ՊԱՏԻԺՆ ՈՒ ՄԱՐԴԸ

Հակառակ այն իրողութեան, որ պատիժ բառը ինքնին ոչ-դրական ազդեցութիւն մը կը ձգէ մարդուն վրայ, սակայն, իր մէջ ունի որոշ դրական նպատակներ, որոնք պատիժի գոյութիւնը արդար եւ տանելի կը դարձնեն։ Այո, պատիժը ինքնին մարդոց ցաւ ու վախ կը պատճառէ, սակայն, անդին հասարակութեան համար որոշ բարիք մը կը ներկայացնէ. դրական երեսակները աւելի քան մէկն են.

Ա.- Ուսուցում. Մարդկային պատմութեան մէջ ուրիշի մը պատիժը անձը դաստիարակելէ աւելի կը ծառայէ շրջապատը դաստիարակելու, որովհետեւ պատիժ կրող անձը կը դառնայ օրինակ, թէ ի՛նչ հետեւանքներ կրնայ ունենալ օրինազանցութիւնը. պատիժն ու պատժուածը պատճառ է, որ մարդիկ աւելի լուրջ ընդունին օրէնքը եւ աւելի զգօն ըլլան զայն չխախտելու: Այս մէկը կարեւոր է, որովհետեւ մարդկային կեանքին մէջ գիտցուած բան է, թէ մարդ արարած իր սեփականէն անկախ ուրիշին փորձէն եւս դասեր կը քաղէ: Օրինակի համար՝ անցեալին մահապատիժները յատուկ մտադրութեամբ կը կատարուէին հրապարակներու վրայ՝ մարդոց ներկայութեամբ, որպէսզի անոնց օրինազանցութիւնն ու այդ սխալին հետեւանքները օրինակ ծառայեն ուրիշներուն եւ շատ մը մտածողներ կը հաւատան, որ պատիժը պէտք է հրապարակային ըլլայ՝ որպէսզի ուրիշներուն դաս դառնայ, օրինակ քաղեն: 

Բ.- Վախ. Վերը յիշուած հրապարակային պատիժը որպէս օրինակ ծառայել, բնականաբար, մարդոց մէջ կը յառաջացնէ օրինազանցութեան հանդէպ վախ. մարդ կը սկսի մտածել, որ իւրաքանչիւր արարք ունի իր պատասխանատու հետեւանքը եւ հետեւաբար մեղքը, որ յաճախ գրաւիչ կը դուի ըլլալ, կը սկսի իր ցաւոտ կողմը ցոյց տալ։ Հրապարակային պատիժն ու վախը, բնականաբար, կը նուազեցնեն յանցագործութիւններու հաւանականութիւնը: Պատիժի հանդէպ վախի գոյութիւնն է, որ պատճառ կ՚ըլլայ, որպէսզի մարդ արարքէն առաջ մտածէ անոր օգուտներուն եւ վնասներուն մասին. եւ բացայայտ է, որ պատիժին հիմնական նպատակներէն մէկն ալ վախն է: Վախն է, որ կը փոխէ մեղքի ընկալումը, որովհետեւ պատիժը կը պատկանի ո՛չ միայն պատժուողին, այլ՝ ընդհանուր հասարակութեան. բոլոր անոնց՝ որոնք կը խախտեն օրէնքը: 

Գ.- Վստահութիւն. Հակառակ նախորդ կէտերուն, պատիժը շատերուն մօտ կը յառաջացնէ վստահութեան զգացում. վստահութիւ արդարութեան հանդէպ, մարդկութեան հանդէպ: Ինչպէս անցեալին, նոյնքան եւ աւելիով այսօր աշխարհը լեցուն է անարդարութեամբ եւ անարդարութիւն դիմագրաւող իւրաքանչիւր մարդու սփոփանքն է պատիժը. միայն պատիժի ճամբով է, որ մարդ կը սկսի աւելիով հասկնալ, որ գոյութիւն ունի համակարգ, գոյութիւն ունի օրէնք եւ արդարութիւն, որ կը պաշտպանէ լքեալն ու անարդարութեան մէջ գտնուողը, ինչ որ էական է քաղաքացիական հասարակութեան մը գոյութեան համար: Պատիժը մարդուն կու տայ վստահութիւն, թէ կայ հասարակութիւն մը, որ գիտէ զանազանել լաւը վատէն եւ այս զգացումն է, որ մարդուն կու տայ հոգեպէս անվտանգ ու ապահով ըլլալու զգացումը:

