ԱՊԵՐԱԽՏՈՒԹԻՒՆ

Ներկայ կեանքի մեղքերէն մէկն է ապերախտութիւնը։ Մարդ կրնայ Աստուծոյ սիրոյն դէմ զանազան կերպերով մեղանչել՝ անտարբերութեամբ, որ կ՚անտեսէ եւ չ՚անդրադառնար եւ կամ կը մերժէ նկատի առնել աստուածային սէրը։ Կ՚անգիտանայ Անոր կանխահաճութիւնը եւ կը ժխտէ Անոր զօրութիւնը։ Նաեւ ապերախտութեամբ՝ որ զանց կ՚ընէ կամ կը մերժէ ճանչնալ աստուածային սէրը եւ տալ Անոր սէր՝ փոխանակ սիրոյն։ Եւ ապերախտութիւնը կը ցուցաբերուի նաեւ մարդոց հանդէպ։ Ուստի, «ապերախտութիւն» տառացիօրէն կը նշանակէ՝ բարիքի յարգը չգիտնալ, երախտամոռ ըլլալ։ Եւ եթէ «երախտագիտութիւն»ը, այսինքն՝ եղած բարիքի մը փոխարէն շնորհակալութեան եւ գոհացումի զգացումը սկզբնական առաքինութիւն մըն է. իսկ «ապերախտութիւն»ը՝ մոլորութիւն եւ մոլութի՛ւն։

Մարդ Աստուծմէ խնդրելէ երբեք չի՛ դադրիր։

Մարդ երբ կ՚աղօթէ, ընդհանրապէս միշտ բան մը կ՚ուզէ։ Բայց եւ դժբախտաբար իր ստացածներուն՝ ընդունածներուն համար շնորհակալութիւն յայտնելու, փառք տալու մէջ յաճախ կը թերանայ։ Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ Աստուած տասը անգամ տայ մարդուն ուզածը, մէկ անգամ իսկ «Փառք Քեզ Տէր» չ՚ըսեր եւ շնորհակալութիւն չի յայտներ։ Բայց եթէ մէկ անգամ յապաղի կամ զլանայ իր ուզածը՝ մարդ իր գանգատներով, տրտունջներով կը տաղտկացնէ զԱստուած, եւ նաեւ իր շուրջինները։ Մարդուս կեանքին մէջ աւելի շատ է դժգոհութիւնը քան գոհունակութիւնը։

Մարդու մը 40 օր հաց տուէք, ընդհանրապէս կը թերանայ շնորհակալութիւն յայտնել եւ երբ 41-րդ օրը հաց տալու մոռնաք, ձեզմէ աւելի չարը չկա՛յ, անմիջապէս կը սկսին գանգատներ, տրտունջներ, քանի որ բարեգործութիւնը պարտաւորութեան կը վերածուի 40 օրուան ընթացքին։ Եւ ասիկա, ահաւասիկ, ապերախտութեան արտայայտութի՛ւնն է։ Բայց գոհանալու զգացումը չունեցողը երբեք երջանիկ չ՚ըլլար։

Կան մարդիկ՝ որոնք կատարելապաշտ են եւ ո՛չ մէկ բանէ գոհ կ՚ըլլան եւ կը բաւարարուին. անոնք օտար են երախտագիտութեան զգացումին։

Անշուշտ, մարդ պիտի ձգտի կատարելութեան. բայց մարդ նաեւ պէտք է ընդունի իր թերութիւնները եւ տկարութիւնները եւ ըստ այնմ շարժի։

Աստուած ո՛չ միայն մարդուն խնդրածները կու տայ, այլ նաեւ՝ իր չխնդրածները, քանի որ մարդ իր նմաններուն երեսին, խօսքին միայն կը նայի, այլ Աստուած՝ մարդուն սրտի՛ն։ Ուստի, մարդ եթէ նոյնիսկ չխնդրէ՝ արեւը կը ծագի եւ կը լուսաւորուի գիշերուան խաւարը։ Մարդ, ընդհանրապէս չ՚անդրադառնար իր պէտքերուն, բայց Աստուած կը գոհացնէ, կը լիացնէ այդ պէտքերը, եթէ նոյնիսկ մարդ խնդրած չըլլայ զանոնք։ Ուրեմն, այս կը նշանակէ, որ մարդ պէտք է շնորհակալ ըլլայ ո՛չ միայն խնդրած եւ ստացածներուն համար, այլ նաեւ՝ այն բոլորին համար՝ որ խնդրելու մէջ թերացած է, բայց ստացած է եւ ընդունած։

Մարդ երբ կը շնչէ, ասոր համար չ՚աղօթեր՝ չի խնդրեր, բայց Աստուած իրենց կու տայ շնչելու կարողութիւնը, որ կենսական պէտք մէն է։ Մարդ պէտք է շնորհակալ ըլլայ այդ կարողութեանը համար՝ որ Աստուած շնորհած է իրեն։

Բժիշկներ կը յանձնարարեն ճաշասեղանէն բաժնուիլ առանց բոլորովին յագեցած ըլլալու ու կ՚ըսեն, որ ասիկա ստամոքսին համար առողջապահական տեսակէտէ անհրաժեշտ է։ Ստամոքսը պահպանելու համար անհրաժեշտ նկատուած այս արարքը, արդեօք կարելի չէ՞ օգտագործել նաեւ հոգիին առողջապահութեան համար՝ սակաւով գոհանալով, չափաւոր ըլլալով եւ ժուժկալութեամբ։ Ուստի մարմնի չափ հոգին ալ խնամքի պէտք ունի։

Մարդ եթէ լրջօրէն խորհի, պիտի նկատէ, որ իր կեանքը թէ՛ մարմնապէս, թէ՛ հոգեպէս բոլոր հանգամանքներով «պարգե՛ւ» մըն է իրեն։ Եւ կեանքը մարդուս համար Աստուծմէ տրուած թանկագին պարգեւ մըն է՝ աւանդ մը, որ մարդ պարտաւոր է զայն պահպանելու համար կարելին ընէ։ Այս իմաստով, ամենէն մարմնասէր եւ աշխարհասէր մարդն իսկ կրնա՞յ զրկուիլ օդէ եւ դադրիլ շնչելէ։ Մարդ իր ամէն վայրկեանին համար պէտք է գոհութիւն յայտնէ եւ շնորհակալ ըլլայ Աստուծոյ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 5, 2025, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2025