ՊԷՏՔ Է ԴԷՊԻ ՎԵՐ ՆԱՅԻԼ

Մարդ արարածը սեփական անձին, կարողութիւններուն, արժանիքներուն եւ արժէքին մասին ունի պատկերացում մը, որ կը կազմուի շրջապատի, փորձառութիւններու, յաջողութիւններու եւ ձախողութիւններու հիման վրայ: Մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ կարեւոր տեղ ու դեր ունի ինքնագնահատականը, որ ինքնաբերաբար կ՚ազդէ մեր մտածողութեան, որոշումներուն ու վարքագծին վրայ։ Այդ ինքնագնահատականն է, որ կ՚որոշէ ինչպէս արձագանգել դժուարութիւններուն, քննադատութիւններուն, սակայն, ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, որ մեր անձին մասին մեր ունեցած կարծիքները միշտ իրականութեան չեն համապատասխաներ: Անշուշտ, այստեղ կայ երկու հակասական դէմքեր. ոմանք իրենց կարողութիւնները կը թերագնահատեն՝ հակառակ իրենց ունեցած հմտութիւններուն ու կարողութիւններուն, իսկ ուրիշներ այդ կարողութիւնները չունենալով հանդերձ՝ իրենք զիրենք կարող կը կարծեն։ Պատճառները այլազան են.

Այն անձը, որ իր կարողութիւնները կը թերագնահատէ, լաւապէս կը հասկնայ, որ ինչ ըսել է բարդութեան գիտակցութիւն։ Անձը, որ լաւապէս խորացած է նիւթի մը մէջ եւ ունի իմաստութիւն, լաւապէս կը գիտակցի, թէ ինչքան բան կայ տակաւին սորվելիք եւ ինքզինք իրմէ աւելի տկարներու հետ զանազանելու փոխարէն՝ աւելի իմաստուն, աւելի մասնագէտ անձերու հետ կը սկսի համեմատել եւ հետեւաբար իր ունեցած գիտելիքը՝ նոյնիսկ եթէ քիչ չըլլայ, իրեն համար փոքր կը թուի։ Մարդ շատ սորվելով իր գիտելիքը ամբողջացուցած չ՚ըլլար, որովհետեւ մարդ ինչքան սորվի, կը նկատէ, որ տակաւին որքա՜ն բան ունի սորվելիք եւ այդ է պատճառը, որ շատ անգամ շատ բան չգիտցող անձեր իրենք զիրենք «ամենագէտ» կը նկատեն։ Այդ է պատճառը, որ գիտուն մարդը շատ անգամ աւելի համեստ կը դառնայ իր գիտելիքներու գնահատման մէջ։ Անշուշտ, այդ կասկածներն ու «թերագնահատանք»ը գիտելիքի պակասի նշաններ չեն։ Ան պարզապէս կը գիտակցի, որ իր գիտելիքները սահմանափակ են: 

Մարդկային ինքնագնահատականը յաճախ ուրիշները սխալ դատելու պատճառ ալ կրնայ դառնալ. օրինակի համար, ես այս կամ այն աշխատանքը դիւրութեամբ կը կատարեմ եւ ինքնաբերաբար կը կարծեմ, որ ուրիշներ եւս այդ մէկը նոյն դիւրութեամբ պէտք է յաջողին կատարել։ Պատճառը այն է, որ մարդ իր կարողութիւնները յաճախ կը դարձնէ ուրիշները «դատել»ու չափանիշ։ Օրինակի համար, եթէ մարդ դիւրութեամբ կրնայ իր կարծիքները արտայայտել, չի կրնար յստակ ձեւով հասկնալ այն անձերը, որոնք իրենց կարծիքը արտայայտելու դժուարութիւնը ունին։ Նման մօտեցումներն են, որ կը վտանգեն մարդկային յարաբերութիւնները։ Ուրիշի մը կարողութիւնը որպէս չափանիշ պէտք չէ ընդունիլ։ Օրինակը վերցնենք հետեւեալ ձեւով. այսօր աշխարհի մէջ գոյութիւն ունի 3,363 միլիառատէր մարդ։ Մարդկային միտքը յաճախ յաջողութիւնը հետեւեալ կերպ կ՚ընկալէ եթէ ուրիշը յաջողած է՝ ապա ես ալ կը յաջողիմ։ Սակայն, մի քանի միլիառ հաշուող աշխարհին մէջ միայն երեք հազար եւ աւելի մարդ է, որ յաջողած է այդ մէկը։ Այդ իսկ պատճառով, իւրաքանչիւր անձ պէտք է ընդունիլ իր կարողութիւններուն համաձայն: 

Շատեր որոշ արժանիքներ չունենալով հանդերձ՝ իրենց ինքնագնահատականը բարձր կը պահեն։ Ոմանք կը հաւատան, որ այդ մէկը դրական ազդեցութիւն կը ստեղծէ եւ մարդ ինքզինք ուրիշներէ աւելի «վար» տեսնելու փոխարէն՝ կը սկսի հաւասար եւ նոյնիսկ տեղ մը աւելի բարձր տեսնել։ Իրականութեան մէջ, այդ մէկը ունի դրական ազդեցութիւն մը, սակայն, երբ ինքնագնահատականը չի հիմնուիր իրական կարողութիւններու եւ յաջողութիւններու վրայ, կը դառնան վտանգաւոր։ Երբ մարդ ինքզինք «ամենագէտ» նկատէ, ինքնաբերաբար, նորը սորվելու կարիքը չի զգար իր մէջ։ Իր կարողութիւնները թերագնահատողն է, որ կ՚ուզէ միշտ նորը սորվիլ. իր կարողութիւնները թերագնահատողն է, որ բաց կ՚ըլլայ քննադատութիւններու, որովհետեւ ինք գիտնալով, որ կատարեալ չէ, կը ձգտի կատարեալ դառնալու։ Մինչ իր կարողութիւնները բարձր գնահատողը այդ մէկը կ՚ընդունի որպէս ատելութիւն ու յարձակում։ Այս բոլորը պատճառ կ՚ըլլան, որ մարդ սխալ որոշումներ կայացնէ, այդ իսկ պատճառով, պէտք է փոքր տարիքէն դաստիարակութեան ճամբով մանուկին փոխանցուի ինքզինք ճիշդ ձեւով գնահատելու արուեստը, որ ինքնաբերաբար ուրիշները գնահատելու կարեւոր արժէքին մէջ եւս իր կարեւոր դերը կ՚ունենայ: 

Հետեւաբար, կեանքի մէջ յաջողութիւնները միշտ պատահականութեան արդիւնք չեն։ Ամէն որոշում, ամէն զգացում կամայ թէ ակամայ կ՚ունենայ իր ազդեցութիւնը։ Ինքնագնահատականը անոնցմէ մէկն է, որ որպէս կողմնացոյց մարդը կ՚առաջնորդէ դէպի յաջողութիւն, որովհետեւ սխալ ինքնագնահատական մը ո՛չ միայն կը վտանգէ մարդկային յարաբերութիւնները, այլեւ մարդը կ՚առաջնորդէ գոռոզութեան եւ լճացումի։ Այս բոլորը աչքի դիմաց ունենալով՝ ունինք հետեւեալ յորդորը. ամէն մարդ ինքզինք թող համեմատէ ո՛չ թէ տկար մարդոց, այլ աւելի վեր գտնուողներուն հետ։ Պէտք է դէպի վեր նայիլ ու ձգտիլ հասնիլ այնտեղ։ Վերը ձգելով դէպի վար նայիլը մարդուն դրական ո՛չ մէկ բան կը փոխանցէ: Ամէն մարդ թող ստեղծէ այնպիսի շրջապատ, ուր ճշմարտութիւնը անվախօրէն կրնայ ըսուի։ Մարդիկ կը սիրեն շրջապատուիլ անձերով՝ որոնք լոկ կը գնահատեն զիրենք։ Այդ մէկը մարդը չի զարգացներ. մարդ սորվելու պատրաստակամութեամբ պէտք է միշտ աշակերտ ըլլայ:

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Մարդկային գովեստները, պատիւները եւ հաճոյքները կը նմանին ալիքի փրփուրներու, որոնք պահ մը կան եւ անմիջապէս կը չքանան:

ԱՆԱՆՈՒՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 30, 2026