ՊԱՏԻԺՆ ՈՒ ՄԱՐԴԸ

Ինչպէս նախորդ մեր յօդուածի վերջաւորութեան ըսինք, որ հակառակ պատիժի ունեցած դրական ազդեցութեան, շատ մը մտաւորականներ ու փիլիսոփաներ միշտ ալ դէմ եղած են պատիժ հասկացողութեան: Անոնցմէ շատեր կը հաւատան, որ պատիժը պարզապէս պատժուածը կը ցաւցնէ՝ որպէս հետեւանք իր արարքներուն, սակայն, երբեք չ՚օգներ, որպէսզի ան գտնէ ճիշդ ճամբան։ Տակաւին շատեր կը հաւատան, որ պատիժը շատ անգամ այդ վատ արարքը սրբագրելու փոխարէն կրնայ աւելի խորացնել ու կիսով չար մարդը կրնայ աւելի չարանալ. այսպէս կը հաւատան, որովհետեւ պատիժը ինքնին բացասական երեւոյթ է եւ բացասական երեւոյթով կարելի չէ դրական արդիւնք մը ստեղծել։ Նման մտածումի տէր մարդիկ կը հաւատան, որ ուսուցումն է սխալները սրբագրելու ամենէն ճիշդ ու միակ ձեւը, որովհետեւ սրբագրութիւնը վերաբերմունքով կ՚ըլլայ եւ ո՛չ թէ բռնութեամբ եւ կամ պատիժով: 

Այս մէկը աւելի յստակ հասկնալու համար, օրինակ, առէք ծեծի ու բռնութեան տակ հասակ առած մանուկ մը, որ իւրաքանչիւր սխալի դիմաց խրա-տի փոխարէն ստացած է ծեծ ու պատիժ։ Նման մանուկներուն մօտ պիտի նշմարէք ատելութիւն, բացասական վերաբերմունք, որովհետեւ պատիժը, որ նպատակ ունէր սրբագրելու, վերածուելով ատելութեան՝ յառաջացուցած է հոգեբանական բարդ խնդիրներ, որոնք ամբողջ կեանք մը անհատը պարտի կրել: Պատիժը ինքնին հոգեկան բռնութիւն կը նկատեն շատեր, որովհետեւ պատիժը անհանգստութիւն, տագնապ, մեղքի զգացում եւ վախ կը ստեղծէ մարդուն մէջ:

Հին ժամանակ մեր դպրոցները եւս կը հաւատային, որ ծեծը միջոց մըն է կրթելու համար աշակերտը. վկայ Տէր Թոդիկի դպրոցը։ Մեծ մանկավարժներէն Ժան Ժագ Ռուսօ իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Միայն խօսքը եւ սիրոյ դաստիարակութիւն կրնան երեխային մէջ լաւը ստեղծել՝ առանց վնասելու». այլ խօսքով պատիժը որպէս վնաս կը դիտէ մեծ մանկավարժը. այս մասին կարելի է ուսումնասիրել ու կարդալ գրողի «Ընդհանուր կրթութեան մասին» աշխատութիւնը. անոր համոզումով՝ պատիժը միայն ու միայն մանուկի ինքնավստահութիւնը կը մեռցնէ եւ անոր տրամադրութիւնը քանդելով դրական ո՛չ մէկ ազդեցութիւն կ՚ունենայ:

Դաստիարակութեան ընթացքին պատիժի ներկայութիւնը պատճառ կ՚ըլլայ, որպէսզի մանուկը կեդրոնանայ իր վատ արարքներուն վրայ՝ լաւերուն վրայ կեդրոնանալու եւ զանոնք զարգացնելու փոխարէն։ Արդի մանկավարժութիւնը կը հաւատայ, որ մանուկին ուշադրութիւնը պէտք է հրաւիրել իր լաւ կողմերուն վրայ եւ ո՛չ թէ վատերուն:

Այս լոյսին տակ կ՚ուզենք առիթը գտնել եւ ըսել, որ ցաւ ի սիրտ, կը տեսնենք ծնողներ, որոնք տակաւին դաստիարակութեան եւ պատիժի տարբերութիւնը չեն գիտեր. անդադար մանուկը վախցնելն ու «գլուխդ կը կտրեմ» եթէ այսպէս ընես, ըսելով անոր մէջ դրական ո՛չ մէկ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ: 

