ԻՆՉՈ՞Ւ ՏԱՌԱՊԱՆՔԸ՝ ՑԱՒԸ

Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար Արք. Աշգարեան վերջերս հրատարակեց իր վերջին թարգմանական աշխատանքը՝ ղպտի ուղղափառ քոյր եկեղեցւոյ քահանայ հայր, բժիշկ, Հելիոպոլիսի մէջ, Եգիպտոս, Ս. Մարկոս եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Տաուտ Լամէի Հ. Տատուտ Լամէի «Ինչո՞ւ տառապանքը՝ ցաւը» աշխատութիւնը: 

Այս հարցադրումը համամարդկային է, որովհետեւ բոլորս ալ մարդ ըլլալով գէթ մէկ անգամ ճաշակած ենք ցաւին դառնութիւնը եւ գուցէ հարցադրած, թէ Աստուած ինչո՞ւ համար «կ՚արտօնէ», որպէսզի մարդ արարածը ցաւի՝ երբ ինք ամենակարող ըլլալով ունի կարողութիւնը այդ բոլորը կանխելու: 

Հաւանաբար ցաւը եւ տրտմութիւնը ո՛չ միայն մարդկային, այլ նաեւ Աստուածային կեանքին մէջ իր տեղը ունի. օրինակի համար, Ծննդոցի առաջին էջերուն մէջ կը կարդանք. «Եւ ստրջացաւ Աստուած զի արար զմարդն ի վերայ երկրի, եւ մտախոհ եղեւ ի սրտի իւրում». Աստուած իր սիրտին մէջ տրտմեցաւ։ Անշուշտ, Աստուածաշունչին մէջ կարելի է գտնել բազմաթիւ դրուագներ, ուր Աստուած կը զայրանայ, կը բարկանայ, կը տրտմի ու կը ցաւի: Հետեւաբար կու գայ հետեւեալ հարցը. ցաւող Աստուած մը կրնա՞յ վերջ տալ մարդու ցաւերուն. պատասխանը լուրջ Աստուածաբանական հարց մըն է, որովհետեւ ամենակարող Աստուած ըլլալով՝ այո, կրնայ, սակայն արդար ու մարդուն կատարեալ ազատութիւն տուած Աստուած ըլլալով՝ չի կրնար: 

Անշուշտ, Հին կտակարանին մէջ յաճախ ականատես կ՚ըլլանք, որ Աստուած ի՛նք մարդուն ցաւ կու տայ. օրինակի համար, երբ կը պատժէ Ադամն ու Եւան՝ հետեւեալը կ՚ըսէ. «Բազմացուցանելով բազմացուցից զտրտմութիւնս քո եւ զհեծութիւնս քո. տրտմութեամբ ծնցես որդիս, եւ առ այր քո դարձ քո, եւ նա տիրեսցէ քեզ». կնոջ կ՚ըսէ, որ ցաւերով պիտի ծնիս որդի։ Եւ դառնալով Ադամին կ՚ըսէ. «անիծեալ լիցի երկիր ի գործս քո. տրտմութեամբ կերիցես զնա զամենայն աւուրս կենաց քոց»։ Այս տողերը կը կարդանք Ծննդոցի առաջին գլուխներուն մէջ եւ հետեւաբար կը տեսնենք, որ ցաւը թէ՛ մարդկային եւ թէ Աստուածային տեսակէտով հի՛ն է այնքան՝ ինչքան մարդկութիւնը: 

Հին կտակարանին մէջ տարբեր առիթներով կը տեսնենք արտայայտութիւն այն մասին, որ Աստուած ինք մարդուն ցաւ կը պատճառէ. օրինակի համար, Յոբ 5:17-18-ին մէջ կը կարդանք. «Զի նա ցաւեցուցանէ, եւ միւսանգամ անդրէն հաստատէ. եհար՝ եւ ձեռք նորա բժշկեցին». այլ խօսքով՝ Աստուած կը ցաւցնէ, միաժամանակ կը բժշկէ, կը խոցէ եւ նոյն ժամանակ կը փաթթուի մարդուն: 

Անշուշտ, մարդ արարած մի՛շտ ալ բողոքած է, որ ինչո՞ւ համար Աստուած մարդկութիւնը չ՚ազատեր ցաւէն. այդ բողոքը եւս հին է այնքան՝ ինչքան մարդկային պատմութիւնը. դարձեալ Հին կտակարանին մէջ կը կարդանք. «Աստուած, Աստուած իմ, նայեաց առ իս՝՝, ընդէ՞ր թողեր զիս. հեռի եղեր ի փրկութենէ իմմէ» (Սաղմոս 22:1): Այս տողը մեզի մտածել կու տայ այն մասին, թէ մարդ արարած իր դժուարութեան ժամանակ մի՛շտ կ՚ուզէ Աստուծոյ ապաւինիլ, այն մտածումով եւ գուցէ նաեւ համոզումով, որ Աստուած կրնայ զինք փրկել այդ բոլոր դժուարութիւններէն:

