ԱՌԱՆՑ ԱՍՏՈՒԾՈՅ՝ Ո՛Չ ԻՍԿ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆ

Մարդուն արժանապատուութեան ամենավսեմ երեւոյթը կը գտնուի մարդուն Աստուծոյ հետ հաղորդակցելու կոչումին մէջ։ Այս հրաւէրը, զոր Աստուած կու տայ մարդուն երկխօսելու Իրեն հետ, կը սկսի մարդկային գոյութեան հետ։ Որովհետեւ մարդը եթէ գոյութիւն ունի, պատճառը այն է, որ Աստուած ստեղծեց զինք սիրով եւ չի դադրիր սիրով անոր գոյութիւն տալէ եւ մարդը լիովին չ՚ապրիր ըստ ճշմարտութեան, եթէ ոչ ինքնակամ ճանչնալով այս սէրը եւ ինքզինք տալով իր Արարչին։ Արդարեւ, Աստուծոյ տենչը դրոշմուած է մարդուն սրտին մէջ, քանի որ մարդը ստեղծուած է Աստուծոյ կողմէ եւ Աստուծոյ համար։ Աստուած չի դադրիր մարդը իրեն քաշելէ եւ մարդը միա՛յն Աստուծոյ մէջ պիտի գտնէ իր անդադար փնտռած ճշմարտութիւնը եւ երջանկութիւնը։

Մարդը իր բացումով դէպի ճշմարտութիւնը եւ գեղեցկութիւնը, իր զգացումներով բարոյական բարիին, իր ազատութեամբը եւ իր խղճմտանքին ձայնով, անհունին եւ երջանկութեան իր տենչանքով, մարդը ինքզինք կը հարցաքննէ Աստուծոյ գոյութեան եւ էութեան մասին։

Այս բոլորին ընդմէջէն ան կը նշմարէ նշանները իր աննիւթական հոգիին։ Իր հոգին, սերմ յաւիտենականութեան՝ զոր կը կրէ իր մէջ եւ որ անվերածելի է լոկ նիւթին, իր ծագումը չի կրնար գտնել, եթէ ոչ միա՛յն Աստուծոյ մէջ։ Այսպէս՝ զանազան ուղիներով մարդը կարող է մատչիլ ճանաչումին իրականութեան մը գոյութեան՝ որ առաջին պատճառն է եւ վերջնագոյն վախճանը ամէն բանի «եւ զոր ամէնքը կը կոչեն Աստուած». (Սուրբ Թովմաս Աքուինացի)։

Աստուած, Իր վերանցականութեան պատճառով, տեսանելի պիտի ըլլայ ինչպէս որ է՝ միա՛յն երբ Ինքն Իր խորհուրդը պիտի բանայ մարդուն անմիջական վերհայեցողութեան եւ Ինք այդ կարողութիւնը անոր պիտի տայ։ Աստուծոյ Իր երկնային փառքին մէջ այս վերհայեցողութիւնը Եկեղեցւոյ կողմէ կոչուած է «երանաւէտ տեսութիւն»։

Երջանկութիւնը, արդարեւ, պէտք չէ շփոթել ժամանակաւոր ուրախութեան կամ անցաւոր հաճոյքի հետ։ Երջանկութիւնը տեւականութիւն կ՚ենթադրէ։ Ան բարի եւ աստուածահաճոյ կեանքի մը արդիւնքն է. երջանիկ ըլլալ, երանելի վիճակի մէջ ըլլալ կը նշանակէ՝ հասնիլ նպատակի մը՝ որ ճշմարտութի՛ւն է։ Ուստի, մարդուն կոչումը եւ նպատակը՝ կատարեալ ըլլալ է Իր Արարիչին նման։ Կատարեալին հասնելու միակ ճամբան Աստուծոյ միացնող ճամբան է։ Երջանկութիւնը նպատակ չէ՛։

Երջանկութիւնը, այս իմաստով ամբողջ կեանքի մը մէկ մասն է եւ քանի որ կեանքը պայքար մըն է, ապա ուրեմն, երջանկութիւնը թերութիւններով, տկարութիւններով, տանջանքներով, դժուարութիւններով, զրկանքներով, ձախողանքներով եւ ամէն տեսակ նեղութիւններով լեցուն կեանքի մը մէջ պա՛հ մըն է եւ այդ պահուն տեւականացումը՝ երանութի՛ւն։ Ուրեմն, պայքարը զարգացման դէպի լաւի եւ դէպի կատարելութեան մղիչ ուժն է։

Սուրբ Կիպրիանոս Կարթագինացի կ՚ըսէ. «Ասիկա պիտի ըլլայ քու փառքդ եւ քու երանութիւնդ, երբ ընդունուիս Աստուած տեսնողներուն մէջ, ունենաս պատիւը մասնակցելու փրկութեան ուրախութիւններուն եւ յաւիտենական լոյսին՝ քու Տէր Աստուծոյ Քրիստոսի ընկերութեան մէջ (…) երբ ձեռք ձգուած անմահութեան ուրախութիւնները վայելես երկինքի Արքայութեան մէջ, արդարներուն եւ Աստուծոյ բարեկամներուն ընկերութեան մէջ»։

Արդարեւ, Քրիստոսի ճանապարհին համառօտութիւնը՝ երանութիւններն են, միակ ուղին՝ դէպի յաւիտենական երջանկութիւնը՝ որուն կը տենչայ մարդուն սիրտը։

Bertrand Arthur William Russell (1872-1970թթ.), 20-րդ դարու իմաստասէրը կ՚ըսէ, թէ «Մարդ պէտք է նպատակի մը համար պայքարի, որպէսզի երջանկութեան հասնի»։ Արդարեւ, Russell-ին Քրիստոսի համաձայն գաղափար մը յայտնած ըլլալը շատ հետաքրքրական է…

Քրիստոս Իր «Երանի՜»ներուն մէջ արդէն յայտնած է, որ երջանկութիւնը պայքա՛ր կը պահանջէ։ Ուստի, երջանկութիւնը թերի կը մնայ, եթէ անոր մէջ որպէս «կեանք» Աստուած ներկայ չըլլայ։

Երջանկութեան նպատակն է մարդասիրութիւն, իրերօգնութիւն, բարեգործութիւն եւ Աստուծոյ հետ հաշտ ըլլալ, ինչ որ խաղաղութեան համար անհրաժեշտ է։ Բայց ընկերութեան մը մէջ եթէ մէկ հոգի իսկ երջանիկ չէ, այդ երջանկութիւնը կատարեալ չէ՛։

Մարդուն նպատակը եթէ երջանիկ ըլլալ է, պէտք է Աստուծոյ հետ միանայ, Անոր նմանի եւ հաշտ ապրի Աստուծոյ եւ արարածներուն հետ։ Այս ալ կը նշանակէ, թէ երջանիկ ըլլալու համար անհրաժեշտ է ներքին խաղաղութի՛ւն։ Ասոր համար ալ պէտք է աստուածային ճշմարտութիւններուն անդրադառնալ, պէտք է ճանչնալ զԱստուած։

Երանութիւնները կը համապատասխանեն մարդուն երջանկութեան բնական բաղձանքին։ Այս բաղձանքը աստուածային ծագում ունի. Աստուած դրաւ զայն մարդուն սրտին մէջ, որպէսզի քաշէ զինք Իրեն, որ միակ կարողն է լիացնելու զինք։

Այս առթիւ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ. «Մենք ամէնքս անտարակոյս կ՚ուզենք ապրիլ երջանիկ եւ մարդկային ցեղին մէջ չկայ մէկը, որ չտայ իր հաւանութիւնը այս առաջարկին, ան տակաւին լման չբանաձեւուած։ Արդեօք ես ի՞նչ ձեւով կը փնտռեմ Քեզ, Տէ՛ր։ Որովհետեւ Քեզ փնտռելով, Աստուած իմ, ես կը փնտռեմ երջանիկ կեանքը։ Ըրէ՛ որ Քեզ փնտռեմ, որպէսզի ապրի հոգիս, որովհետեւ մարմինս կ՚ապրի հոգիովս, իսկ հոգիս կ՚ապրի Քեզմով»։

Իսկ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի կը համառօտէ՝ ըսելով. «Միա՛յն Աստուած յագուրդ կու տայ»։

