հատուածը այնպէս մը «ծախել», որ դիմացինը իրենց հանդէպ ունենայ «զարգացած ըլլալ»ու համոզումը: Իր մտային կարողութիւններուն վրայ վստահութիւն չունեցող մարդն է, որ որպէս զարգացած ըլլալու երեւոյթ պիտի ընտրէ օտար լեզուն, որովհետեւ անոնց միտքին մէջ կայ սխալ չափանիշ մը, որով կը կարծուի օտար լեզու չգիտցող երիտասարդը տգէտ՝ իսկ գիտցողը խելացի ու բանիմաց է: 

Մեր իրականութենէն ներս օտար մշակոյթի պաշտամունք մը գոյութիւն ունի տարածուն ձեւով։ Անձնապէս դժբախտութիւնը ունեցած ենք ճանչնալու երիտասարդներ, որոնք հայկական գրականութիւնը առանց իսկ թերթելու ունին այն համոզումը, որ օտարին գրականութիւնը շատ աւելի բարձր ու հարուստ է՝ քան սեփականը։ Օտարամոլութիւնը միայն նեղ ու տգէտ շրջանակներու մէջ որպէս «զարգացում» կրնայ դիտուիլ, որովհետեւ զարգացումն ու իմաստութիւնը լեզու կամ ազգութիւն չեն կրնար ունենալ։ Օտարինով հպարտանալն ու զարգացած ըլլալ կարծելը ուրիշ բան չէ, եթէ ո՛չ անոր պատիւը ժամանակաւոր «վարձու» առնել: Եթէ մարդիկ այս մէկը զարգանալ կ՚որակեն, ապա պէտք է հասկնան, որ ճշմարիտ զարգացածը ա՛յն է, որ իր սեփականը սորվելով, իր սեփականը պահելով կ՚ուսումնասիրէ նաեւ օտարինը։ Կատարեալ տգէտ է այն մարդը, որ իր սեփականը չսորված, չսերտած ուրիշինով կը տարուի՝ առանց իր սեփականը ճաշակած ըլլալու։ Անոնք պարզապէս կորսուածներ են։ Իմաստութիւնը սկիզբ կ՚առնէ հոն, երբ մարդ իր ունեցածին վրայ կու գայ աւելցնելու նորերը եւ անոնց ամբողջութեամբ է, որ զարգացած, իմաստուն կը դառնայ։ Անվստահ մարդու արարք է սեփականը մերժելը, որովհետեւ գիտակցութիւնը կու գայ պակասը ամբողջացնելու մէջ եւ ո՛չ թէ մերժելու։ Նոր սերունդը, եթէ հայկական մշակոյթը, հայ գրականութիւնը «նուաստ» վիճակի մէջ կը տեսնէ, ապա հեռանալու փոխարէն՝ պէտք է բարձրացնէ, նորոգէ եւ բարելաւէ զայն եւ այդ արարքն է, որ իմաստութիւն եւ զարգացում ցոյց կու տայ եւ ո՛չ թէ ուրացումն ու ամբողջութեամբ անկէ հեռու մնալը: 

Կեղծ պատկանելիութեան համար պէտք չէ զոհել սեփականը, որովհետեւ փոխ առնուած մշակոյթը, փոխ առնուած լեզուն ու քաղաքակրթութիւնը ինչքան ալ լաւ ձեւով ներկայացուի, կը շարունակէ մնալ խորթ։ Եթէ մարդ լոյս աշխարհ չէ եկած Գանատայի կամ Ափրիկէի մէջ, ինչքան ալ քաղաքացի ըլլայ, ինչքան ալ անոր մշակոյթը ըմբոշխնէ ու սեփականացնէ, երբեք կատարեալ գանատացի կամ ափրիկեցի պիտի չյաջողի ըլլալ: 

Ճշմարիտ զարգացումն ու յառաջդիմութիւնը հեռու է այս ձեւակերպութիւններէն։ Մարդ պէտք է վստահութիւն ունենայ մտապէս զարգացած ու յառաջդիմած ըլլալու մէջ։ Լեզուի իմացութիւնը, վստահաբար, գնահատելի է, սակայն, այդ մէկը մարդու զարգացման մակարդակի չափանիշ չի կրնար դառնալ։ Մայրենին որպէս սայթաքում ու նուաստութիւն նկատող երիտասարդ մը՝ իր այդ արարքով իսկ իր ոչ-զարգացած ըլլալը կը փաստէ: Մեր երիտասարդութիւնը մեր ապագան է… սակայն, մաղթենք, որ մեր իրականութենէն հեռու մնան նման երիտասարդներ, որովհետեւ այդպիսիները սեփականը կործանելէ բացի բան չեն կրնար կատարել:

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Մեծ առաւելութիւն է եւ հոգեկան մեծ բարձրացում եւ խոր վայելք անշո՛ւշտ, երբ մարդ տէրն է իր երկրին, իր ժողովուրդին, իր գոյութեան ու բախտին, որմէ զուրկ ենք մենք:

ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յուլիս 3, 2026