ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՎԱԽ

Մտահոգութիւն եւ վախ չեն կրնար արգիլել պատահելիք բաները, ոչ ալ կրնան դարմանել պատահելէն յետոյ։ Պատահելիք բանի մը համար հոգ ընել, սիրտ նեղել, լալ՝ պիտի չարգիլեն այն բանը։ Ասիկա կեանքի կարեւոր դասերէն է՝ որ կ՚արժէ սորվիլ։

Թէեւ մտահոգութիւն եւ վախ արգելք չեն կրնար ըլլալ պատահելիք բաներուն, բայց աղօթքը կրնա՛յ արգիլել զանոնք։ Հաւատքով կատարուած աղօթքով կարելի է անկարելին կարելիի վերածել, քանի որ Յիսուս կ՚ըսէ. «Եթէ մանանեխի հատի չափ հաւատք ունենայիք, այս թթենիին կրնայիք ըսել.- Արմատաքի խլուէ եւ ծովուն մէջ տնկուէ, ան ալ պիտի հնազանդէր ձեզի». (ՂՈՒԿ. ԺԷ 6)։ Քաջ եւ հաստատիպ մարդը՝ զօրաւոր հաւաքտ ունեցող մարդն է, որ կ՚ըսէ. «Դժուարը անմիջապէս կը կատարեմ, իսկ անկարելին՝ քիչ մը ժամանակի կը կարօտի»։ Ահաւասի՛կ, այդ «քիչ մը ժամանակ»ը՝ աղօթքի պահերն են։

Աղօթքը կը փոխէ պարագաները։

Յիշեալ բաներ՝ մտահոգութիւն, վախ եւ այլն պատահած դժբախտութիւն մը չեն կրնար մեղմացնել, չեն կրնար դարմանել, չեն կրնար բարեփոխել, բայց աղօթքը կրնա՛յ։

Արդարեւ, Աստուած չի խոստանար անվերջ ցնծութիւն, անվերջ խաղաղ օրեր, այլ նեղութիւն եւ դժուարութիւն այս աշխարհի վրայ, բայց խոստացած է ուժ եւ քաջութիւն, լոյս ճամբու վրայ, շնորհք փորձութեան մէջ, եւ օգնութիւն, անվրէպ կարեկցութիւն, եւ անհուն սէր։ «Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջասի՛րտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի». (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։

Կեանքը ընթացք մըն է՝ ճանբայ մը, որ անծանօթ է, եւ մենք այդ ճամբայէն անցած չենք, բայց Աստուած կը խոստանայ մեզի ընկերակցիլ այս ճամբորդութեան ընթացքին, մեզ առաջնորդել եւ մեզ պաշտպանել։ Աստուած մեզ միշտ կը հասնի մեր նեղութիւններուն եւ դժուարութիւններուն մէջ։

Կարեւորութեամբ պէտք է շեշտել, որ աղօթքը՝ յարատե՛ւ աղօթքը, բեռնաւորումով աղօթքը՝ բոլոր օրհնութիւններու աղբիւրն է։ Ամերիկայի 16-րդ նախագահը, աղօթքի մասին իր համոզումը սապէս արտայայտած է. «Եթէ Աստուծոյ նախախնամութեան հաւատացած չըլլայի՝ պիտի չկարենայի դիմանալ հանդիպած դժուարութիւններուս եւ խելքս պիտի կորսնցնէի», եւ կը շարունակէ նախագահ Ապրահամ Լինքըն. «Սակայն կը հաւատամ Ամենակալն Աստուած ծրագիրներ ունի եւ ամէն գնով զանոնք պիտի գործադրէ։ Կարենանք տեսնել թէ ոչ՝ անոնք կատարեալ են մեզի համար։ Միշտ կ՚աղօթեմ Իրեն եւ ուղղութիւն կը խնդրեմ Իրմէ։ Առանց Իր հաւանութիւնը առնելու՝ չեմ համարձակիր որեւէ քայլ առնելու։ Իր պատուանդանին վրայ նստող ամենէն բթամիտ մարդը եղած պիտի ըլլայի՝ եթէ երբեք կարծած ըլլայի՝ որ նախագահական պարտականութիւններս կրնայի գլուխ հանել, առանց Աստուծոյ օգնութեան եւ առաջնորդութեան»։

Մարդուս որոշումները կարեւոր դեր կը կատարեն մեր կեանքերուն մէջ եւ կրնան դարձակէտեր ըլլալ՝ եթէ լրացնենք պայմանները։ Որոշումներ կատարել կ՚ենթադրէ, որ մենք պէտք ունինք ընելու եւ ըլլալու այդ բանը, որ կ՚որոշենք ընել կամ ըլլալ։

Ուստի, մեր թերութիւնը Սուրբ Հոգին պէտք է մեզի ցուցընէ։ Միջավայրէն եւ մթնոլորտէն ազդուելով առնուած որոշումներ, շատ չեն տեւեր, բայց Սուրբ Հոգիին համոզումով առնուած որոշումներ՝ կրնան օգտակար ըլլալ։ Այս ուղղութեամբ, լաւ կ՚ըլլայ եթէ յաճախ յետադարձ ակնարկ մը նետենք անցեալին եւ տեսնենք, թէ մեր կեանքերուն համար ի՛նչ տեսակ անցեալ մը ապրած ենք։

Ինչպէս որ վաճառականներ իրենց հաշիւները կ՚ընեն տեսնելու համար, թէ օրը՝ շահո՞վ վերջացուցած են թէ վնասով, մենք ամէն մէկս, նոյնպէս պէտք է հաշուի նստինք տեսնելու, թէ մեր օրը մեզի համար վնասի՞ թէ շահի օր մը եղած է։ Եթէ հոգեպէս շահի օր մը եղած է՝ Աստուծոյ փառք տանք։ Իսկ եթէ վնասի՝ առաջքը առնելու աշխատինք, կարելին ընենք։

Ուստի, կը վայելէ, որ մենք մեզի ինկած պարտականութիւններուն մէջ հաւատարիմ ըլլանք, քանի որ Աստուած մի՛շտ հաւատարիմ է Իր խոստումներուն։ Յարգենք զԻնք, վստահինք Իրեն՝ ապաւինինք եւ հնազանդինք, հաւատքով եւ համբերութեամբ յուսանք Իրմէ ամէն ինչ եւ ամէն ժամանակ, անկեղծութեամբ պաշտենք զԻնք եւ ծառայենք Իրեն։

Եւ միշտ պէտքը զգանք Աստուածային առաջնորդութեան, քանի որ Ան է Արարիչը եւ Նախախնամը ամբողջ տիեզերքին։ Որովհետեւ. «Բարի մարդուն քայլերը Տէրոջմէ կը հաստատուին, եւ Անիկա անոր ճամբուն կը հաւնի, թէեւ իյնայ՝ պիտի չկործանի, որովհետեւ Տէրը անոր ձեռքը կը բռնէ». (ՍԱՂՄ. ԼԷ 23-24)։

Տէրը եւ Սէրը ձեզի հետ ըլլայ եւ մի՛շտ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մայիս 29, 2025, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Մայիս 30, 2025