Երանութիւնները կը յայտնեն մարդկային գոյութեան նպատակը եւ վերջին վախճանը մարդկային գործերուն. Աստուած մեզ Իր երանութեան կը կանչէ։ Այս կանչը կ՚ուղղուի անձնապէս մեզմէ իւրաքանչիւրին, ինչպէս նաեւ ամբողջ Եկեղեցիին՝ ժողովուրդին, որ «նոր ժողովուրդ»ն է՝ բաղկացած մարդոցմէ, որոնք խոստումը ընդունեցին եւ զայն կ՚ապրին հաւատքով։

Երանութիւնները կը յայտնեն դասաւորում մը երանութեան շնորհքի, գեղեցկութեան եւ խաղաղութեան՝ որ է երջանկութի՛ւն։

Եթէ մարդիկ չճանչնան զԱստուած, այն ատեն ձեռակերտ աստուածներ՝ կուռքեր կը շինեն եւ անշուշտ անոնք երջանկութիւն չեն տար իրեն։ Իսկ եթէ անդրադառնայ մարդ Աստուծոյ, այն ատեն ահաւասիկ երջանիկ կ՚ըլլայ, քանի որ սուտ աստուածը՝ սուտ երջանկութիւն, իսկ ճշմարիտ Աստուածը՝ ճշմարիտ երջանկութիւն կու տայ։ Եւ ուրեմն, երջանիկ ըլլալու ճամբան Աստուած ճանչնալն է եւ այդ ճամբան Եկեղեցի՛ն է։ Ողորմութիւն, աղօթք, ծոմապահութիւն, պահք միջոցներ են բարի՛ ըլլալու։

Անհրաժեշտ է ճանչնալ զԱստուած այն բանին համար, որ մարդը երբ տէր չէ բանի մը, այլապէս անոր գերին է։ Ուստի, մարդ եթէ տէր չըլլայ իր «ԵՍ»ին՝ անոր գերին կ՚ըլլայ։ Այն ինչ որ մարդուս կեանքին բնական եւ սովորական դարձած է եւ մարդ չի պայքարիր, չ՚ընդդիմանար անոր տիրապետութեան, անոր գերին կը դառնայ ի վերջոյ։ Նախապաշարումները, այս կարգին, յատկանշական «տէր»եր են՝ որոնք գերի կը դարձնեն ենթական եւ ասոր նման բոլոր վատ ունակութիւններ՝ արմատացած սովորութիւններ։

Եւ այն՝ որ գերի է, երբեք երջանիկ չի՛ կրնար ըլլալ…

Զոր օրինակ, ստամոքսին գերին ըլլալ մարդս կը հեռացնէ Աստուծմէ, քանի որ մարդ միայն հացով չէ՛ որ կ՚ապրի, այլեւ Աստուծոյ Խօսքով նաեւ։ Եւ այս իմաստով, մարմինը մարդս կը քաշէ դէպի Աստուծմէ հեռո՛ւ։

Կեանքի մէջ յաջողութեան եւ կատարելութեան հասնելու համար անհրաժեշտ են՝ շարունակականութիւն, հաստատամտութիւն եւ համբերութի՛ւն։ Եւ աշխարհային տեսանկիւնէն՝ երջանկութիւնն ալ որպէս նպատակ «յաջողութիւն» է։

Ուստի, ճշմարիտ երջանկութեան բաղձանքը կ՚ազատագրէ մարդը այս աշխարհի ինչքերուն անչափ փարումէն եւ զայն կը կատարելագործէ Աստուծոյ տեսութեան եւ երանութեան մէջ։ Այս իմաստով, ահաւասիկ, Սուրբ Գրիգոր Նիւսացի կ՚ըսէ. «Աստուած տեսնելու Խոստումը կը գերազանցէ ամէն երանութիւն։ Աստուածաշունչին լեզուով, տեսնելը՝ ունենա՛լ է։ Աստուած տեսնողը, արդէն ընդունած է ամէն բարիք, զոր կարելի է պատկերացնել»։

Խոստացուած երջանկութիւնը կը դնէ մեզ բարոյական վճռական ընտրանքներուն դիմաց։ Ճշմարիտ երջանկութիւնը չի կայանար աշխարհային հաճոյքներու մէջ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարտ 3, 2025, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Մարտ 5, 2025