ԳԵՂԵՑԻԿԸ
«Գեղեցիկը՝ ճշմարտութեան շքեղութիւնն է», կ՚ըսէ Պղատոն։ Ուստի, կան բառեր՝ որոնք անվերջ եւ միատարր հրապոյր մը ունին։ Հրապոյր մը խորունկ՝ երկինքի պէս եւ անզոյգ՝ լուսնի նման։ Անոնք կը պատկերեն գաղափարի մը անհունը։ Իրենց տարտամ վսեմութիւնը՝ խորին ճշդութեան մը ընդարձակ չափի մը եւ հորիզոնագիծ շրջանակի մը մէջ առնուած՝ կը պարունակէ շարք մը բարոյական եւ երկրաչափական գաղափարներու ճշդութիւնն ալ։
Այսպիսի բառ մըն է «ԳԵՂԵՑԻԿ»ը։
«Գեղեցիկը՝ ո՞ւր կը գտնուի ան, ա՜հ…», պիտի գոչեն կարգ մը յոռետեսներ։
-Ամէ՛ն տեղ։
Բայց զայն ճանչնալը շա՛տ դիւրին, շատ ալ դժուարին գործ մըն է։
Եւ նախ պէտք է ընդունիլ յառաջագոյնէ՝ թէ գեղեցիկ բնութեան մէջ չկա՛յ տգեղ բան։ Ինք բնութիւնը՝ իր ամբողջութեամբը գեղեցկութի՛ւն անհաղորդական՝ ամէն րոպէ հանելու եւ սնուցանելու վրայ է իր արգասաւոր ծոցէն համեմատական գեղեցիկներ՝ բացարձակ գեղեցիկներու միջոցով։ Եւ երբ ըսենք, թէ այդ համեմատական գեղեցիկներն են ճշմարիտները եւ բարիները, տուած կ՚ըլլանք «գեղեցիկ»ին լայն սահմանը։
Փիլիսոփայական սխա՛լ մըն է տրոհել, անջատել իրարմէ ճշմարիտը, գեղեցիկը եւ բարին։ Ճշմարիտը մի՛շտ բարի է, եւ բարին՝ յաւէ՛տ գեղեցիկ. որով գեղեցիկին մէջ ըլլալու են հարկաւորաբար ճշմարի՛տն ալ, բարի՛ն ալ՝ այդ երկուքէն իր վայելչութեամբը միայն երբեմն լայնագոյն ըլլալով գեղեցիկը։ Բացարձակ գեղեցիկ են՝ աստղերը, արեւը, լուսինը, ցերեկը եւ գիշերը, աշխարհը՝ իրենց իսկութեամբը եւ վեհափառ ներգործութեամբը։ Ո՞վ կը համարձակի ըսել, թէ անոնք բարի եւ ճշմարիտ ալ չեն. մանաւանդ ո՞վ կը յանդգնի՝ բաց աչքով՝ անոնց միասնական ներգործութեան արդիւնք արարածներուն համար ըսել՝ թէ գեղեցիկ չեն իւրաքանչիւրը իր բուն դիրքին մէջ, իբր համեմատականներ։ Եւ այս երկու կարգի գեղեցկութիւններուն բովանդակը չէ՞ մեծ գեղեցկութիւնը, նոյնինքն ամբողջ անհուն գոյութիւնը։ Մի՛ կարծեր, որ ծաղիկներու մէջ վա՛րդն է միայն գեղեցիկը. առաջին անգամ ծաղիկներու զայն անուանողը՝ ո՛չ թէ նոր «բացարձակ գեղեցիկ» մը գտած է ծաղիկներուն մէջ, այլ յայտնած ըլլալու է ի՛ր իսկ ճաշակը՝ լծորդուած անշուշտ մասնական դէպք մը։ Ամէն ծաղիկ՝ կեղծէն զատ՝ գեղեցի՛կ է։
