ՓԵՍՏԵՐ՝ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ
Այսօր Յիսուսի մասին ունինք շատ փաստեր, որոնք կասկածները կրնան փարատել։ Զոր օրինակ՝ Իր մասին եղած եւ իրականացած մարգարէութիւնները, ինչպէս. «Եւ Յիսուս շատ ուրիշ նշաններ ալ ըրաւ Իր աշակերտներուն առջեւ, որոնք այս գիրքին մէջ գրուած չեն։ Բայց ասոնք գրուեցան որպէսզի հաւատաք թէ Յիսուս Քրիստոսն է, Աստուծոյ Որդին, եւ որպէսզի հաւատալով կեանք ունենաք Անոր անունովը». (ՅՈՎՀ. Ի 30-31)։
Բայց դժբախտաբար, ոմանք չեն հաւատար։
Հարցը փաստին մէջ չէ՛, այլ անձին հպարտութիւնն է, որ արգելք կ՚ըլլայ։
Բայց հաւատքը փաստի չի՛ կարօտիր…
Արդարեւ, Յիսուսի ժամանակ ալ շատեր Իր հրաշքները տեսան, անոնց վկայեցին, ականատես եղան, բայց տակաւին չհաւատացին։
Ուստի, եթէ մարդ չուզէր հաւատալ, սա անուրանալի ճշմարտութիւն է, թէ պատմութիւնը եւ անոր մէջ կատարուած իրականութիւններէն ո՛չ մէկը կը փոխուի։ Երբ աչազուրկ մը չի տեսներ արեւը ՝ այս չի նշանակեր, որ արեւը գոյութիւն չունի։ Ահաւասիկ, ա՛յս է ճշմարտութիւնը։ Այս ուղղութեամբ Յիսուս խաչուեցաւ, թաղուեցաւ եւ երրորդ օրը յարութիւն առաւ, որպէսզի մարդկութեան փրկութիւն տայ՝ կեանք եւ յաւիտենական կեա՛նք։
Այս իրականութիւնը պիտի չփոխուի, երբ մէկը հաւատայ կամ ո՛չ։ Բայց կեանքեր պիտի փոխուին հաւատալո՛վ։
Մարդ ի՛նք պիտի որոշէ, թէ իր յաւիտենական կեանքը ո՛ւր պիտի անցընէ՝ երկինքի եւ Աստուծոյ ներկայութեա՞ն մէջ, թէ Սատանային հետ՝ դժոխքի մէջ։
Կը պատմուի, թէ մէկը կ՚ըսէ.- Յարութեան պատմութիւնը պարզ առասպել մըն է։ Յիսուս ո՛չ միայն մեռելներէն յարութիւն առած չէ, այլ նաեւ Աստուած ալ գոյութիւն չունի, որ թոյլ չտար իր զաւկին խաչուիլը։ Ուրիշ մը կը պատասխանէ.- Ես կը հաւատամ Աստուծոյ։ Ես կը հաւատամ յարութեան։
Անհաւատը կը պատասխանէ.- Անշուշտ, դուն կրնաս հաւատալ ուզածիդ, սակայն, իրական աշխարհը յարութեան նման հրաշքի մը կարելիութիւնը կը մերժէ՛։ Յարութիւնը գիտականօրէն անկարելի բան մըն է. մարդուս բանականութիւնը չ՚ընդունիր ասիկա։ Հրաշքները ընդունող, անոնց հաւատացող ոեւէ մէկը չի՛ կրնար անարգել գիտութիւնը։
Աստուած գիտութեամբ սահմանափակուած չէ՛. Ի՛նքն է բնութիւնը եւ գիտութիւնը ստեղծողը, կը պատասխանէ հաւատացող խօսակիցը։
Հաւատացողին անսակարկ հաւատքը որպէս մարտահրաւէր ընդունելով՝ անհաւատը կ՚առաջարկէ գիտական փորձ մը կատարել։ Իր սառնարանէն հում հաւկիթ մը հանելով կ՚ըսէ.- Ես այս հաւկիթը գետին պիտի նետեմ։ Տիեզերական ձգողութեան շնորհիւ այս հաւկիթը ամենայն հաւանականութեամբ գետին պիտի իյնայ այնպիսի ուժով մը՝ որ պիտի կոտրուի։ Եւ հայեացքը ուղղելով հաւատացողին, իր առաջարկը եզրափակեց եւ շարունակեց.- Հիմա պիտի ուզէի, որ դուն աղօթէիր, որպէսզի Աստուած այս հաւկիթը պահէր, եւ ան գետին զարնուելով չկոտրուէր… Եթէ Աստուած այդ ընէ, այն ատեն դուն ապացուցած պիտի ըլլաս քու տեսակէտդ եւ հաւատքդ, եւ ես պիտի ստիպուիմ ընդունիլ, որ Աստուած գոյութիւն ունի։
Այս առաջարկին վրայ պահ մը խորհելէ ետք հաւատացեալը դանդաղ ոտք ելաւ եւ սկսաւ աղօթել.- Սիրելի Եկնաւոր Հայր, կ՚աղօթեմ, որ այս անհաւատը հաւկիթը գետին նետէ… ան հարիւր կտոր ըլլայ, եւ Տէ՛ր, կը խնդրեմ, որ այն պահուն իսկ երբ հաւկիթը կոտրուի, այս անհաւատը սրտի կաթուած մը ունենայ եւ մեռնի։ Ամէն։
Անհաւատը այլայլած՝ կարծես քարացած հաւատացեալին կը նայէր, վայրկեան մը այդպէս մնաց։ Վերջապէս ան նայեցաւ հաւատացեալին, ապա հաւկիթին։ Առանց բառ մը իսկ ըսելու ան մեծ զգուշութեամբ հաւկիթը ետ՝ սառնարանը դրաւ։
Անհաւատը նստաւ եւ սկսաւ խորհիլ…
Սիրելի՜ բարեկամներ, Աստուած կերպով մը եւ անիմանալի, աներեւակայելի կերպով հրաշքներ կը գործէ։ Ան հաւատարի՛մ է Իր ստեղծած բնական օրէնքներուն եւ հաւատարիմ մնալով օրէնքին, կրնա՛յ հրաշք գործել։
Պատմութեան մէջ ալ՝ կերպով մը չէր կոտրած հաւկիթը։ Ուստի, կարելի չէ՛ Աստուծոյ իմաստութեան խորհուրդը հասկնալ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