ԱՐԱԲԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ «ՎԱ՜Յ»ԵՐԸ

Եթէ իրապէս վստահ չըլլայի, որ այս տողերը գրուած են Ճպրան Խալիլ Ճպրանի կողմէ, ապա պիտի կարծէի, թէ հեղինակը գրած է ժամանակակից Հայաստանի իշխանութիւններու ընթացքը աչքի առջեւ ունենալով, որովհետեւ այս տողերը մեր օրերուն այնքա՛ն ժամանակակից են, որ մարդ ակամայ շփոթի կը մատնուի: Եթէ արաբ մեծանուն բանաստեղծը այսօր ապրէր եւ Հայաստանի ներկայ քաղաքականութիւնը աչքի առջեւ ունենար, «վայ»երուն թիւը գուցէ հասնէր մի քանի տասնեակի...: 

Արաբ բանաստեղծի երրորդ «վա՜յ»ը հետեւեալն է.

«Վա՜յ այն պարտուած ազգին, որ զինք նուաճողներուն պաճուճանքները կատարելութիւն կը նկատէ եւ անոնց տգեղութիւնը՝ գեղեցկութիւն»: 

Այս տողի բացատրութիւնը հետեւեալն է. երբ պարտուած ազգ մը կը սկսի հիանալ զինք նուաճողներուն խորհրդանիշներով՝ լեզու, աւանդութիւն, նորաձեւութիւն ու այլ արժէքներ եւ այդ բոլորը իր աչքին կամաց կամաց կը սկսի կատարեալ երեւիլ, կը նշանակէ այդ ազգը կամաց կամաց կը կորսնցնէ իր արժէքները, իր մշակոյթը եւ վերջապէս իր ինքնութիւնը: Կորսուելու դատապարտուած է ազգ մը, որ զինք նուաճողներուն թերութիւնները, անարդարութիւններն ու «տգեղութիւն»ը կը սկսի չտեսնել եւ զանոնք որպէս արժանիք կը սկսի ընդունիլ: Նման ազգ մը վստահաբար կորսնցուցած է իր սեփական բարոյական արժէքներն ու անոր ճիշդ ընկալումը: 

Ազգային պատմութեան մէջ պարտութիւնը ամօթ մը չէ. պարտութիւնը պարզապէս լաւ կազմակերպուածութեան մը պակասն է. իւրաքանչիւր ազգ իր ազգային պատմութեան ընթացքին ունեցած է յաղթութիւն եւ ունեցած է պարտութիւն։ Մենք այսօր պարտուած իրավիճակի մէջ կը գտնուինք, սակայն, պատմութիւնը վկայ է, որ անցեալին ունեցած ենք յաղթանակներ. ներկայ պարտութիւններուն ապագայ յաղթանակներ կը յաջորդեն թէ ոչ՝ այդ մէկը կախեալ է մեր կազմակերպուածութենէն, մեր միութենէն. այդ առումով պարտուիլը այնքան ալ մեծ սխալ կամ ամօթ մը չէ, ինչքան քեզ նուաճողները փառաբանելն ու անոր ենթարկուելով կորսնցնել սեփական արժէքները: 

Ազգ մը, որ զինք նուաճողները կը սկսի որպէս կատարելութիւն տեսնել, ինքնաբերաբար կը կորսնցնէ միանալու, դարձեալ կազմակերպուելու իր կարողութիւնը. ստրկութիւնը պարտութենէն հազարապատիկ աւելի ամօթ, աւելի վտանգաւոր է։ Ֆրանսացի յայտնի գրող Հիւկօ կ՚ըսէ. «Ստրկութիւնը ո՛չ մային մարմինի կապանք է, այլ հոգիի խաւար» եւ արաբ բանաստեղծին «վա՜յ»ը այն ազգերուն համար է՝ որոնք պարտութենէն բացի իրենց վրայ կը հանդուրժեն կրել այդ խաւարն ու կապանքը: Աբրահամ Լինքըլն ստրկութիւնը կը նկատէ անարդարութեան հոմանիշ, որովհետեւ ստրկութիւնը՝ նոյնիսկ հազար ու մէկ պայմանագրերու լոյսին տակ կը շարունակէ մնալ ստրկութիւն: 

