«ՄՏԱՑԻ ՍԻՐՏ ՄԸ»
René Pichon-ի 26 յուլիս 2026 թուականի հոգեւոր ճառը ստորեւ կը ներկայացնենք մեր սիրելի՜ բարեկամներուն։
«Մտացի սիրտ մը. որոշել եւ ընտրել, տարորոշել գէշէն լաւը, ընտրել՝ պահել այն, ինչ որ կը շինէ, դուրս նետել այն, ինչ որ կը կործանէ։
«Քու արարքներուդ հետեւանքները քննէ. անոնցմէ ընտրէ անոնք՝ որոնք խաղաղութիւն կ՚արտադրեն, ներքին խինդ եւ ուրախութիւն եւ որոնք պատճառ կ՚ըլլան անձնական աճումի եւ զարգացման։
«Հարցուր դուն քեզի.
«Այսօր զիս վերականգնող կամ կործանող ի՞նչ ըրի։ Ինքնաքննութիւնը երբեմ մի՛ թողուր։
«Իմաստուն սիրտ մը. խոհեմ հոգի մը…
«Ուղղութիւն մը տուր կեանքիդ,
«Ծայրայեղութիւններէ եւ չափազանցութիւններէ զգուշացիր,
«Հաւասարակշռութեան մէջ ապրէ,
«Ինքզինքդ զսպէ ամէն չարութեան դէմ՝ ետ կեցիր եւ անդրադարձիր վիճակիդ,
«Կեանքիդ նպատակ մը ընտրէ,
«Նպատակիդ ծառայող միջոցներ, առարկաներ դիր,
«Հարցուր դուն քեզի.
«Այսօր իմ գլխաւոր նպատակակէտս ի՞նչ է,
«Կեանքի ընթացքս ընտրած եմ,
«Անոր միջոցները յարակի՞ց են նպատակիս հետ։
«Ուշադիր սիրտ մը ունենալ.
«Նայեցէք եւ անդրադարձէք ուրիշներու,
«Թանձրացեալ պահանջքներու եւ պէտքերու ուշադրութիւն ըրէ.
«Մտիկ ընող եղիր,
«Զօրացնող, արիացնող եղիր,
«Քաջալերող եղիր,
«Ճանչցող եւ միշտ ուրիշին ուշադրութիւն ընող եւ պատասխանող եղիր,
«Հաստատող, վեր վերցնող եղիր,
«Խորհուրդ տուող եղիր,
«Օգնող եղիր,
«Պաշտպանող եղիր,
«Ուղղամիտ եւ արդարակորով եղիր։
«Օրինակ.
«Սողոմոն կ՚ունկնդրէ իր ժողովուրդին,
«Մարիամ կը տեսնէ գինիին չգոյութիւնը, պակասութիւնը՝ Կանայի հարսանիքին։
«Բնագիրը կը հաստատուի.
«Սիրով փնտռէ ուրիշներ՝ որոնք իրապէս կարօտ են, մեծ գործերու մէջ փոքր գործերու նման՝ կարեւորները անկարեւորներու պէս։
«Պատասխանատու սիրտ մը.
«Պատասխանատու ստանձնէ՝
«Ընտանիքին մէջ,
«Աշխատանքի մէջ,
«Ընկերակցութիւններու մէջ,
«Ընկերային, հաւաքական կեանքի մէջ,
«Եկեղեցւոյ մէջ։
«Այս կը նշանակէ.
«Առաջնորդել, ուղեցոյց ըլլալ,
«Ուղղութիւն մը տալ,
«Իւրաքանչիւրին օգնել՝ իր տեղը գտնելու համար,
«Միասին յառաջ տանիլ՝ դէպի հասարակաց նպատակ։
«Գանձը.
«Ճշմարիտ գանձը հարստութիւն չէ՛.
«Գանձը սիրտն է,
«Սիրտ մը՝ իմացական եւ խոհեմ,
«Սիրտ մը՝ իմաստուն
«Սիրտ մը՝ ուշադիր եւ զգայուն,
«Սիրտ մը՝ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ լեցուն»։
Արդարեւ, Յիսուս կ՚ըսէ. «Որովհետեւ, ձեր հարստութիւնը ո՛ւր որ է, հոն կ՚ըլլայ նաեւ ձեր սիրտը». (ՄԱՏԹ. Զ 21), (ՂՈՒԿ. ԺԲ 34)։
Ուստի, սիրտը՝ մարդուս հոգեւոր կեանքին կեդրո՛նն է…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 1, 2026, Իսթանպուլ