Այս բոլորը ըսելով հանդերձ, չենք մերժեր երբեք պատիժի առկայութեան կարեւորութիւնը: Այս բոլորին մէջ սակայն մեզ կը հետաքրքրեն մանուկները՝ քան մեծահասակները, որովհետեւ մեծահասակը հայելին է այն բոլորին, որ իր մանկութեան ժամանակ ապրած ու զգացած է ու այս պարագային մեծ է դերը ծնողներուն, որոնք ծեծն ու դաստիարակութիւնը նոյն բանը կը կարծեն յաճախ։ Մանուկին սխալին վրայ զայրանալը իրականութեան մէջ տրամաբանական չի թուիր, որովհետեւ մանկութիւնը այն ժամանակաշրջանն է, որ պիտի սխալին՝ որպէսզի սորվին. այսօր յաճախ ծնողքը կը կարծէ, թէ իր զաւակը պարտի մտածել ու ապրիլ այնպէս՝ ինչպէս ինք կը մտածէ, կը զգայ ու կ՚ապրի։ Եթէ այսօր ծնողքը մեծահասակ ու չափահաս է, այդ չի նշանակեր, որ նոյն մակարդակին վրայ պիտի ըլլայ նաեւ մանուկը, որովհետեւ չափահասութիւնը երկնատուր պարգեւ ըլլալէ անկախ կեանքի ընթացք մը կը պահանջէ. բնական է, որ անոնք տունը աղտոտեն, բնական է, որ որոշ իրեր կոտրեն. բնական է, որ վազվզեն ու մանկութիւն ընեն, որովհետեւ տարիքը այդ մէկը կը պահանջէ: 

Ծնողքի մը հիմնական դերը իր զաւակին քովը ըլլալն է. զաւակը իր արարքներուն համար վախով լեցուելու փոխարէն իր տկարութիւններուն պարագային պէտք է ապահովութիւն զգայ ընտանիքին ներկայութենէն։ Նոյն պարագան կրնանք ըսել հասարակութեան ու ոստիկանութեան համար. զինուորներու եւ ոստիկաններու ներկայութիւնը իրականութեան մէջ պարտին ապահովութիւն ներշնչել եւ ո՛չ թէ վախ. եթէ ծնողքը եւ ոստիկանը ապահովութեան փոխարէն վախ ներշնչեն, կը նշանակէ անոնք ձախողած են իրենց նպատակին եւ առաքելութեան մէջ: 

Պատիժը դարեր շարունակ գոյութիւն ունեցած է եւ կը շարունակէ ունենալ. պիտի՛ ունենայ, սակայն, պատիժի կարիք պիտի չըլլար, եթէ իւրաքանչիւր ծնողք իր զաւակը դաստիարակէր այնպէս՝ ինչպէս պարտէր դաստիարակել: Դրախ-տի մէջ Աստուած մարդուն պատիժ մը տուած չէր, որովհետեւ մարդը բարի էր։ Մարդը չարացաւ ու պատիժը ի յայտ եկաւ եւ այդ պատիժէն ետք է, որ փոխուեցաւ ամբողջ մարդոց ճակատագիրն ու կեանքի ընթացքը։ Հետեւաբար, փորձենք այդ դրախտը դարձեալ ստեղծել, սակայն, այս անգամ աշխարհի վրայ եւ այդ մէկը ընելու լաւագոյն ձեւը լաւ դաստիարակութիւնն է:

վերջ

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ի՞նչ է մարդկութեան մեծագոյն պատիժը:

Պատասխան. Մարդկութեան մեծագոյն պատիժ կարելի է նկատել սեփական ինքնութեան կորուստը. կորսուած մարդկային կապերը, անկեղծութիւնը, ներքին խաղաղութիւնը: Մարդը կորսնցնելով այդ բոլորը սկսած է մինակ մնալ եւ անորոշութեան դատապարտուիլ, մատնուելով շփոթութեան, վախի եւ անյայտութեան զգացումին մէջ: Այս բոլորը կորսնցնելով մարդը սկսած է կորսնցնել իր կեանքի իմաստը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

 

Շաբաթ, Մարտ 8, 2025