Նմանապէս, տունիդ անկիւնը պահուած տմոյն սարդէն մինչեւ վեհ խրոխտաբաշ առիւծը՝ իրենց կարգին՝ գեղեցիկ են, եւ ա՛յդ իսկ է իրենց գոյութեան բնական պատճառը։ Տգեղը՝ սո՛ւտն է, չա՛րն է, վիժա՛ծն է։ Եւ ո՞վ կը մեղանչէ գեղեցիկին, եթէ ո՛չ ան, որ կը զարդարուի անոր անհարազատ գոյնովը, այնպիսին տգե՛ղ է՝ քանի որ դաւաճանած է բարիին ա՛լ, ճշմարիտին ա՛լ։
Անգամ մը ընդունելէ ետք թէ արեգակին տակ բարի է ամէն բնական բան, բարի՛ է ուրեմն ա՛ն, որ կը ներկայանայ իր ճշմարիտ կերպարանքովը. մարդո՛ւն, անբարի՛ սո՛ւտ մարդուն եղծումն է՝ որ հանրական այս բարիներուն մէջ կը յերիւրէ տգեղներ։
Չվատթարած մարդուն ներսը՝ գեղեցիկին ճաշակը բո՛ւռն է եւ բնական, եւ անհատին նախկին այս բերումը ընտրական՝ սեռական գեղեցկութեան համար ալ գրեթէ մի՛շտ անսխալ կ՚ըլլայ, երբ ոգեւորուած է բարի դիտումով եւ ճշմարիտ համակրութեամբ։
Արդարեւ, մարդու եւ միւս արարածներու գեղեցկութեան պէս են՝ ոճին գեղեցկութիւնը, գնացքին գեղեցիկը, գործին գեղեցիկը։
Աստուածաշունչի ոճին գեղեցկութիւնը՝ իր սեղմ ճշմարտութիւններու եւ պարզութիւններու մէջ է. անոր համար յաւիտենական մատեանը եղած է մարդկային ազգին մեծ մասին։ Եթէ, զոր օրինակ, Յովսէփի գեղեցկութիւնը իր բարութեան եւ անկեղծութեան մէջ չըլլար՝ չէր կրնար յաղթահարել տգեղ նախանձը եւ չէր տիրանար այն մեծ փառքին։ Նոյն եւ աւելի մեծ համեմատութիւններով՝ Յիսո՛ւս։
Դիտեցէք մեծ մարդոց վարքին եւ կենսագրութեան լայն գիծերուն անընդհատ գնացք, եւ պիտի տեսնէք, որ անոնք՝ ամէն վճռական պարագաներու մէջ՝ անխախտ կեցած այդ գիծերուն վրայ՝ բարիին եւ ճշմարիտին ախոյեանները եղած են։ «Այրիին լուման». (ՄԱՐԿ. ԺԲ 41-44), (ՂՈՒԿ. ԻԱ 1-4), ամենէն գեղեցիկն էր ողորմութիւններու գործերուն, քանի որ իր պարզ առատութեամբը անկեղծ եւ յորդապէս բարի՛ էր։
Նմանութիւններ տգեղ են միշտ՝ նախատիպէն հեռանալնուն չափով։
Արուեստը՝ իբրեւ պաշտօնեայ նմանութիւններու՝ յաւիտեա՛ն պզտիկ պիտի մնայ նմանելով գեղեցիկ բնականին՝ ըլլա՛յ մօտէն, ըլլա՛յ հեռուէն։ Մանկութեան գեղեցկութիւնը՝ իր սկզբնական վայելչութեան եւ անարուեստ պարզութեան մէջ է. երբ ունակութեամբ արուեստակել սորվի՝ ա՛լ անցած է տգեղութեան սահմանը։ Երիտասարդութեան գեղեցկութիւնը՝ իր առոյգ եռանդին համարձակութեան եւ սոսկ անկեղծութեան մէջ է, երբ պատրուակէ այդ իր բերումները՝ ա՛լ խերը տես երիտասարդութեան ալ, գեղեցկութեան ալ։ Ծերութեան գեղեցկութիւնը՝ իր համեղ հաճելի փորձառութեան, գիտուն բարութեան, իր սրտին եւ գլխուն անբիծ սպիտակութեան մէջ է, երբ այդ հանգամանք գունատեցա՜ն անհարազատ երանգներով՝ ծերութիւնն ալ կը դառնայ կ՚ըլլայ «չարածերութիւն» մը, եւ անոր գեղեցկութիւնը՝ ծիծաղելի պիտակութիւն մը անժամ…
