ԱՐԱԲԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ «ՎԱ՜Յ»ԵՐԸ

Ազգերու պատմութեան մէջ բռնութիւն ըսելով պէտք չէ հասկնալ լոկ ֆիզիքականը. բռնութիւնը ունի նաեւ իր միւս կողմերը, որոնցմէ ամենէն վտանգաւորը միտքի ստրկութիւնն է, որ շատ անգամ աւելի վտանգաւոր ու սարսափելի է՝ քան կոտորածը: Բռնութիւնն ալ, ստրկութիւնն ալ ունի իր աստիճանաւորումները, սակայն, անոնցմէ ամենէն չարագուշակը այն է, երբ զոհը կը դադրի ինքզինք ստրուկ զգալէ եւ կը սկսի արդարացնել իր իսկ կրած ճնշումը: Եւ այստեղ է, որ կու գայ արաբ բանաստեղծին չորրորդ «վա՜յ»ը.

«Վայ այն ազգին, որ քունի մէջ կ՚ատէ բռնութիւնը, իսկ երբ արթուն է, կը ծռէ գլուխը անոր առջեւ»: 

Այս տողով կարելի է բացատրել մեր սփիւռքի վիճակը. սփիւռք՝ որ կ՚ուզէ Հայաստանի փրկութիւնը, կ՚ատէ անոր հակառակորդները, սակայն, հայրենիքը փրկելու եւ այդ հակառակորդները հեռացնելու համար ո՛չ մէկ բան կ՚ընէ. ազգովին նման ենք այն վախկոտներուն, որոնք հեռուէն մարտական կոչեր կ՚ընեն, սակայն, անոնցմէ ո՛չ մէկը կը տեսնես մարտի ժամանակ: 

Այս մէկը հիմնականին մէջ բարոյական պակասի հետեւանք է. եթէ մարդ բարոյապէս կը հաւատայ եւ կ՚ընդունի, թէ սխալ է՛ բռնութիւնը, ապա ամէ՛ն պարագաներու եւ վիճակներու մէջ պարտաւոր է հաւատարիմ մնալ իր բարոյական սկզբունքներուն։ Բարոյական սկզբունքը հանգամանքներ չի՛ ճանչնար. եթէ բարոյապէս բռնութեան դէմ ես, այդ մէկը քու դէմդ ի գործ դրուի թէ ուրիշին՝ պէտք է բարձրաձայնել ու դիմադրել անվերապահօրէն: Եթէ սեփական շահերը աւելի առաջնահերթ ըլլան քան սկզբունքները, այդ պարագային պէտք է անգամ մը եւս հարցականի տակ դնել անձն ու անոր սկզբունքները: Այլ խօսքով, մարդ ամէն պարագաներու պարտաւոր է հաւատարիմ մնալ իր բարոյական սկզբունքներուն, որովհետեւ անոնք պարագաներու չեն յարմարիր եւ պարագաներու բերումով փոփոխութեան չեն հանդուրժեր: 

Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը կառուցուած է ինքնապաշտպանութեան ու ապստամբութեան վրայ՝ վերածնունդի ոգիով, որովհետեւ անոր բարոյական սկզբունքներէն մին եղած է բռնութենէ եւ ստրկութենէ հեռու, ազատութեան մէջ ապրիլը, սակայն, մերօրեայ հայը տարբեր կը մտածէ. մերօրեայ հայուն համար բռնութեամբ դէմ խօսիլը դիւրին՝ սակայն գործելը դժուար է. մերօրեայ հայը գիտէ՛ ճիշդը, սակայն, լուռ կը մնայ սխալին դիմաց, բարոյական սկզբունքները մէկ կողմ դրած հաւատալով, որ գոյատեւելու մէկ այլ միջոց մըն է նաեւ «գլուխ ծռել»ը: 

