ՍԵՓԱԿԱՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ՄԷՋ «ՀԻՒՐ» ՉԵՆ ԸԼԼԱՐ
Մի քանի տասնամեակ առաջ ապրող մտաւորականներէն շատեր կը քննադատէին այն հայերը, որոնք Հայաստանը որպէս «հանգիստի» վայր կ՚ընտրէին եւ լոկ իրենց արձակուրդի ազատ ժամերը «մսխել»ու կու գային։ Այս քննադատութիւնը կը բարձրացնէին, որովհետեւ կը հաւատային, որ Հայաստանը հայուն համար որպէս «հիւր» գալու, զբօսնելու եւ հանգիստ մը վայելելու տեղ ըլլալէ աւելի՝ պարտի բառին ամբողջական իմաստով հայրենիք ըլլալ։ Անշուշտ, շատ շատերու համար ալ այդ մէկը ամբողջութեամբ հակառակ, հայրենասիրութեան վառ օրինակ ըլլալ կը թուէր, որովհետեւ սփիւռքի մէջ ապրող անհատը Եւրոպայի բազմաթիւ «հրաշալի» երկիրները ձգած կու գար իր հանգիստը հայրենիքին մէջ անցընելու եւ այսպիսով օժանդակելու նաեւ երկրի տնտեսութեան:
Զիրար հակասող այս հասկացողութիւնը մեզ կը դնէ երկու անել կացութեան դիմաց. եթէ սփիւռքահայը Հայաստանի փոխարէն եւրոպական երկիրը ընտրէ՝ պիտի քննադատուի. եթէ ընտրէ Հայաստանը՝ դարձեալ պիտի քննադատուի, որովհետեւ Հայաստանը իրենց համար լոկ հանգիստի երկիր, հիւրանոց ու սրճարան չի՛ կրնար ըլլալ: Հետեւաբար, կ՚արժէ այս խնդրին պատասխանը գտնել։
Շատ մը սփիւռքահայ զբօսաշրջիկներու մօտ կը տեսնենք սեփականութեան զգացումի պակասը։ Շատեր կ՚անգիտանան, որ Հայաստանը ո՛չ միայն Հայաստանի մէջ ապրող հայուն, այլեւ ի՛ր եւ իր նման բազմաթի՜ւ արեւմտահայերու հայրենիքն ալ է։ Այս յիշեցումը ընելու կարիքը կը զգանք, որովհետեւ կը նկատենք, որ շատեր այստեղ տեղ գտած թերութիւններուն մասին խօսելով համեմատութիւններ կը կատարեն «մեր մօտ» արտայայտութիւնը գործածելով։ Գանատան կամ Ամերիկան «մեր մօտ» նկատելն ու Հայաստանի այս կամ այն թերութիւնը քննադատելը օտարազգի զբօսաշրջիկէ մը տարբերութիւն չ՚ունենար, եթէ մարդ հայրենիքի մէջ տեղ գտած թերութիւնը ի՛ր սեփական թերութիւնը չի նկատեր, պէտք է պահ մը աչքէ անցընէ իր հայրենասիրութիւնը։ Շատ մը զբօսաշրջիկներ կը սկսին Հայաստանի հիւրանոցները համեմատել Ֆրանսայի, Իտալիոյ եւ այլ երկիրներու հիւրանոցներուն հետ. օրէնքները համեմատել տարբեր երկիրներու օրէնքներուն հետ։ Գիտէ՞ք չէ, կայ զգացում մը, որ մարդ աշխարհի ո՛ր անկիւնն ալ գտնուի, իր սեփական տան հանգիստը կարելի չէ փոխարինել այլ հանգիստով։ Նոյնը պարտի ըլլալ հայրենիքի մէջ իւրաքանչիւր սփիւռքահայու կեցութիւնը, որովհետեւ նոյնիսկ եթէ Հայաստանի հիւրանոցները, ճաշարաններն ու օրէնքները որոշ թերութիւն մը ունենան այլ երկիրներու մէջ տեղ գտած հիւրանոցներէն եւ օրէնքներէն՝ կը շարունակէ մնալ մեր սեփականը, հայունը եւ հետեւաբար թերութիւնը ո՛չ թէ հայրենիքինը կ՚ըլլայ՝ այլ անոր որդիներունը, որուն մէկ մասնիկը պարտի զգալ ինքզինք:
Նախնիները կը հաւատային, որ սփիւռքի մէջ ապրող իւրաքանչիւր հայ պարտի ունենալ օր մը հայրենիք վերադառնալու երազը։ Կը հաւատային, որ իւրաքանչիւր հայ իր ապագան պարտի տեսնել միայն ու միայն հայրենի հողին վրայ։ Հայը օտարութեան մէջ կը գտնուէր կա՛մ ճակատագրի բերումով՝ ակամայ եւ կամ լոկ աշխատանքի համար կը մեկնէր այդտեղ։ Անշուշտ, այս համոզումին մէջ մեծ դեր ունէր Հայաստանի Խորհրդային Միութեան իշխանութեան տակ գտնուիլը, որովհետեւ շատեր որպէս թէ կը սպասէին Հայաստանի անկախութիւնը՝ վերադառնալու համար Հայաստան, որովհետեւ Խորհրդային Միութեան փլուզումը քիչ մը աներեւակայելի էր ոեւէ հայու համար, սակայն, երբ իրականութեան դիմաց գտնուեցան ու Հայաստան անկախացաւ, շատ քիչեր այդ երազը իրականութիւն դարձուցին:
Մեր օրերուն բազմաթի՜ւ են այն սփիւռքահայերը, որոնք իրենց օտար երկրին մէջ կը փորձեն «փոքր Հայաստան» մը ստեղծել, սակայն, երբեք չեն մտածեր զօրաւոր ճշմարիտ Հայաստան մը ստեղծելու մասին։ Միասնական ուժով, հայրենադարձութեամբ հզօր ու մեծ Հայաստան մը կարելի է ստեղծել՝ փոխան «փոքր Հայաստանի» մը։ Այո, գնահատելի է, որ օտար երկիրներու փոխարէն մարդ կը նախընտրէ իր հայրենիքին մէջ անցընել իր հանգիստը, սակայն, երնէ՜կ, թէ այդ այցելութիւնը լոկ հանգիստով չսահմանափակուէր։ Հին ժամանակ կար մտաւորական, որ կը հաւատար, թէ ամէն հայ պարտի կտոր մը հող ունենալ իր սեփական հայրենիքին մէջ։ Մենք ալ կը հաւատանք, որ իւրաքանչիւր հայ պարտի իր յառաջացած տարիքն ու վախճանը տեսնել Հայաստանի մէջ՝ հայրենի հողին վրայ: Կը հասկնանք, որ օտար երկիրներու տնտեսական վիճակը, յաճախ օրէնքները շատ աւելի գրաւիչ ու ձեռնտու են մարդու համար, սակայն, իւրաքանչիւր սփիւռքահայ պահ մը թող մտածէր, թէ ի՞նչ կ՚ըլլար հայրենիքի վիճակը, եթէ այդտեղ ապրող իւրաքանչիւր հայ նոյն տրամաբանութեամբ լքէր Հայաստանը ու կայք հաստատէր «զարգացած» երկիրներու մէջ. ինչպէ՞ս պիտի ըլլար տեսնել մարդազուրկ Հայաստան մը՝ ամայութեան յանձնուած։ Նման պարագայի թշնամին շատ աւելի դիւրութեա՞մբ պիտի յարձակէր, եթէ այո, ապա ո՞վ ըսաւ, որ միայն Հայաստանի մէջ ապրող հայու զաւակն է, որ պարտի պաշտպանել հայրենիքը թշնամիներէն։ Սփիւռքահայը կ՚ուզէ ունենալ ամուր ու հզօր Հայաստան մը, որուն անկախութեան ու ազատութեան համար կը պայքարին այլոց զաւակները, սակայն ո՛չ իրենցը, որովհետեւ իրենք միայն հեռուէն ուրախանալու տրամադրութիւնը ունին՝ առանց երբեք մասնակցութիւն բերելու: Անշուշտ, նման պարագաներու բացառութիւնները մի՛շտ յարգելի են, սակայն, այս հոգեբանութիւնը պէտք է դնել իր ընդհանրութեան մէջ:
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Ազգերը առանց յեղափոխութեան չեն կրնար ազատիլ. ազատութիւնը նուէր չի տրուիր, կ՚առնուի:
ՏԻԳՐԱՆ ՉԷՕԿԻՒՐԵԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան