ՃԱԲՈՆՑԻ ԳՐՈՂԻՆ ՎԵՐՋԻՆ ՆԱՄԱԿԸ (Բ.)
Ինքնասպան անձին զգացած «երջանկութիւն»ը իրականութեան մէջ հակասական զգացումներու ամբողջութիւնն է, որ անձին կու տայ ժամանակաւոր թեթեւութիւն, որովհետեւ ինքնասպանութիւնը կը սկսի թուիլ որպէս «փրկութեան» միջոց։ Գրողը իր երջանկութիւնը կ՚որակէ «անհետաքրքրիր», որովհետեւ լաւապէս կը գիտակցի այդ որոշումին ողբերգական բնոյթ ունենալը:
Մեր նպատակը հայերէն բառերու վերլուծութիւն ընել չէ, սակայն, իրականութեան մէջ խոր տարբերութիւն գոյութիւն ունի ուրախութեան եւ երջանկութեան միջեւ. ամէն երջանկութիւն ուրախութիւն չէ. ան շատ անգամ կրնայ ըլլալ թմրութեան վիճակ մը, որ անհոգութեամբ ու անտարբերութեամբ մարդը «ուրախ» ըլլալ կը ձեւացնէ՝ առանց ճշմարիտ խորքը փոխել կարենալու: Այդ երջանկութիւնը իրականութեան մէջ խաբուսիկ ժամանակաւոր մխիթարութիւն մըն է. համոզում՝ որ մահէն մի քանի վայրկեան ետք վերջ կը գտնէ արդէն ամէն տեսակ նեղութիւն ու դժուարութիւն:
Երջանկութիւնն ու դժբախտութիւնը հակասական իրողութիւններ են, սակայն ինքնասպան գրողի վերջին նամակին մէջ կը տեսնենք երկու զգացումներու միատեղումը. (անշուշտ այս խնդիրները վերլուծած ժամանակ պէտք է նկատի ունենալ, որ գրողը ունէր հոգեկան լուրջ խնդիրներ. անոր մայրը եւս հոգեկան խնդիրներ ունէր: Ճաբոնցի գրողի վիճակը շատ նման է մեր հայ գրողներէն Եղիա Տէմիրճիպաշեանի հոգեկան ապրումներուն, որովհետեւ Եղիա եւս կը սիրէր կեանքը, սակայն, շատ մը խնդիրներ պատճառ կ՚ըլլան, որ գրողը մահը փնտռէ: Անոնց մօտ պարզապէս այն համոզումն ու տարօրինակ գիտակցութիւնն է, որ ուրախութիւնը նոյնիսկ այլեւս ուրախութիւն չի պատճառեր մարդուն եւ միւս կողմէ զգացում՝ որ դժբախտութիւնը եւս այլեւս տխրութիւն չի պատճառեր:
Միւս տարօրինակ բանը այն է, որ գրողը ի՛նք եւս զարմանքով հետեւեալը կը բարձրաձայնէ. «Տարօրինակ է, որ չեմ զղջար». այս մէկը գուցէ մահուան գաղափարին ամբողջութեամբ համոզուած ըլլալու հասկացողութիւնն է՝ որ ինք եւս տարօրինակ կը գտնէ, որովհետեւ մարդ արարածին համար հազարաւոր դարեր շարունակ անհասկնալի եւ անընդունելի եղած է մահուան գաղափարը, սակայն, այժմ ինք համոզուած ըլլալով զղջումի նուազագոյն գիտակցութիւնը անգամ չ՚ունենար: Զղջումի պակասը լիովին եղելութիւններուն հետ համակերպելու վիճակն է. գուցէ այս տողերով գրողը շրջապատին ըսել կ՚ուզէ, որ այդ քայլը պատահական չէ եւ անոր ետեւ զղջում մը գոյութիւն չունի. անհասկնալի հոգեվիճակ, ուր մարդ կը հասկնայ, որ այլեւս կեանքին ո՛չ տալիք ունի եւ ո՛չ ալ առնելիք:
