ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԱՄՔԸ ԵՒ ԱՂՕԹՔ

Երբ կ՚աղօթենք, ինչպէս Տէրունական աղօթքին մէջ, «եղիցին կամք Քո…» կ՚ըսենք, այսինքն Աստուծոյ կամքին համաձայն կը ներկայացնենք մեր խնդրանքները։

Ոմանք կրնան խորհիլ, թէ՝ եթէ Աստուծոյ կամքը պիտի կատարուի աղօթքով՝ որեւէ բան խնդրել անիմաստ է։ Բայց այսպիսի մտածում մը մեզ կը տանի բոլորովին ճակատագրապաշտութեան, ինչ որ քրիստոնէական վարդապետութեան ներհակ է։ Քրիստոնէութիւնը երբեք չ՚ընդունիր «ճակատագիր»ը։ Արդարեւ, Սուրբ Իգնատիոս Լոլոլայի վերագրուած խօսքով՝ պէ՛տք է աղօթել այնպէս իբր թէ ամէն ինչ կախում ունենար մեզմէ։

Արդարեւ, Պօղոս առաքեալ իր նամակին մէջ կը գրէ. «… կը փափաքի Աստուած, մեր Փրկիչը, որ կ՚ուզէ որ բոլոր մարդիկը փրկուին եւ հասնին ճշմարտութեան». (Ա ՏԻՄ. Բ 3-4)։ Եւ դարձեալ Պետրոս առաքեալ կը գրէ. «Տէրը չ՚ուշացներ իր խոստումին կատարումը, այնպէս՝ ինչպէս ոմանք կը հասկնան ուշացումը։ Տէրը պարզապէս համբերութիւն ցոյց կու տայ ձեզի հանդէպ, որովհետեւ չ՚ուզեր որ ոեւէ մէկը կորսուի, այլ՝ կ՚ուզէ որ բոլորն ալ ապաշխարելու առիթ ունենան». (Բ ՊԵՏ. Գ 9)։

Ուստի, աղօթքով՝ մենք կրնանք յստակ տեսնել, թէ ի՛նչ է Աստուծոյ կամքը։ Եւ այս կերպով՝ կ՚ընդունինք զայն յարատեւելու կարողութիւնը եւ զօրութիւնը։ Յիսուս կը սորվեցնէ մեզի, թէ երկինքի Արքայութիւնը ո՛չ ոք խօսքով կը մտնէ, այլ «Իմ Հօրս կամքը կատարելով, որ երկինքն է». (ՄԱՏԹ. Է 21)։ Ուստի եւ աղօթքով կը հասկնանք Աստուծոյ կամքը՝ որ միշտ բարի է եւ նպաստաւոր մեզի համար։ Աստուծոյ կամքը կատարել է եւ Անոր կամքին վստահիլ կը նշանակէ՝ մեզի համար բարին եւ օգտակարը ուզել։ Ուրիշ խօսքով, «Քու կամքդ թող ըլլայ…» ըսել կը նշանակէ՝ եթէ մեր խնդրանքը մեզի համար բարի է եւ օգտակար, տո՛ւր մեզի, եթէ ոչ՝ թող մեր խնդրանքը չկատարուի։

Ուրեմն, աղօթքը անհրաժե՛շտ է, պէտք է, բայց մեր աղօթքին դրական պատասխան առնելը Աստուծոյ կամքէն կախում ունի, քանի որ անոր բարի եւ օգտակար ըլլալը կամ չըլլալը Աստուած կ՚որոշէ։

Աղօթքով շատ բան կրնայ փոխուիլ, քանի որ մարդուս համար անկարելի որեւէ բան Աստուծոյ համար կարելի է, որովհետեւ Աստուած, մեր աչքով՝ հրաշագործ է եւ Անոր համար անկարելի բան չկա՛յ։ Ահաւասիկ, աղօթքով կրնանք անկարելին կարելիի վերածել Աստուծոյ շնորհիւ։

Արարչագործութիւնը Աստուծոյ մեծ ծրագիրն է, եւ այդ ծրագրին կատարումը չէ վերջացած, ուրիշ խօսքով՝ արարչագործութիւնը տակաւին կը շարունակուի եւ այս կերպով աստուածային ծրագրին կատարումն ալ ընթացքի մէջ է, մարդ աղօթքով կրնայ այդ ծրագրին իրագործման ընթացքին մէջ փոփոխութիւններ ընել տալ Աստուծոյ, եւ այս իսկ պատճառով, քրիստոնէութիւնը երբեք չ՚ընդունիր «ճակատագիր»ը։ Փոխանակ «ճակատագիր» ըսելու՝ Աստուծոյ ծրագիրը պէտք է ընդունիլ, եւ քանի որ ծրագիրը ընթացքի մէջ է, կարելի է փոխել աղօթքով, քանի որ Յիսուս կ՚ըսէ. «Այս պատճառով կ՚ըսեմ ձեզի, թէ ի՛նչ որ աղօթքով խնդրէք, եւ հաւատաք թէ պիտի առնէք, պիտի տրուի ձեզի». (ՄԱՐԿ. ԺԱ 24)։ Աստուած հաւատարիմ է Իր խոստումին եւ Անոր Խօսքը անսուտ է եւ ճշմարիտ, ապա ուրեմն, եթէ մեր աղօթքը բարի է մեզի համար եւ զայն ստանալու հաստատ եւ զօրաւոր հաւատքով կը ներկայացնենք, անպայմա՛ն պիտի կատարուի՛։

Ուրեմն, բացարձակապէս սխալ է այն մտածումը, թէ քանի որ Աստուծոյ կամքը պիտի կատարուի, այլապէս աղօթելը անօգուտ է։ Աւելին՝ մենք պէտք չէ աղօթենք միայն ուզելու համար, թէեւ որդիին Հօրմէն բան մը խնդրելը, ուզելը իրաւացի է եւ բնական, բայց, աղօթքը պէտք է ըլլայ նաեւ շնորհակալութեան համար, գոհաբանութեան եւ փառաբանութեան համար, քանի որ Ան նախապէս ի՜նչ պարգեւներ շնորհած է մեզի, նոյնիսկ առանց մեր աղօթքին սպասելու. կեանք տուած է, շունչ տուած է, մեր ամէնօրեայ հացը կու տայ եւ այս բոլորը Իր կամքով կը կատարէ։ Եւ Աստուծոյ կամքը միշտ բարի է՝ ինչպէս հայր մը իր զաւկին հանդէպ։

Աստուած Բարի է եւ Սէ՛ր է, ուրեմն, պէտք է վստահիլ Անոր կամքին եւ մեր աղօթքները ըլլան միշտ Իր կամքին համաձայն։ Եւ Յիսուս Ինք այս հնազանդութեան եւ հպատակութեան ամենամեծ տիպա՛րն է, երբ Ան ամբողջովին կը համակերպի այս Կամքին. «Ո՛չ իմ կամքս՝ այլ Քու կամքդ թող ըլլայ». (ՂՈՒԿ. ԻԲ 42)։

Թող Աստուծոյ կամքը ըլլայ միշտ… 

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 4, 2026, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 5, 2026