ԻՆՉՈ՞Ւ ՏԱՌԱՊԱՆՔԸ՝ ՑԱՒԸ

Այնպէս ինչպէս կեանքը, ուրախութիւնը, սէրը եւ այլ երեւոյթներ, նոյնպէս ցաւը փիլիսոփաներու ուշադրութեան կեդրոնը եղած է. օրինակ՝ Պուտտայական կրօնը իր ուսուցումներուն մէջ կը շեշտէ հետեւեալը. «Ցաւը անխուսափելի է». կին ըլլաս թէ տղամարդ, մեծ թէ փոքր, հարուստ թէ աղքատ, տգէտ թէ իմաստուն, առողջ թէ հիւանդ՝ ցաւը անխուսափելի է, թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ հոգեբանական իմաստով: 

Ցաւը այն գինն է, որ մարդ կը վճարէ բարձրանալու, որովհետեւ ցաւով է, որ մարդ կը գիտնայ, թէ ինչ է ուժին արժէքը. ցաւը կը ստիպէ, որ մարդ յաճախ լռէ, սակայն, այդ լռութեան մէջ է, որ մարդ ինքզինք կը գտնէ, հո՛ն է, որ կը սկսի ինքզինք աւելի ճանչնալ: Մարդկային կեանքի անբաժան մասն է ձախողութիւնը, սիրելիներու կորուստը, սխալ ընտրութիւնները, մինակութեան զգացումը, հիասթափութիւնը, սպասումները եւ գրեթէ բոլոր մարդկային զգացումները՝ որոնք ուրախութեան եւ ցաւին միջեւ կը տատանին: Մարդկային կեանքին մէջ մի՛շտ ալ փոփոխութիւններ կան եւ միշտ չէ, որ փոփոխութիւնը ուրախութիւն կը բերէ: 

Թէ՛ հոգեպէս եւ թէ մտապէս աճելու համար մարդ իր կեանքին մէջ պարտի որոշ ցաւ եւ անյարմարութիւն ապրիլ եւ այդ աճելու ընթացքը բացատրելու լաւագոյն ձեւը բնութիւնն է. սերմը պէտք է իր կեղեւը ճեղքէ, որպէսզի սկսի աճիլ. եթէ սերմը մնայ նոյնը՝ պտուղ չի տար: Նոյնն է նաեւ մարդը. պէտք է կոտրուի, ցաւի՝ որպէսզի յաջողի շատ աւելի լաւ արդիւնք տալ, որովհետեւ ցաւը թէեւ անհանգիստ կ՚ընէ մարդը, սակայն, միւս կողմէ, որպէս կեանքի դաս պատճառ կ՚ըլլայ, որպէսզի ան աւելիով հասկնայ, թէ ի՛նչը բարի է եւ ի՛նչը չար: Նոյն օրինակը կրնանք վերցնել օձէն. ան իր հին մաշկը կը քսէ քարերուն՝ որպէսզի իր նոր մաշկը դուրս գայ. այդ քարին քսուիլը ինքնին ցաւի խորհրդանիշն է, որովհետեւ մարդը եւս ցաւին քսուելով իր վրայէն կը նետէ հինը եւ կը փորձէ մէջտեղ հանել նորը՝ որ շատ աւելի լաւ պարտի ըլլալ քան հինը: Յայտնի սիլիսոփայ Նիցչէ կ՚ըսէ. «Այն բանը որ չի՛ սպաններ՝ կը զօրացնէ» եւ հետեւաբար ցաւը միայն ու միայն մարդը զօրացնելու կրնայ ծառայել:

Ցաւը բնական ու մարդկային է, որովհետեւ մարդ արարածը կ՚ապրի սպասումներով եւ մի՛շտ չէ, որ այդ սպասումները բաւարարութիւն կը գտնեն։ Իրականութիւնը միշտ չէ, որ կը համապատասխանէ եւ գոհացում կու տայ մեր սպասելիքներուն: Մենք կը սպասենք, որ մարդիկ գնահատեն մեր կատարած բարիքներն ու աշխատանքները, սակայն, գնահատանքի փոխարէն յաճախ հակառակը կը ստանանք։ Արդարութիւն կը սպասենք՝ սակայն անարդարութեան կը հանդիպինք, յաջողութիւններու հասնիլ կ՚ուզենք՝ սակայն մարդկայնօրէն յաճախ ձախողութեան մէջ կը գտնուինք եւ այդ բոլոր սպասումներուն բաւարարուած չըլլալն է, որ մարդուն մէջ ցաւի զգացում կը յառաջացնէ: 

Այսօր մեր շուրջ կը տեսնենք յաջողակ անձեր եւ կը կարծենք, որ անոնք ի ծնէ յաջողակներ ենք. ուսումնասիրեցէ՛ք անոնց կեանքը եւ բնականաբար այդտեղ պիտի տեսնէք ցաւը, թշուառութիւնը, անկարողութիւնն ու պայքարը, որովհետեւ իւրաքանչիւր յաջողութիւն ցաւ ու տառապանք կը պահանջէ: 

Աշխարհի մէջ այնպէս ինչպէս մահը, նոյնպէս ցաւը հասարակաց է եւ որպէս մարդ այդ ցաւն է, որ մեզ կը կապէ: Օտարի ցաւին դիմաց այսօր մարդիկ յաճախ անտարբեր չեն ըլլար (գէթ կը փորձեն չըլլալ), որովհետեւ ամէն մարդ լաւապէս գիտէ, թէ այդ ցաւը ինչ ազդեցութիւն կ՚ունենայ ուրիշին վրայ եւ որպէս փորձառու կ՚ուզէ իր աջակցութիւնը ցուցաբերել, լաւապէս գիտակցելով, որ օր մը ի՛նք եւս կամայ թէ ակամայ կրնայ ու պիտի՛ յայտնուի այդ կացութեան մէջ: 

Այսօր կը տեսնենք, որ շատեր կը փորձեն իրենց ցաւը պահել ու հանրութեան դիմաց քօղարկել. սակայն ցաւիլը, լալը, յուզուիլը ամօթ մը չէ. ան մեր կեանքի հիմնական մասն է. իրականութեան մէջ անխոցելի ըլլալը չէ՛, որ մարդը զօրաւոր կը դարձնէ. մարդ շատ աւել զօրաւոր կ՚ըլլայ, երբ ցաւերու եւ փորձութիւններու մէջէն կը յաջողի յաղթանակած դուրս գալ: Ցաւիլը, տառապիլը պէտք չէ ընդունիլ որպէս տկարութիւն. նման ապրումներ մեր էութեան անբաժան մասն են:

Հոգեբանութիւնը կը հաւատայ, որ ցաւը եւ յոյզերը պահելը վնաս են մարդու ֆիզիքական եւ հոգեկան առողջութեան համար: Ցաւը եւ տառապանքի զգացողութիւնը լռեցնելով մենք չենք ձերբազատուիր անկէ, այլ կը դարձնենք աւելի խոր, աւելի կործանիչ: Յուզումները լռեցնել կը նշանակէ զանոնք ճնշել եւ այդ ճնշուած ցաւն է, որ կը վերածուի տխրութեան եւ մարդը կ՚առաջնորդէ հիւանդութեան: Լռութեան մէջ ցաւը չ՚անհետանար, որովհետեւ միտքը եւ նոյնիսկ մարմինը չի՛ մոռնար այն բոլորը՝ որ պահուած են մարդուն մէջ: 

Առ այդ, հոգեբաններ կ՚առաջարկեն յոյզերը հանգստութեամբ արտայայտել։ Անշուշտ, անձէ անձ այդ արտայայտութեան ձեւը կրնայ տարբերիլ. շատեր արուեստի՝ գիր գրականութեան, երգի, նկարչութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ կրնան իրենց ցաւին դարմանը գտնել. պէտք է ամէն անձ ի՛նք գտնէ իր հոգիի ցաւերուն բուժումը: Մարդ ինչքան շուտ ընդունի եւ հաշտութիւն կնքէ իր ցաւերուն եւ յոյզերուն հետ, այնքան առողջ եւ ներդաշնակ կեանք կ՚ունենայ:

•վերջ

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ցաւերը պահելը լ՞աւ բան է, թէ վատ:

Պատասխան. Ցաւերը պահելը՝ մանաւանդ երկար ժամանակուան վրայ վատ բան է, որովհետեւ անոնք կը կուտակուին եւ հոգեբանական լարուածութիւն կը ստեղծեն մարդուն մէջ: Շատեր կը կարծեն, որ ցաւը չարտայայտելն ու պահելը ուժի նշան է, սակայն, այդ մէկը մարդուն մէջ կը ստեղծէ անհանգստութիւն: Աւելի լաւ է խօսիլ ցաւերու մասին վստահելի մարդու մը հետ եւ արտայայտուիլ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Մայիս 31, 2025