Դ.- Ինքնաճանաչում. Յայտնի ռուս գրող Տոսթոեւսքի իր «Ոճիր եւ պատիժ» աշխատութեան մէջ կ՚ըսէ. «Պատիժը խնդիրը չի լուծեր, սակայ, կը պարտադրէ, որ մարդ դիմագրաւէ իր սեփական գործողութիւններուն հետեւանքները»։ Հետեւաբար պատիժը միջոց է, որպէսզի մարդ աւելի մօտէն ճանչնայ իր արարքներն ու անոնց հետեւանքները եւ ինքնաճանաչումի ճամբով յաջողի կշռել իր արարքները: Պատիժը մարդուն կը ստիպէ մտածել որոշումներուն պատճառները փնտռել, շարժառիթները քննարկել ու ուսումնասիրել. հասկնալ, թէ այդ արարքը ինչպիսի ազդեցութիւն ունեցած է այլոց վրայ եւ այս բոլորէն ետք աչքէ անցընէ իր բարոյական կողմնորոշումները: Պատիժն է, որ պատճառ կ՚ըլլայ, որպէսզի մարդ մտածէ իր ընտրութիւններուն մասին եւ այդ մտածումն է, որ մարդը կ՚առաջնորդէ բարեփոխումի:

Հին փիլիսոփայութիւնը եւս կողմնակից էր պատիժին։ Եթէ լաւապէս սերտենք հին ժամանակներու ուսուցումները՝ այդտեղ պիտի տեսնենք, թէ պատիժը ներկայացուած է որպէս դրական արժէք. օրինակի համար՝ Պղատոն կ՚ըսէ. «Պատիժը հոգին կը բժշկէ», իսկ Արիստոտէլ կ՚ըսէ. «Արդարադատութիւնը հաւասարակշռութիւն է. պատիժը կը վերականգնէ այդ հաւասարակշռութիւնը»: Պատիժը միջոց է պայքարելու չարին եւ յանցագործութեան դէմ. պատիժն է, որ կը թեթեւցնէ յանցագործութիւնը այս չարացած աշխարհին մէջ: 

Անշուշտ, պատիժներու ձեւերը տարբեր են, սակայն, ինչպէս յայտնի խօսքը կ՚ըսէ. մեծագոյն ու ամենէն դաժան պատիժը մարդու խիղճի տանջանքն է. խղճմտանքը մեծագոյն պատիժն է մարդուն համար, որովհետեւ սեփական մարդոց կարծիքը նկատի չառնողն անգամ չի կրնար անտարբեր մնալ տանջուող խիղճին դիմաց՝ որ ի ծնէ մարդուն մէջ կը դնէ արդարութեան եւ անարդարութեան գիտակցութիւնը: 

Սակայն, հակառակ այս դրական կողմերուն, պատիժը ունի իր բացասական կողմերը, որոնք այնքան ալ ընդունելի չեն շատ մը մտաւորականներու եւ փիլիսոփաներու կողմէ։ Օրինակի համար՝ Մահաթմա Կանտի պատիժը սխալ կը նկատէ՝ ըսելով. «աչքի փոխարէն աչք հանելը, ամբողջ աշխարհը կը վերածէ կոյրի»։ Այլ խօսքով չարը չարով՝ այսինքն պատիժով հատուցելը դրական ո՛չ մէկ բան կրնայ տալ աշխարհին:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ո՞րն է մարդուն համար ամենէն դաստիարակչական պատիժը:

Պատասխան. Մարդու համար ամենէն դաստիարակչական պատիժը այն է, որ մարդ դէմ յանդիման գտնուի իր սխալներու հետեւանքներուն: Նման պատիժ մը ցոյց կու տայ, որ մարդկային վարքագիծը ունի անմիջական ազդեցութիւն թէ՛ կեանքին եւ թէ շրջապատին հանդէպ: Երբ մարդ դէմ յանդիման կը գտնուի իր սխալներուն հետեւանքներուն, շատ աւելի խոր ձեւով կ՚ըմբռնէ այդ բոլորին ազդեցութիւնն ու բեռը եւ մասամբ կը սկսի աւելի պատասխանատու վարքագիծ ձեւաւորել: 

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Մարտ 7, 2025