ՄԱՐԴՈՒՆ ՅԱՏԿԱՆԻՇՆԵՐԸ
Մարդը ինքն է ամբողջ տնտեսական եւ ընկերային կեանքին հեղինակը, կեդրոնը եւ նպատակը։ Ընկերային հարցը վճռողը այն է, որ Աստուծոյ կողմէ բոլորին համար ստեղծուած բարիքները իսկապէս հասնին բոլորին՝ արդար եւ հաւասարակշռեալ չափով եւ եղբայրսիրութեան նպաստով։ Եւ այս իմաստով, մարդ պարտի սիրել, հոգալ եւ խնամել իր նմանը որպէս եղբա՛յր։
Մարդիկ բազմազան կերպերով, ամբողջ մարդկային պատմութեան ընթացքին եւ մինչեւ օրս, Աստուծոյ իրենց որոնումը արտայայտած են իրենց դաւանութիւններով եւ իրենց կրօնական վարմունքներով. ինչպէս՝ աղօթքներ, զոհաբերումներ, պաշտամունքներ, խորհրդածութիւններ, եւ այլն։
Արտայայտութեան այս բոլոր կերպերը, հակառակ երկդիմութիւններուն զորս կարող են բովանդակել, այնքա՛ն ընդհանրական երեւոյթներ են, որ կարելի է մարդը կոչել «կրօնական էակ»։
Աստուծոյ տենչը դրոշմուած է մարդուն սրտին մէջ, քանի որ մարդը ստեղծուած է Աստուծոյ կողմէ եւ Աստուծոյ համար։ Աստուած չի դադրիր մարդը իրեն քաշելէ եւ մարդը միայն Աստուծոյ մէջ պիտի գտնէ իր անդադար փնտռած ճշմարտութիւնը եւ երջանկութիւնը։
Արդարեւ, կրնա՞յ առանց նպատակի ապրիլ, քանի որ ան ապագայի ըմբռնումը ունեցող արարած մըն է, եւ այս յատկութեամբ կը տարբերի եւ կը գերադասուի միւս կենդանի անբան եւ միայն բնազդով ապրող արարածներէ։ Եւ դարձեալ մարդ արարածն է, որ կ՚ապրի անցեալի, ներկայի եւ ապագայի մէջ՝ յիշատակներով եւ երեւակայութիւններով։
«Աստուած… համայն աշխարհի վրայ բնակեցուց միայն մէկ անհատէ ծնունդ առած մարդկային ցեղը. Ան ժողովուրդներուն յատկացուած ժամանակ մը սահմանեց եւ կեցութեան սահման նշանակեց, որպէսզի մարդիկ աստուածութիւնը որոնելով հասնին Անոր, նոյնիսկ խարխափելով, եւ գտնեն զԱյն, քանի Ան հեռու չէ մեզմէ իւրաքանչիւրէն։ Արդարեւ, Անով կ՚ապրինք, կը շինենք եւ կանք». (ԳՈՐԾ. ԺԷ 26-28)։
Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ. «Երբ ես ամբողջութեամբ Քու մէջդ ըլլամ, այնուհետեւ պիտի չըլլան վիշտ եւ նեղութիւն։ Քեզմով լիացած՝ կեանքս պիտի հասնի իր լռումին»։ Ուստի, մարդ եղած է հաղորդութեամբ ապրելու համար Աստուծոյ հետ, Որուն մէջ կը գտնէ իր երջանկութիւնը։
Մարդ երբ ունկնդրէ արարածներուն պատգամին եւ իր խղճմտանքին ձայնին, կրնայ ձեռք ձգել ամէն բանի պատճառը եւ վախճանը եղող Աստուծոյ գոյութեան ստուգութիւնը։
Արդարեւ, բնական բանականութեամբ, մարդը կարող է ստուգապէս ճանչնալ Աստուած՝ մեկնելով Անոր գործերէն՝ որ կը պատահին ամէն պահ թէ՛ մարդուն ներաշխարհը, թէ՛ անոր շրջապատը՝ բնութեան մէջ։ Կայ նաեւ ճանաչումի ուրիշ կարգ մը՝ որուն մարդը չի կրնար հասնիլ իր սեփական ուժերով. կարգը աստուածային Յայտնութեան։ Բոլորովին ազատ որոշումով՝ Աստուած Ինքզինք կը յայտնէ եւ Ինքզինք կու տայ մարդուն։
Ասիկա կը կատարէ յայտնելով Իր խորհուրդը, Իր հաճութեան ԾՐԱԳԻՐը՝ զոր կազմած է ի յաւիտենից ի Քրիստոս, ի նպաստ բոլոր մարդոց։ Ան Իր ծրագիրը ամբողջովին կը յայտնէ առաքելով Իր սիրելի Որդին՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը եւ Սուրբ Հոգին։
Մարդ կը ձգտի առաքինութեան։
«Ինչ որ ճշմարիտ է, ինչ որ ազնիւ է, ինչ որ արդար է, ինչ որ մաքուր է, ինչ որ սիրելի է, ինչ որ պարկեշտ է, ինչ որ բարի է առաքինութեան մէջ եւ ինչ որ գովելի է, թող միայն ասոնք զբաղեցնեն ձեր միտքը». (ՓԻԼ. Դ 8)։ Առաքինութիւնը սովորական եւ հաստատ տրամադրութիւնն է բարին գործելու։ «Առաքինի կեանքին նպատակը կը կայանայ Աստուծոյ նման ըլլալու մէջ», կ՚ըսէ Սուրբ Գրիգոր Նիւսացի։ Ուստի, մարդկային առաքինութիւնները իմացականութեան եւ կամքին ամուր կեցուածքներ են. կայուն տրամադրութիւններ. ունակական կատարելութիւններ՝ որոնք կը կանոնաւորեն մարդուն արարքները, կիրքերը եւ կ՚առաջնորդեն վարքը ըստ բանականութեան եւ հաւատքին…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 30, 2025, Իսթանպուլ