ԳՈՂԵՐԸ ՀՈԳԵԲԱՆՆԵՐ ԵՆ
Մերօրեայ գողերը ի տարբերութիւն անցեալին, շատ աւելի խելացի են. անոնք լաւապէս կը հասկնան մարդկային հոգեբանութիւնը եւ այդ բոլորը կ՚օգտագործեն ի գործ դնելու համար իրենց ոչ-բարի ծրագիրը։ Մարդիկ գողերու զոհ կը դառնան ո՛չ թէ իրենց անտարբերութեան ու անուշադրութեան պատճառով, այլ որովհետեւ շատ անգամ զգացական բաժինը աւելի կ՚իշխէ մարդուն վրայ՝ քան տրամաբանութիւնը:
Ա.- Այսօր շատեր գողութեան թիրախ կը դառնան՝ որովհետեւ կ՚ուզեն հարստանալ.- Այնքան ժամանակ, որ աշխարհի վրայ հաստանալ ուզող մարդ կայ (եւ կարծես միշտ ալ պիտի ըլլայ), նոյնքան հրապարակի վրայ պիտի ըլլան գողերը, որոնք լաւապէս գիտեն շահագործել մարդոց հարստանալ ուզելու հոգեբանութիւնը: Այս երեւոյթը շահագործողներ տարբեր տարբեր հարստանալու ձեւեր կ՚առաջարկեն մարդոց. անոնցմէ շատեր նոյնիսկ որոշ «դասընթացք»ներ կը վաճառէ՝ վստահ ըլլալով, որ քիչ չեն թիւը անոնց, որոնք կ՚ուզեն հարստութեան հասնիլ: Անշուշտ, այստեղ գողերէն աւելի տեղին է մեղադրել թիրախները, որովհետեւ շատ անգամ անոնք կը խաբուին այնպիսի վերացական գաղափարներով՝ որոնք իրապէս անիրական են. օրինակի համար՝ մի քանի օր առաջ անձ մը հաւատալով կը բացատրէր, թէ կայ հաստատութիւն մը, որ տուած գումարիդ դիմաց 100 առ հարիւր գումար կը վերադարձնէ. այսինքն իրենց կու տաս 100 ամերիկեան տոլար եւ ամիս մը ետք կը ստանաս 200 ամերիկեան տոլար։ Ինչքան ալ անհաւատալի թուի այս մէկը՝ վստահ եղէք, որ հաւատացողներ կան. անձին տուի հետեւեալ հարցադրումը.- ընկերութիւնը օդէ՞ն կը բերէ գումարը, որ տուած գումարիդ դիմաց 100 առ հարիւր գումար տայ։ Կեանքի մէջ պէտք է ամէն պարագայի վստահիլ տրամաբանութեան. կան անձեր, որոնց գործն է նման յայտարարութիւններ տարածել եւ բոլորը համոզել. այստեղ կը ծագի երկրորդ հարցումը. ո՞վ նման գումար վաստակելու ձեւ գտնելով կը փորձէ մի քանի տասնեակ հոգի համոզել, որպէսզի միանան: Այս բոլորը նկատի ունենալով պարզապէս պէտք չէ խղճալ խաբէութեան զոհ գացողին, որովհետեւ մարդ պարտաւոր է ունենալ տրամաբանութիւն մը:
Բ.- Այսօր բազմաթիւ մարդիկ գողերու թիրախ կը դառնան, որովհետեւ պարզապէս կ՚ուզեն «սիրահարիլ» ու «պսակուիլ».- Այսօր համացանցի մէջ գոյութիւն ունի աւելի քան մի քանի միլիոն հաշիւներ, որոնք ստեղծուած են խաբէութեան համար. այսօր գողի համար դժուար բան չէ աղջկայ մը մի քանի տասնեակ նկարներով էջ պատրաստել ու այլոց «սիրոյ» զգացումները շահագործել։ Վիճակագրական տուեալներ կը յայտնեն, որ միայն 2023 թուականին այս մեթոտով գողեր ձեռք բերած են աւելի քան 3,8 միլիառ տոլար: Ձեւը պարզ է.- աղջիկ ձեւանալով երկար ժամանակ խօսիլ անձի մը հետ, մտերմանալ, անոր զգացումներուն դպնալ, ճանչնալ անոր թերութիւնները եւ ապա յարմար ժամանակին խօսիլ նիւթական դժուարութիւններու մասին. օրինակի համար՝ «մայրս պէտք է բժիշկի տանիմ եւ գումար չունիմ»։ Տղամարդ մը վստահաբար պիտի չընդունի, որ իր «սիրած»ը՝ նոյնիսկ երբ տեսած չէ, նման դժուարութեան մը դէմ յանդիման գտնուի եւ հաւատացէք, շատեր այնքան պարզամիտ են, որ ժամանակի ընթացքին իրենց հարստութեան կէսը կը ղրկեն այս կամ այն կողմ՝ կարծելով, որ տեղ մը ունին իրապէս սիրած մը՝ որ ապագային իրենց կինը պիտի դառնայ: Ցաւալի բայց իրաւ, որ շատ անգամ անձեր այս յուսախաբութեան չդիմանալով մինչեւ իսկ կը դիմեն ինքնասպանութեան:
Գ.- Մերօրեայ գողութեան լաւագոյն ձեւերէն մէկը մարդոց զգացումներն ու խիղճը արթնցնել է.- Այսօր համացանցի մէջ կը տեսնենք բազմաթիւ տեսանիւթեր, ուր մարդիկ «ողորմութիւն» ընելով մարդոց ցոյց կու տան, որ այս աշխարհի մէջ կան բազմաթի՜ւ մարդիկ, որոնք կը կարօտին օգնութեան։ Տարեց ծերուկի մը լացը, մանուկի մը անսահման ժպիտը մարդոց խիղճերուն մէջ կայծ մը կ՚արթնցնէ, որովհետեւ մերօրեայ աշխարհը բարութեան եւ կարեկցանքի պակասը ունի եւ այս մէկը վստահաբար գողերու աչքէն չի վրիպիր... Շատ մը գողեր օգնելով հանդերձ իրենց գողութիւնը կը կատարեն. այսպէս.- մարդիկ իրենց օգնութիւնները կը նկարեն՝ որպէսզի մարդիկ տեսնեն եւ որոշ աջակցութիւն ցուցաբերել։ Վերջաւորութեան այսպէս կ՚ըլլայ.- մարդիկ որպէս օգնութիւն կը ղրկեն, օրինակի համար, հազար ամերիկեան տոլար. անշուշտ, այդ գումարին քանակը մարդ չի կրնար տեսնել. «բարեսիրտ»ը այդ գումարէն օգնութեան կը յատկացնէ 400-500 ամերիկեան տոլար եւ անդին 20-30 տոլար տուող անձերը կը համոզուին, որ իրենց օգնութիւնը տեղ հասաւ՝ որովհետեւ անոնք անտեղեակ են, որ հիմնական օգնութիւնը շատ աւելին է՝ քան ցուցաբերուած ողորմութիւնը:
Ցաւ ի սիրտ, Արցախի պատերազմի ժամանակ մօտէն ականատես եղայ նման խաբէութեան։ Սփիւռքահայ երիտասարդ մը Ամերիկա բնակող իր երկու ընկերներէն խնդրեց 500-ական տոլար։ Ընդհանուր հազար տոլարէն օգնութեան համար ծախսեց 500 տոլար եւ այդ բոլոր օգնութիւնները նկարելով ղրկեց իր երկու բարեկամներուն։ Առաջինը կարծեց իր 500-ով կատարուած օգնութիւնն է, իսկ երկրորդը կարծեց՝ իր 500 կատարուած օգնութիւնը։ Վերջապէս երկու նուիրատուները անծանօթ են իրարու...:
Ահա այսպէս, մարդ արարած այսօր իր զգացումներուն պատճառով է, որ կը խաբուի եւ հաւատացէք զգացումներով խաբելը մերօրեայ գողերուն համար շատ աւելի դիւրին է, քան պատշգամէն ներս մտնելը, որովհետեւ զգացումները գողնալը այսօր շատ աւելի դիւրին կը թուի ըլլալ՝ քան այն գողութիւնը, որ անցեալին գոյութիւն ունէր:
•վերջ
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Մարդ ե՞րբ շուտ կը խաբուի եւ գողութեան թիրախ կը դառնայ:
Պատասխան. Մարդ շուտ կը խաբուի եւ գողութեան թիրախ կը դառնայ այն ժամանակ, երբ իր զգուշութիւնը թոյլ եւ ուշադրութիւնը ցրուած կ՚ըլլայ: Այդ պահերուն մարդ սովորաբար չի քննադատեր իր առջեւ ներկայացուած տեղեկութիւնը եւ վստահելով մարդոց՝ կ՚ընդունի այն բոլորը, ինչ կը լսէ ու կը տեսնէ՝ առանց անոնց էութիւնը ստուգելու: Խաբեբաներն ու գողերը կը շահագործեն այս իրավիճակները եւ կ՚առաջարկեն գայթակղիչ խոստումներ՝ որոնք արագ որոշումներ կը պահանջեն եւ վստահութիւն կը ներշնչեն:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան