ԺՈՒԺԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

«Աստուած որ մեծ ողորմութիւնով, Իր առատ սիրոյն համար որ մեզ սիրեց՝ երբ յանցանքներու մէջ մեռած էինք, մեզ Քրիստոսի հետ կենդանացուց». (ԵՓԵՍ. Բ 4-5)։ Պօղոս առաքեալի այս խօսքերուն համաձայն, ուրեմն, վերստին ծնած հաւատացեալը մանուկ մըն է, որ կը սկսի հոգեւորապէս մեծնալ։ Եւ այն չափով որ Աստուծոյ առջեւ կը խոնարհի եւ կը հնազանդի օրէ օր սորվածներուն, Սուրբ Հոգին այդ անձին բնութիւնը, որ մեղքի պատճառով աւրուած էր, Աստուծոյ բնութեան կը փոխէ եւ այդ անձին կեանքը ցոյց կու տայ Սուրբ Հոգիին պտուղին յատկանիշները։

Թէ ինչե՞ր են այդ յատկանիշները։ Անոնք են. «Սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնամտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն եւ ժուժկալութի՛ւն»։ Հաւատացեալին այս բնութեան փոփոխութիւնը տեղի կ՚ունենայ հաւատացեալին ամբողջ կեանքին տեւողութեան։ Այս յատկութիւնները միայն Քրիստոսի մէջ կատարեալ էին։ Ուրեմն հաւատացեալը օրէ օր կը փոխուի կամ պէտք է փոխուի Քրիստոսի պէս ըլլալու։ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Քրիստոսի հասակին չափին հասնելու»։

Եւ Մեծ պահքի շրջանը լաւագոյն առիթն է այս բարեպատեհ փոփոխութեան։

Անբնական չէ՝ որ հաւատացեալը այս վերոյիշեալ յատկութիւններէն ոմանց մէջ թերանայ։ Եթէ հանդիպինք հաւատացեալի մը՝ որ քաղցր չէ իր յարաբերութիւններու մէջ, ընդհանրապէս կը փորձուինք ըսելու. «այս ի՛նչ տեսակ հաւատացեալ է», որ ուղիղ դատողութիւն չէ՛։

Անբնական է, երբ հաւատացեալը դէպի լաւ փոխուելէ դադրած է։ Աւելի գէշը այն է՝ երբ հոգը չէ կամ ինքզինք կ՚արդարացնէ բացատրելով, թէ ինչո՛ւ պէտք էր այդպէս ընէր։ Հաւատացեալին բնական վիճակը այս յատկութիւններուն մէջ օրէ օր յառաջանալ է դէպի կատարելութիւն, դէպի ճշմարտութի՛ւն։

Կ՚արժէ մեր կեանքերը քննել թէ՛ այս ամէն մէկ յատկութեան առընչութեամբ մեր կեանքերը ո՞ւր են եւ թէ յառաջանալու վրա՞յ են։

Ներկայ Մեծ պահքի շրջանէն օգտուելով կարելի է քննել մեր կեանքերը…

Թէ ի՞նչ է «ժուժկալութիւն»ը։

«Ժուժկալութիւն»ը մեղք գործելու փորձութեան դիմաց «ո՛չ» կարենալ ըսելու կարողութիւնն է։ Յատկապէս այն փորձութիւններուն՝ որոնք մեր մարմնին բնածին փափաքները կը հրապուրեն Աստուծոյ Հոգիին հակառակ գործելու։ Աստուած մեր մարմնին ընդոծին փափաքներ տուած է, որպէսզի կարենանք ապրիլ եւ նաեւ վայելենք կեանքը։

Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Աստուած ամէն բան մեզի առատօրէն կու տայ վայելելու». (Բ ՏԻՄ. Զ 17), ուստի սխա՛լ է այն գաղափարը, թէ հաւատացեալը պէտք չէ վայելէ կեանքը, քանի որ բնատուր վայելք մըն է կեանքը՝ Աստուծոյ անմերժելի շնորհը…

Հոգեբաններ կ՚ըսեն, թէ մարդուն հիմնական երկու բնազդն է. գոյապահպանել ինքզինք եւ գոյատեւել սերունդը։ Աստուծմէ տրուած մեր մարմնին բնատուր փափաքները մեր ապրելուն եւ հաճոյքին համար երեք են. ուտելու փափաքը՝ որպէսզի մեր մարմինը սնունդ ստանայ, հանգչելու փափաքը՝ որպէսզի մեր մարմնին ուժը նորոգուի եւ, վերջապէս, սեռային յարաբերութեան փափաքը՝ որպէսզի մարդու, այսինքն այր-մարդու եւ կին-մարդու միջեւ մտերմութիւն յառաջ գայ եւ ընտանիք կազմելով սերունդը շարունակէ։

Եւ «Չար»ը՝ Սատանան իմ բոլոր միջոցները կը գործածէ, որ այս բնածին՝ աստուածատուր փափաքները գործածուին Աստուծոյ ծրագրէն շեղեցնելու եւ այդ միջոցով մարդը Աստուծմէ հեռո՛ւ պահէ։ Իսկ այս բնածին փափաքներուն պատշաճ կերպով գործածութիւնը փառաբանութիւն է Աստուծոյ։ Հաւատացեալը ժուժկալութեան պէտք ունի, որպէսզի կարենայ դէմ դնել բոլոր փորձութիւններուն։

Ժուժկալութիւնը՝ կ՚ենթադրէ «ինքզինք զսպել», որ է. «self control»։ Սակայն «ժուժկալութիւն»ը շատ աւելի՛ խորունկ բառ մը՝ ըմբռնում մըն է եւ աւելի ճիշդ իմաստը կու տայ։ «Ժուժկալութիւն»ը իր մէջ ունի սխալը շիտակէն զանազանել, շիտակը ընելու համոզում կազմել եւ սխալը ընելու փորձութեան կարենալ «ո՛չ» ըսել, որ գործի կը լծէ մեր ամբողջ անձը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարտ 6, 2025, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Մարտ 7, 2025