«ՏՈՒԷՔ ԼՈՅՍ ՈՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՊԻՏԻ ԳՏՆԷ ԻՐ ՃԱՄԲԱՆ»

Գուցէ շատեր համաձայն չգտնուին, սակայն, ընդունինք թէ ոչ, կուսակցութիւնները մեր ազգային պատմութեան մէջ ունեցած են իրենց յատուկ տեղը՝ իրենց դրական ու բացասական գործունէութեամբ։ Իւրաքանչիւր կուսակցութիւն առաւել կամ նուազ չափով իր ազդեցութիւնը ունեցած է մեր հաւաքական կեանքին մէջ. սակայն, եղած են որոշ կուսակցութիւններ, որոնք փորձած են ծնունդ առնել՝ սակայն լոյս աշխարհ եկած ժամանակ իսկ մահացած են՝ յաճախ անուն մը անգամ պատմութեան էջերուն մէջ չկարենալ ձգելով: Անոնցմէ մէկն է, օրինակ, Հայ ազատական միութիւնը, որ ունեցած է կարճատեւ կեանք մը: 

Կուսակցութեան անուանական ընտրութիւնը գնահատելի է. հայ ժողովուրդին համար ամենէն կարեւոր ու սրբազան բառերէն մէկը եղած է «ազատութիւն»ը եւ հետեւաբար «Հայ ազատական միութիւն» մը օտար պիտի չհնչէր հայ ժողովուրդի ականջին. կուսակցութիւնը կը փորձէր ծնունդ առնել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ. միութեան քաղաքականութիւնը եւս վատ չի թուիր ըլլալ. նկատի ունենալով, որ շատեր չեն սիրեր գործող կուսակցութիւնները, հետեւաբար կարիքը կար նորը ստեղծելու՝ որ կրնայ միաւորել միւսները չսիրողները եւ հետեւաբար կուսակցութիւնները չսիրողները եւս անկուսակցական չե՛ն մնար ու կ՚ունենան հակակուսակցական կուսակցութիւն մը: 

Կուսակցութիւնը, անշուշտ, ունէր իր կարգախօսը, որ տարօրինակ ձեւով հայ մտաւորականէ մը առնուած չէր. հայ մեծութիւնները մէկդի ըրած՝ նախընտրած էին ընտրել իտալացի բանաստեղծ Տանթէի խօսքերէն հետեւեալը. «Տուէք լոյս, ու ժողովուրդը պիտի գտնէ իր ճամբան». թէ ինչո՞ւ համար այս մէկը ընտրած էին՝ պարզ է. լոյսը իրենք էին, որով ժողովուրդը պիտի գտնէր իր ճամբան։ Այս մէկը, անշուշտ, մեր անձնական մտածումը չէ. կուսակցութեան նպատակներէն մէկը հիմնադիրներէն մին այսպէս կը նկարագրէ. «Հայ ազատական միութեան գլխաւոր նպատակներէն մէկը պիտի ըլլայ աչքը բանալ հայ ժողովուրդին, այսինքն տալ անոր լոյս, որովհետեւ աշխարհի վրայ ապրող ամէ՛ն ժողովուրդ այդ լոյսն է, որ կը փնտռէ եւ հետեւաբար հայ ժողովուրդին եւս պէտք էր լոյս մը: 

Անշուշտ, Տանթէին շատ հեղինակութիւն չտալու համար տողատակով ընտրած էինք նաեւ հայ բանաստեղծի մը խօսքերը, զայն քիչ մը ձեւափոխած.- Սիրէ՛ հայը թէ ըլլայ կուսակցական կամ չէզոք,- անունն է հայ, պարտ է քեզ սիրել զնա հայու պէս»: 

Անշուշտ, ընթերցողներուն ուշադրութեան կ՚ուզենք յանձնել, որ այս Ազատական միութիւնը կապ չունի Ռամկավար-ազատականներու եւ կամ Հնչակեան-ազատականներու հետ, որովհետեւ Հայ ազատական միութիւն մը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէ դուրս կը տեսնենք նաեւ Փարիզի մէջ՝ հիմնուած 1919 թուականին, որուն ներկայացուցիչն էր Վահան Թէքէեան եւ կ՚ուզէր այդ միութեան տակ համախմբել բոլոր Ռամկավարները եւ համախումբ միութեան մը վերածել. յայտնենք, որ Թէքէեանի Ազատական միութիւնը եւս ունեցած է իր պաշտօնաթերթը: 