Անշուշտ, գրողը ինչքան ալ փորձէ իր յոյզերը խեղդել՝ այդ մէկը անհնար է. իր նամակին շարունակութեան մէջ կ՚ըսէ. «Պարզապէս ցաւ կ՚ապրիմ անոնց համար, որոնք ստիպուած եղած են ինձ սիրել»։ Այս մէկը արդիւնքն է այն գիտակցութեան, որ իր մահը կրնայ շատերու՝ մանաւանդ հարազատներու վիշտ պատճառել. գրողը լաւապէս կը գիտակցի, որ ինքնասպանութեան քայլը թէեւ «երջանկութիւն» կը թուի իրեն, սակայն, ուրիշներու համար արցունքի եւ լացի պատճառ պիտի ըլլայ. բայց այդ մտածումը զինք հեռու չի՛ պահեր իր որոշումէն. ան պարզապէս կը ցաւի անոնց համար, որոնք իր մահուան համար արցունք պիտի թափեն եւ այդ եղելութեան մէջ որոշ չափով ինքզինք մեղաւոր կը զգայ։ Սակայն «ստիպուած» բառը կարելի է այլ կերպով բացատրել. արդեօք գրողը ինքզինք իրապէս սիրուած չէր զգա՞ր. արդեօք կը մտածեր, որ զինք կը սիրեն՝ պարզապէս որովհետեւ պարտաւոր են սիրե՞լ: Պարզ է որ գրողը չէր ուզեր անոնց ցաւ պատճառել, սակայն, ուրիշներուն չցաւելու հաշւոյն իր ցաւիլը յանձն չ՚առներ:
Այս տողերը միւս կողմէ ցոյց կու տան, որ գրողն ալ ինքն իր վրայ չի՛ զղջար, իր մահը «չի սգար», այլ սեփական ցաւը ձգած ուրիշներուն ցաւը աւելի առաջնահերթ կը նկատէ։ Անշուշտ, յուսահատութեան բարձրագոյն աստիճանն է, որ այստեղ կը տեսնենք, որովհետեւ նոյնիսկ սէրը զոր մարդիկ ունին իրեն հանդէպ, կը սկսի թուիլ «կեղծ» ու «ստիպուած»։ Այս մէկը եւս հոգեկան տարբեր բարդոյթ մըն է եւ այսօր շատեր կան աշխարհի մէջ, որ հարցականի տակ կը դնեն իրենց սիրուած ըլլալը՝ նոյնիսկ մօտիկ ընտանեկան շրջանակին մէջ:
Լուրջ ուսումնասիրութեան կը կարօտի, թէ ինչո՞ւ համար ինքնասպան մը նամակ գրելու կարիքը կը զգայ եւ իր նամակին մէջ ցտեսութիւն կ՚ըսէ սիրելիներուն. չէ՞ որ ինքնասպանի մը համար վերջ գտած է ամէն բան, անիմաստ է ամէն զգացում ու հոգեվիճակ: Մարդկային կեանքը տարօրինակ է եւ մենք ինչքան ալ նկատենք, որ մարդ նախ միշտ իր ես-ին մասին կը մտածէ, իրականութեան մէջ այդպէս չէ. ինքնասպանը ինչքան ալ ըսէ, թէ կեանքէն ու մարդոցմէ ակնկալիք չունի, չի կրնար ամբողջութեամբ իր կապն ու կապուածութիւնը խզել եւ այդ կապին մեծագոյն փաստը ցտեսութիւնն է, որ նպատակ ունի ուրիշներու ցաւը մեղմելու: Արդեօք գրողը անդենական կեանքին մէջ դարձեալ հանդիպելուն կը հաւատա՞յ... որովհետեւ ցտեսութիւնը իր մէջ դարձեալ տեսնուելու յոյս եւ ակնկալութիւն ունի:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Աշխարհը ինչքան զարգանայ, ինքնասպանութիւնը այնքան կը շատնայ. ինչո՞ւ:
Պատասխան. Անկախ թէ որքան կը զարգանայ աշխարհը, մարդու ներքին հոգեբանական կարիքները՝ սէրը, ըմբռնումը, անվտանգութեան զգացումը, կեանքի իմաստը եւ ուրիշ շատ մը հարցեր կը մնան անբաւարար զգացումի մէջ: Զարգացումը մարդուն կը բերէ մեկուսացում, մրցակցութիւն, ինքնագնահատականի պակաս եւ մարդկային կապերու եւ հաղորդակցութեան թուլութիւն: Զարգացած աշխարհին մէջ մարդիկ իրենք զիրենք աւելիով պարապութեան, անյոյս վիճակի մէջ կը զգան, ինչ որ զիրենք կ՚առաջնորդէ ինքնասպանութեան: Զարգացումը առանց հոգեւոր ու հասարակական հաւասարակշռութեան կրնայ խորացնել մարդուն մէջ եղած վէրքերը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան