ՔԱ­ՋԱ­ԼԵ­ՐՈ­ՒԻ՛ՆՔ

Քաջալերուի՛նք, սիրելինե՜ր, ներկայ Մեծ պահքի շրջանին, քանի կա՞յ մէկը, որ կարծուի, թէ անոր համար մեղքերու թողութիւն, փրկութիւն կարելի չէ։ Ոմանք իրենք զիրենք մեղաւոր համարելով Եկեղեցիէն հեռու կը մնան, մինչդեռ անոնք պէտք է Եկեղեցի երթան, որպէսզի մեղքերու թողութիւն ստանան։ Ուստի, կա՞յ մէկը, որ զանիկա աղօթքի ցանկէն վերցուած ըլլայ, եւ կարելի՞ է կարծել, թէ ան Աստուծոյ շնորհքին հասողութենէն դուրս կը մնայ։ Ուստի, քաջալերուի՛նք… Ապաշխարե՛նք…

Հայրեր միշտ կը ներեն իրենց զաւակները, հապա մեր երկնային Հայրը աւելի եւս պիտի չներէ՞ մեզ՝ Իր որդիները, որոնք Ինք իսկ ստեղծած է։ Պահ մը յիշենք պատմութեան ամենէն չար թագաւորներէն մէկուն անձնական վկայութիւնը։ Նաբուգոթոնոսոր՝ հին աշխարհի մեծագոյն կայսրութեան թագաւորը. նաեւ մարդկային պատմութեան ամենէն չար առաջնորդներէն մէկը, որ երեք հրեայ տղաքը կրակէ հնոցին մէջ նետեց, երբ անոնք մերժեցին իր արձանին երկրպագութիւն ընել. (ԴԱՆ. Գ 13-23)։

Բայց, սիրելինե՜ր, այս նոյն անձը ապաշխարե՛ց։ Ան իր վկայութիւնը արձանագրեց որպէս վկա՛յ մը, ոչ միայն իր ժամանակուայ աշխարհին, հապա ապագայ բոլոր սերունդներուն համար, թէ Աստուած գերիշխան է։

Եւ ամէն դարու մէջ եղած են նման վկաներ՝ որոնք դարձի եկած եւ սուրբեր եղած են։ Զոր օրինակ՝ Պօղոս առաքեալ եւ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս եւ ուրիշներ։

Ուրեմն, քաջալերուի՛նք, եւ աղօթենք.

«Տէ՛ր օգնէ որ Պօղոս առաքեալի նման ետեւի բաները մոռնալով յառաջ երթամ, Դաւիթի նման աչքերս դէպի լեռները վերցնեմ, Աբրահամի նման անվերապահօրէն Քեզի վստահիմ, Ենովքի նման ամէն օր Քեզի հետ քալեմ ապահով, Մովսէսի նման նախընտրեմ Աստուծոյ ժողովուրդին հետ չարչարուիլ, քան թէ մեղքի ժամակաւոր հաճոյքը վայելել, Յոբի նման համբերող ըլլամ, Եսայիի նման անձս Քեզի նուիրեմ, Անդրէասի նման եղբայրս Քրիստոսի առաջնորդեմ, Յովհաննէսի նման Տէրոջս կուրծքին վրայ յենիմ, Ստեփանոսի նման ներող ըլլամ, Տիմոթէոսի նման խօսքը սերտելու հաւատարիմ, երկնային զօրքերու բազմութեան նման երկրի վրայ խաղաղութիւն եւ մարդոց մէջ հաճութիւն հռչակեմ, եւ իմ Տէրոջս նման ամէն ատեն յաղթական ըլլամ, որովհետեւ կը հաւատամ որ. Ամէն բանի կարո՛ղ եմ Անով՝ Քրիստոսով, որ զիս զօրացուց»։

Չէ՞ որ Յիսուս կ՚ըսէ.

«Եթէ քու եղբայրդ քեզի դէմ մեղանչէ, յանդիմանէ զանիկա։ Եթէ ապաշխարէ, ներէ՛ անոր։ Եթէ օրը եօթը անգամ քեզի դէմ մեղանչէ եւ օրը եօթը անգամ դառնայ քեզի եւ ըսէ.- Կ՚ապաշխարեմ, պէ՛տք է ներես անոր». (ՂՈՒԿ. ԺԷ 3-4)։

Անշուշտ սխա՛լ է՝ խորհելով, թէ եթէ ներողութիւն խնդրուի, պիտի ներուի, գիտակցաբար այս իրողութեան, մեղք գործուի. ի՛նչ որ կը նշանակէ՝ Սուրբ Հոգիին դէմ մեղանչել, ուստի անոնց պիտի չներուի իրենց մեղքերը։

Աստուած սուրբ է եւ մեր ցանկութիւնը ըլլալու է Իրեն համակերպիլ։ Իր պատուիրանն է. «Սուրբ եղէք, քանի որ Ես սո՛ւրբ եմ». (Ա ՊԵՏ. Ա 16)։ Մեզի պատուիրուած չէ՛ ամենագէտ կամ ամենակարող ըլլալ, բայց կը պահանջուի մեզմէ «սուրբ» ըլլալ, մեր «բոլոր վարմունքներուն մէջ». (Ա ՊԵՏ. Ա 15)։

Եւ սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, Մեծ պահքի ներկայ շրջանը, ահաւասիկ, բարեպատեհ առիթն է, զայն օգտագործելով նորոգուելու, ապաշխարելու, «սուրբ» ըլլալու, հոգեպէս մաքրուելու եւ հաւատարիմ մնալու մեր կոչումին։

Մեր ամենամեծ թշնամին նոյն ինքն մեր «ԵՍ»ն է, եթէ կարենանք պարտել զայն՝ ամէն ինչ դիւրին պիտի ըլլայ մեզի համար…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարտ 7, 2025, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Մարտ 8, 2025