Երբ աշխատինք անխաթար պահել մեր սրտին խորը ստոյգ պարզ եւ բնական գեղեցիկին լարերը, որոնք մարդը բնութեան կցորդող ամուր թելերն են, ինք՝ բնութիւնը պիտի գործակցի մեր այդ աշխատութեան եւ պիտի պսակէ մեր պարզ ճիգերը քաղցր երկարակեցութեամբ։ Արդարեւ, այդ լարերն են մեր խորագոյն բնազդները բարիին եւ ճշմարիտին համար, որոնք միշտ կը բողոքեն մեր սխալ ընտրութիւններուն եւ խորթ ունակութիւններուն դէմ եւ անշշունջ կը դատապարտեն մեր տգեղ յաւելուածները։
Կեանքէն աւելի գեղեցիկ ի՞նչ կայ արեգակին տակ, եւ բնական կենցաղէն աւելի ի՞նչ բան աւելի եւս կը գեղեցկացնէ եւ կ՚երկարատեւէ այդ չքնաղ պարգեւը։ Անբնակա՛ն սեթեւեթեալ կենցաղն է՝ որ կը տգեղցնէ կեանքը եւ կը փութացնէ երկրի վրայ ամենէն տգեղ երեւոյթը՝ մա՛հը, մարդուն տգեղ արտուղութիւններու ամենատգե՛ղ այդ ծնունդը։
Արդարեւ, «սրտով մաքուրներուն» խոստացուած է տեսնել Աստուած դէմ առ դէմ եւ ըլլալ նման Անոր։ Սրտի մաքրութիւնը նախապայմա՛նն է այդ տեսութեան։ Ան այսօրուընէ թոյլ կու տայ մեզի դիտել Աստուծոյ աչքերով, ընդունիլ ուրիշը իբրեւ «մերձաւոր» մը, ան թոյլ կու տայ մեզի դիտել մարդկային մարմինը, մերը եւ ուրիշինը, իբրեւ մէկ տաճարը Սուրբ Հոգիին, իբրեւ մէկ յայտնութիւնը աստուածային գեղեցկութեան։
Բնութեան օրէնքով ամէն բան՝ որ գեղեցիկ է՝ կեանքի, եւ ամէն բան՝ որ տգեղ է՝ մահուան կը կոչուի. ըստ այսմ՝ արուեստներու եւ փիլիսոփայութիւններու ամենէն գեղեցիկը ա՛ն ըլլալու է, որ կ՚ուսուցանէ ըլլալ միշտ պարզօրէն գեղեցիկ, կամ՝ սահմանը կրկնելով՝ բարի եւ ճշմարի՛տ։
Բնականը, պարզը եւ չափաւորն են, որ կը գեղեցկացնեն կեանքը եւ մարդը։
Արուե՛ստ մըն է գեղեցիկ ըլլալ եւ այդ արուեստին մեծ վարժապետը՝ ինք մայր բնութի՛ւնն է։
Չխորթանա՛նք մայր բնութեան։
Վերջացնենք Կէօթէի գեղեցկութեան մասին խօսքերովը. «Գեղեցկութիւնը կրնայ պարտել ամէն սրտնեղութիւն եւ բարկութիւն»։
«Գեղեցկութիւնը մա՛րդ չ՚ուզեր, որ բաժնէ ուրիշին հետ, ան որ գեղեցկութեան տիրացած է, իրեն ընկերակից չ՚ընդունիր ի գին ամէն ինչի, իրեն կը վերապահէ զայն»։
«Խօսքը կը գեղեցկացնէ մարդը»։ (Կէօթէ «Ֆաուսթ»)։
Բարի խօսքը կը գեղեցկացնէ մարդը իրապէ՛ս…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