Տակաւին օրեր առաջ կը կարդայի Լեռ Կամսարի այս մտածումը. հայ գրողներ երգած ու գրած են երկիրի մը մասին՝ զորս չեն տեսած։ Տարբեր չէ հայ ժողովուրդին պարագան այդ գրողներէն, որովհետեւ մենք ալ տասնամեակներ շարունակ երգած ենք յաղթանակի երգեր՝ մոռնալով, որ այդ յաղթանակը խօսքէն աւելի գործ կը պահանջէ. հայ ժողովուրդը սիրտով ու հոգիով կ՚երգէ Դանիէլ Վարուժանի, Սիամանթոյի եւ այլոց երգերը... իր բանաստեղծութիւններուն ճամբով կ՚իջնէ կռուի դաշտ... սակայն լոկ քունին մէջ: 

Մեծ եղեռնէն ազատած հայութիւնը լաւապէս կը գիտակցէր, որ պէտք է դարձեալ վերադառնալ հայրենիք. անոնք սփիւռքը որպէս ժամանակաւոր հանգրուան կը նկատէին. Սակայն, ետքը Հայաստան յայտնուեցաւ Խորհրդային Միութեան իշխանութեան տակ. այդ ժամանակամիջոցին շատեր շարունակեցին երգել Հայաստան՝ սակայն, հեռու մնացին Հայաստանէն՝ Խորհրդային Միութիւններու պատճառով. սակայն, այդ Հայաստան երգողները Հայաստանի երկրորդ անկախութենէն ետք ալ չվերադարձան Հայաստան։ Անոնք Հայաստանը երգեցին լոկ իրենց քունին մէջ՝ սակայն արթնութեան հեռու մնացին: Բոլորը կ՚ուզեն Հայաստանը իր բարձունքին մէջ տեսնել՝ սակայն գործնապէս այդ մէկը իրակացնելու համար բան չեն ուզեր ընել: 

Այս բոլորէն ետք կը մնայ հիմնական հարց մը. բարոյական սկզբունք մը առանց գործածութեան կարելի՞ է ունենալ. ինչպէ՞ս մեկնաբանել այն երեւոյթը, որ մարդը բռնութեան դէմ է որպէս սկզբունք, սակայն, լռութեամբ կ՚ընդունի անոր գոյութիւնը: 

Մեր թուականէն աւելի քան դար մը առաջ, Ստեփան Զօրեան իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կ՚ըսէր. «Ժողովներուն մէջ ժամերով վիճողներէն ու խօսողներէն բան մի՛ սպասեր, գործի ատեն մէկը չես տեսներ...»: Նման գաղափար մը կը տեսնենք Ա. Հայկազի աշխատութեան մէջ. «Ազգին մէջ՝ խօսելով ազգին ծառայողներ շատ կան...»: 

Մենք այսօր մեր քունին մէջ՝ մեր երգերով, մեր բանաստեղծութիւններով, մեր հայրենասիրական կոչերով ու պայքարի ոգիով բռնութեան եւ ստրկութեան դէմ ենք, սակայն, իրական գետնի վրայ՝ թէ՛ մեր գործերով եւ թէ մեր քաղաքականութեամբ վիզ ծռած ենք բռնութեան դիմաց եւ հետեւաբար արաբ բանաստեղծին բառերով «վա՜յ» մեր ազգին, որովհետեւ լոկ իր քունին մէջ հայրենասիրութիւն քարոզող ազգ մը ապրելու ո՛չ մէկ պատճառ եւ իրաւունք ունի: 

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Մարդուն խօսքերո՞ւն պէտք է հաւատալ, թէ գործերուն:

Պատասխան. Մարդը պէտք է դատել ո՛չ թէ իր խօսքերով, այլ գործերով: Խօսքերը կրնան գեղեցիկ հնչել, բայց, առանց գործերու կը դառնան անիմաստ: Ճշմարտութիւնը կարելի է բացայայտել մարդու արարքներով, որովհետեւ գործով կարելի է փաստել, եթէ մարդ տէրն է իր խոստումներուն եւ որդեգրած արժէքներուն: Գործերը կը բացայայտեն մարդու բնոյթը, նուիրումն ու անկեղծութիւնը: Խօսքերը կարեւոր են, բայց միայն այն պարագային, երբ գործով կը փաստուին:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Ապրիլ 8, 2025