Հայ ժողովուրդին համար ազատութիւնը միշտ ալ ունեցած է տարբեր իմաստ ու արժէք։ Այդ պատճառով է, որ Նիւ Եորքի մէջ ունեցած ենք «Ազատ» կիսամեայ հանդէսը, Գահիրէի մէջ «Ազատ Բեմ» շաբաթաթերթը, Սոֆիայի մէջ «Ազատ Խօսք»ը, Գանատայի մէջ «Ազատ Հայ»ը, Կիպրոսի մէջ «Ազատ Ձայն»ը, Աթէնքի մէջ միչեւ օրս լոյս տեսնող «Ազատ Օր»ը, Փարիզի «Ազատամարտ»ը եւ բազմաթի՜ւ ուրիշներ: 

Անշուշտ, «Հայ ազատական միութիւն»ը ծնունդ առնելէ մի քանի օրեր եւ կամ ամիսներ ետք մահուան գիրկը նետուող միակ կուսակցութիւնը չէ. կարելի է թուարկել նման բազմաթի՜ւ կուսակցութիւններ եւ այդ մէկն է, որ տարօրինակ կը գտնենք. իրականութեան մէջ եթէ ի մի խմբէք բոլոր գործող եւ կամ մեռած կուսակցութիւններու եւ միութիւններու նպատակներն ու ձգտումները, անոնց մէջ շատ յստակ ու պարզ նոյնութիւն մը պիտի տեսնէք. բոլորը կ՚աշխատին, կը գործեն, հոգի կու տան նո՛յն ազատ ու անկախ Հայաստանը ունենալու համար. սակայն, բոլորով իրենց ուժերը միացնելու եւ այդ նպատակը իրագործելու փոխարէն, կը նախընտրեն բաժան բաժան ըլլալ եւ նոյն նպատակին սիրոյն իրարու դէմ պայքարիլ: 

Հայ ազատական կուսակցութիւնը իր պաշտօնակաթերթին՝ «Ազատ Կարծիք»ին մէջ (որ ըստ երեւոյթին ունեցած է մէկ օրուան կեանք) վերոյիշեալ նպատակը ճի՛շդ ձեւով կը նկարագրէ. «Կարելի է ըսել, ապահովաբար, թէ այն եռանդեամբ, որով հայ ղեկավարներ եւ մեծ ու պզտիկ կուսակցականներ կ՚աշխատին տապալել զիրար, եթէ ջանային կործանել թշնամին, Հայաստանի վիճակը շատ աւելի նախանձելի պիտի ըլլայ»: Յօդուածագիր Արշակ Մահտեսեան կը շարունակէ իր խօսքը. «Հայերն են որ պարտին միասին աշխատիլ, գործել, տառապիլ, զոհել եւ զոհուիլ, որպէսզի Հայաստան մը ծնի: Հայերն են որ պարտին սիրել զիրար, որպէսզի Հայաստան մը ապրի»: 

Կասկած չկայ, որ այնպէս ինչպէս բոլոր կուսակցութիւնները, նոյնպէս Հայ ազատական կուսակցութիւնը կը հետապնդէր այդ սրբազան նպատակը. կարծես տեղ մը բոլորը կը հետապնդեն այդ նպատակները, սակայն ո՛չ գործով. շատ անգամ խօսքով հետապնդելը նոյնիսկ մեծ առաւելութիւն մըն է մեր ազգին համար, որովհետեւ եթէ գործը կը մնայ որպէս յիշատակ, ապա խօսքը եւս կը մնայ՝ մամուլի էջերուն մէջ որպէս բարոյական գիտութիւն՝ սակայն ո՛չ մարդկային ճշմարտութիւն:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ուժերու միացումը ազգի մը ի՞նչ առաւելութիւն կրնայ տալ:

Պատասխան. Ուժերու միացումը ազգի մը կը բերէ միաբանութիւն, համերաշխութիւն, ուժ եւ կը զօրացնէ դիմադրողականութիւնը, կը զարգացնէ տնտեսութիւնը եւ կ՚ամրապնդէ մշակութային ինքնութիւնը: Երբ ժողովուրդը ընդհանուր նպատակի շուրջ հաւաքուի, աւելի մեծ կարողութիւն կ՚ունենայ դիմագրաւելու արտաքին ճնշումները եւ ուժը կ՚ունենայ ստեղծելու եւ հասնելու երկարաժամկէտ յաջողութիւններու:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յունիս 4, 2025