ԵՐԿԻՒՂԱԾՈՒԹԵԱՆ ՊԱԿԱՍԸ
Կեանքի մէջ յաճախ տագնապալի օրեր կը պատահին եւ շատ բնական է ասիկա, քանի որ այս աշխարհը՝ որուն վրայ կ՚ապրինք՝ երբեք վարդաստան մը չէ՛, քանի որ «այս աշխարհի վրայ նեղութիւններ միշտ պիտի ըլլան». ինչպէս յայտնապէս կ՚ըսէ Յիսուս Քրիստոս. (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։ Ուստի, հետեւինք Աստուծոյ Խօսքին եւ մտառնութեամբ որոշենք մեր առնելիք քայլերը կարենալ դիմադրելու համար տագնապները։
Տագնապի ժամանակներուն Փրկիչի մը պէտք ունինք. «Հաւատա՛ Տէր Յիսուս Քրիստոսի եւ պիտի փրկուիս». (ԳՈՐԾ. ԺԶ 31)։ Յիսուս խաչուեցաւ, որպէսզի մեզ փրկէ եւ յաւիտենական կեանք պարգեւէ, սա կարեւոր կէտն է, որուն յատկապէս ուշադրութիւն դարձնենք եւ անվերապահութեամբ վստահինք Անոր։
Այսպիսի պարագաներուն չենք կրնար անտեսել աղօթքին ազդեցութիւնը։ Զօրութիւն կայ, երբ ամէն օր ծնրադրած աղօթելու ժամանակ կը յատկացնենք։ Արդարեւ, օրուան մէջ աղօթքի պահեր որոշել՝ մեր աղօթքի սովորութիւնը ընթացիկ վիճակի պիտի վերածէ։ Ինչպէս ճաշի եւ աշխատանքի ժամեր ունինք, աղօթքի պահեր ալ որոշելու ենք։ Ուստի, Յիսուս կը թելադրէ, որ երբեմն կան անքակտելի հարցեր, որոնք միա՛յն աղօթքով եւ ծոմապահութեամբ կը լուծուին։ Եթէ մարդ լուրջ հարց մը ունի իր կեանքին մէջ, պէտք է Յիսուսի բերել զայն աղօթքով, քանի որ Աստուծոյ Խօսքը կ՚ըսէ. «Խնդրեցէ՛ք եւ պիտի տրուի ձեզի». (ՄԱՏԹ. Է 7), նաեւ. «Ինչ որ աղօթքով խնդրէք, հաւատացէք որ պիտի ստանաք եւ ձեր խնդրածը պիտի տրուի ձեզի». (ՄԱՐԿ. ԺԱ 24)։ Աղօթալի սերտողութիւնը ուժեղ է. «Հաճութիւնը Աստուծոյ Խօսքին մէջ պէտք է գտնենք». (ՍԱՂՄ. Ա 2)։
Ամէն օր Ս. Գիրք կարդալը սննդարար հոգեկան ճաշ մը ըլլալու է. եւ ո՛չ թէ անախորժ դժուարամատոյց պարտականութիւն մը։ Ուստի, նուազագոյն 15 վայրկեան յատկացնելու է Աստուծոյ Խօսքը կարդալու եւ անոր մասին խորհրդածելու եւ մտածելով աղօթելու. «Քու Խօսքդ իմ ոտքերուս ճրագ է եւ իմ շաւիղներուս՝ լո՛յս», կ՚ըսէ սաղմոսերգուն. (ՍԱՂՄ. ՃԺԹ 105)։
Անցեալը աչքէ անցընել եւ գրի առնել մանկութեան, պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան փորձառութիւնները՝ դարման մըն է կեանքի տագնապալի պահերուն մէջ մխիթարուելու համար։ Օգտաշատ վարժութիւն է այդ շրջաններուն սորվըւած դասերը յիշել եւ արձանագրել։ Այդպէս ընելով կարելի է նոյն սխալները ընելէ խուսափիլ եւ Աստուծոյ հաւատարմութիւնը վերյիշել։ Սաղմոսերգուն կ՚ըսէ. «Նախկին օրերը կը յիշեմ, Քու բոլոր գործերուդ մասին կը մտածեմ, Քու ձեռքերուդ ըրածներուն մասին կը խորհիմ». (ՍԱՂՄ. ՃԽԳ 5-6)։ Աստուած ամենավստահելին է։
Տագնապներու ընթացքին օգտակար կ՚ըլլայ ժամանակ յատկացնել նաեւ ընտանեկան յարաբերութիւնները զօրացնել։ Պէտք է մանաւանդ ժամանակ յատկացնել զիրար լաւ հասկնալու համար։ Ոմանք շատ կը խօսին, բայց պէտք է սորվիլ նաեւ մտիկ ընել։ Իսկ ուրիշներ՝ պէտք է ջանք թափեն իրենք զիրենք ազատօրէն համարձակութեմբ արտայայտելու։ Մարդ պէտք է ամէն գնով խուսփի լռակեաց ըլլալէ եւ յարաբերութեան ճանապարհը բաց պահէ։ «… Որ իր տանը աղէկ վերակացութիւն ընէ, իր զաւակները հնազանդութեան եւ պարկեշտութեան մէջ պահելու, իսկ եթէ մէկը իր տանը վերակացութիւն ընել չգիտնայ, ի՞նչպէս Աստուծոյ եկեղեցիին հոգաբարձու պիտի ըլլայ». (Ա ՏԻՄՈԹ. Գ 4-5)։ Պօղոս առաքեալ կը խօսի ընտանիքներու եւ զաւակներու լաւ վերակացուներ ըլլալու մասին։
Տագնապալի շրջաններուն մարդ ինքզինք տալու է աւելի եւս բարեգործութեան, մանաւանդ Աստուծոյ գործին։
«Միայն յօժարակամ տուող մարդէն առէք իմ ընծաս». (ԵԼԻՑ. ԻԵ 1)։ Ի հարկէ, մեր տասանորդը տալու ենք հո՛ն՝ ուրկէ մեր հոգեւոր նախնական սնունդը կը ստանանք։ Ելից Գիրքին մէջ յիշուած ժողովուրդը իրենց տասանորդէն աւելին կու տային։ Աստուած յստակ օրհնութիւններ վերապահած է անո՛նց՝ որոնք Սուրբ Հոգիին առաջնորդութեամբ իրենց նիւթականէն բաժին կը հանեն Տիրոջ գործին, գործաւորներուն եւ բարեսիրական հաստատութիւններու։
Արդարեւ, իրերօգնութիւնը՝ մարդուն առաջնակարգ կոչումն է։
Ուստի, տագնապալի շրջաններուն հաւատացեալը պէտք չէ՛ վրդովի եւ ճնշուի, այդ լուրջ հարցերով՝ զորս երկրագունդը կը դիմագրաւէ։ Հաւատացեալը պէտք է վստա՛հ ըլլայ, որ մեր Աստուածը՝ Ամենազօր, Ամենատես, Ամենագէտ, Ամենակալ, Ամենակարող… է։ Ան խոստացած է իրենները Իր աչքին բիբին պէս պահել եւ Ան հաւատարիմ է Իր խոստումին. «Չար օրուան մէջ՝ Իր բնակարանին մէջ զիս պիտի պահէ, Իր վրանին ծածկոցով զիս պիտի ծածկէ, վէմի վրայ պիտի վերցնէ զիս». (ՍԱՂՄ. ԻԷ 5)։
Ուստի, վստահի՛նք Աստուծոյ ամէն պարագայի մէջ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