Սակայն, պէտք է յստակ ըլլայ, որ մեզ՝ մարդ արարածներս միւս բոլոր ստեղծուածներէն տարբերողը մեր ազատ կամքն է. բանականութիւնն է: Եթէ Աստուած ինք դէմ պիտի դնէ մեր դժուարութիւններուն, այդ պարագային ոտնախոկ կ՚ըլլայ մեր ազատ կամքը. այո՛, շատ լաւ կը գիտակցինք, որ մարդ յաճախ դէմ յանդիման կը գտնուի այնպիսի դժուարութիւններու, որ կը նախընտրէ ազատ կամքը ոտնակոխուի՝ սակայն, դուրս գայ այդ դժուարութեան մէջէն, բայց, այդ պարագային եւս կը խախտուի Աստուծոյ միւս յատկութիւնը՝ որ արդարութիւնն է: Պէտք է յստակ ըլլայ, որ Աստուած մարդ արարածին միջեւ խտրութիւն ու տարբերութիւն չի՛ դներ. այնպէս մը չէ՛, որ Յակոբը կ՚ազատէ վտանգէն եւ կ՚արգիլէ անոր ցաւիլը. մարդը իր բանականութեամբ ի՛նք կ՚ընտրէ իր ճամբան։ Այո՛, շատ անգամ իր կամքէն անկախ դէմ յանդիման կը գտնուի դժուարութիւններու, բայց, այդ մէկը եւս ինքնաբերաբար ուրիշ անհատի մը ազատ կամքի ծնունդն է. պէտք է գիտնալ, որ եթէ Աստուած խառնուէր մարդու որոշումներուն, ուրախութիւններուն, ցաւերուն ու գրեթէ ամէն ինչին, այդ պարագային մարդ արարած կը դառնար մեքենայ՝ որուն ամէն մէկ զգացումը կը ղեկավարուի վերին ուժի՝ Աստուծոյ կողմէ: Ցաւը հետեւանքն է մարդուն սխալ որոշումներուն, մարդուն ձախողութեան ու անյաջողութեան. եթէ Աստուած ինք վերահսկէր մարդկային կեանքը՝ այդ պարագային մարդու կեանքը, որոշումներ ամբողջութեամբ անիմաստ ու ապարդիւն կ՚ըլլային: 

Մարդ, իր ուրախութիւններով, ձախողութիւններով ու ցաւերով պատասխանատուն է իր կեանքին։ Աստուած չի՛ խառնուիր, որպէսզի սէրը, բարութիւնը, կարեկցանքը ըլլայ մարդուն ընտրութիւնը եւ ո՛չ պարտադրուածութիւնը: Աստուած մարդուն ստիպած չէ՛ սիրել ու բարի ըլլալ, սակայն, մարդ իր դաստիարակութեամբ, իր ընտրութեամբ որոշած է բարի ըլլայ թէ ոչ. եթէ Աստուած պիտի որոշէր, այո, կրնայ ըլլալ աշխարհը դրախտի վերածուէր, սակայն այդ պարագային մարդը կենդանիէն զանազանել հնարաւոր պիտի չըլլար, որովհետեւ մարդը տարբերող մեծագոյն արժէքը իր ազատ կամքն է, որոշելու կարողութիւնն ու բանականութիւնն է:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ցաւը մարդուն համար անէ՞ծք է:

Պատասխան. Ցաւը մարդուն համար անէծք չէ, այլ մարդկային զգացում, որով մարդ հոգեպէս կ՚աճի: Ցաւը կը ստիպէ մարդուն խորհիլ, վերլուծել իր արարքներն ու արժէքները եւ ամրապնդել ներքին դիմադրողականութիւնը: Հակառակ անոր, որ շատ անգամ ցաւը անդիմադրելի եւ անհանդուրժելի կը թուի, ցաւը կը մնայ այն ճամբան, որով մարդ կը հասնի կարեկցանքի, ինքնաճանաչման ու հասունացման: Սակայն երբ ցաւը վերածուի բեռի՝ այն ժամանակ կը դառնայ յուսահատութեան: Սակայն ցաւը անէծք չէ, այլ մարդուն աճին անբաժանելի մէկ մասն է:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Մայիս 30, 2025