ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
«Երախտագիտութիւն». իր ամենալայն իմաստով՝ խօսքով, զգացումներով եւ գործնականապէս վերադարձնել ինչ՝ որ ստացուած է ուրիշէն։ Խնդրոյ առարկայ «ստացուած»ը կրնայ նիւթական կամ բարոյական բնոյթ ունենալ եւ այդ «ուրիշ»ը՝ մեր ընտանիքն է, մեր բարեկամն է, մեր ընկերն է, մեր միջավայրը ապրուած ընկերութիւնը կամ երկիրն է, մեր ազգն է, մեր եկեղեցին է եւ ամենէն կարեւորը՝ մեր Արարիչը՝ մեր Աստուածն է։ Երախտագիտութիւնը առաքինութիւն մըն է… ուստի եւ ո՛չ ոք պիտի ուզէր «ապերախտ» կոչուիլ։
Ապերախտ է այն՝ որ երախտագէտ չէ։ Արդարեւ, գրեթէ բոլորս ալ մեր կեանքի փորձառութեան մէջ հանդիպած ենք ապերախտ մարդոց եւ զգացած ենք մեր սրտին վրայ անոնց ձգած ցաւը։ Արդար ըլլանք՝ մենք ալ ապերախտ եղած ենք յաճախ ուրիշներու եւ այս կերպով ցաւ պատճառած ենք անոնց սրտերուն։ Այս կը նշանակէ, որ ապերախտութիւնը երբեք չի պակսիր մեր բոլորին կեանքէն. հոն՝ ուր «մարդ» կայ, հոն կայ նաեւ ապերախտութիւն։ Եւ ցաւալի է մտածել եւ ըսել, որ այս իրողութիւնը չունի՛ որեւէ բացառութիւն… երանի՜ ունենար, քանի որ կեանքի փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ բացառութիւնը՝ յարգելի բացառիկներ, «եզակի՛»ներ եղած են միշտ…
Մասնագէտ հոգեբաններ եւ հմուտ հոգեւորականներ, անշուշտ, աւելի լա՛ւ կը գնահատեն, բայց մեր համեստ կարծիքով, շատեր «երախտապարտութիւն»ը իրենց անձին նկատմամբ նուաստացում մը, ստորնացում մը կը տեսնեն, ինչպէս՝ խոնարհութիւնը… մինչդեռ մէկու մը կարօտ ըլլալ եւ անկէ օգտուիլ ինչո՞ւ նուաստում ըլլայ, քանի որ ամէն մարդ իրարու կարօտ է եւ ամէն մարդ տարբեր յատկութիւններով եւ կարողութիւններով օժտուած է։
Երախտապարտ ըլլա՛նք. այսօր եւ միշտ։ Երախտապարտ՝ մեր ընտանիքին, մեր ծնողներուն, որոնք համբերութեամբ եւ զոհողութեամբ օգնած են մեզի մեր ամբողջ կեանքի ընթացքին։ Երախտապարտ՝ մեր բարեկամներուն՝ անկեղծ եւ ճշմարիտ բարեկամներուն. բոլոր անոնց՝ որոնք կաթիլ մը սէր նուիրած են մեզի, բայց անկեղծ եւ ճշմարիտ սէր, տուած են ժպիտ մը, օգնութեան ձեռք երկարած, յոյս ներշնչած են՝ որպսէզի դիմանանք կեանքի անվերջ պայքարին։ Երբ հիւանդացած ենք՝ մեր սնարին քով հսկած, երբ անօթեցած՝ իրենց հացի պատառը մեզի հետ կիսած, «բարեկա՛մ» եղած են մեզի. անոնք անկեղծ, ճշմարիտ բարեկամներ են՝ հազուագիւտ, եւ այնքան թանկագին, այնքան սիրելի՜…
Նայինք մեր չորս դին եւ գտնենք մէկը՝ որ մեր կեանքը քաղցրացուցած է, մեր տխրութիւնը փարատած եւ մեր լացը՝ ուրախութեան վերածած։
Երախտապարտ ըլլանք բոլոր անոնց՝ որոնք անկեղծ եւ ճշմարիտ «բարեկա՛մ»ներ եղած են։ Բայց հոս ալ արդար ըլլանք, քննենք մենքզմեզ եւ տեսնենք, որ մենք ո՞րքան «բարեկամ» եղած ենք ուրիշներուն հանդէպ։
Դիւրին է «ուրիշ»էն սէր եւ բարեկամութիւն սպասել եւ քննադատել «ապերախտ»ները, բայց դժուարը՝ մեր ո՞րքան «բարեկամ» ըլլալը քննելն է։ Ուստի, երախտապարտ ըլլանք նաեւ, որոնք ցաւ պատճառած են մեզի, զլացած են իրենց բարեկամութիւնը մեզմէ եւ անոնց «չարիք»ը բարիով փոխադարձենք, քանի որ չարիքի փոխարէն բարիք ընելը, ապերախտութիւնը երախտագիտութեամբ փոխարինել գերմարդկային է՝ իսկ բարիքը բարիքով, սէրը՝ սիրով փոխադարձել, մարդկայի՛ն։ Ազնուութիւն է՝ ապերախտին երախտապարտ ըլլալ։
Բայց անպայմա՛ն երախտապարտ ըլլանք Աստուծոյ՝ որ գոյութեան միակ պատճա՛ռն է…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 3, 2026, Իսթանպուլ