Յաճախ կը խօսինք, թէ ինչպէ՞ս մշակոյթներ իրարմէ կ՚ազդուին։ Իրականութեան մէջ նուաճողը սիրելը, նուաճողը որպէս կատարեալ տեսնելը ինքնաբերաբար մշակոյթին մէջ իր ազդեցութիւնը կ՚ունենայ. վկայ Հայաստանի Խորհրդային տարիները։ Ահաւասիկ, այսօր աւելի քան երեք տասնամեակ ետք, հակառակ անոր որ Խորհրդային Միութիւնը արդէն իսկ գոյութիւն չունի, տակաւին կը տեսնենք անոնց մշակոյթի մնացորդները մեր ժողովուրդի հոգեբանութեան մէջ. երբ նուաճողը կատարեալ կը սկսիս տեսնել, ապա անոր կերպարանքը կը մնայ մարդու գիտակցութեան մէջ՝ նոյնիսկ եթէ ան օր մը հեռանայ եւ ազգ մը ազատի անոր ստրկութենէն: 

Նուաճողը կ՚ուզէ ինքզինք կատարեալ եւ շատ անգամ (մանաւանդ ներկայ դարուս) քաղաքակիրթ ներկայացնել, որովհետեւ ան կ՚ուզէ ժողովուրդին մէջ սերմանել հոգեբանութիւն մը՝ որ չի կրնար նուաճողի տունը քանդել։ Այս առումով ամերիկացի բանաստեղծուհի Օթրէ Լորտ նման արտայայտութիւն մը ունի. «Տիրապետողի գործիքները երբեք չեն քանդեր տիրապետողի տունը». այսինքն, այս առումով տիրապետողը կը գործադրէ այնպիսի հոգեբանական ճնշումներ, որ ստրուկին համար արդէն իսկ անհնար կ՚ըլլայ կազմակերպուիլը։ Խորհրդային Միութիւնը աշխատանք ու ուսում կ՚ապահովէր եւ այդ մէկը շատերու համար դրական երեւոյթ էր, սակայն, այդ բոլորը միջոցներ էին ժողովուրդի ապստամբութիւնը մեղմելու, որովհետեւ բոլորին ալ ծանօթ է, որ լոկ լեզուով, կրթութեամբ կարելի չէ հասնիլ ազատութեան։ Ազատութիւնը պայքար կը պահանջէ: 

Թող հայ ժողովուրդը չկարծէ, որ խաղաղութեան պայմանագիրի հաստատումով «հանգիստ» ու «խաղաղ» կեանք մը կը սպասէ. աշխարհի օրէնքը ա՛յս է. նուաճողը միշտ իրը կը պարտադրէ պարտուածին՝ նոյնիսկ եթէ ըսէ, որ այդ մէկը պիտի չընէ: Սակայն, այստեղ արաբ բանաստեղծը չի՛ մեղադրեր նուաճողը. կը մեղադրէ պարտուած կողմը, որ կը սկսի նուաճողը «կատարեալ» տեսնել, կը սկսի անոր արժէքները կարեւորել: Ստրուկը մի՛շտ ալ կը կորսնցնէ իր քննադատական մտածողութիւնը, որովհետեւ այս պարագային ստրկութիւնը ո՛չ միայն մարմնապէս է, այլ հոգեպէս եւ հոգիի ստրկութիւնը շատ աւելի վտանգաւոր է, քան կը կարծենք: 

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ի՞նչ է ստրկութիւնը ազգի մը համար: Ինչպէ՞ս ազատիլ ստրկութենէն:

Պատասխան. Ստրկութիւնը ազգի մը համար կը նշանակէ ինքնութեան, ինքնիշխանութեան եւ արժանապատուութեան կորուստ: Այդ մէկը կը թուլացնէ ժողովուրդի հոգին, կը խեղդէ մշակոյթը եւ կը խանգարէ զարգացումը: Ստրկութենէն ազատելու համար ազգը պէտք է արթննայ, զօրացնէ կրթութիւնը, ազգային ինքնագիտակցութիւնը եւ միաբանութեամբ պայքարի ազատութեան, անկախութեան եւ արժանապատուութեան համար:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Ապրիլ 7, 2025