ՔԱՐՈԶԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Եկեղեցւոյ պաշտօնեան կոչուած է հռչակելու, տարածելու, մեկնաբանելու, «խօսք»ի ճամբով իմանալի եւ ընդունելի դարձնելու Քրիստոսի կրօնքին ճշմարտութիւնը։ Արդարեւ, Յիսուս այնքան վեհիմաստ արժէք ընծայեց «խօսք»ին, իր քարոզած ճշմարտութեան, որ պատգամաշեշտ հանդիսաւորութեամբ եւ ջինջ յստակութեամբ յայտարարեց. «Երկինք եւ երկիր անցցեն եւ բանք իմ մի՛ անցցեն». (ՄԱՏԹ. ԻԴ 35), այսինքն՝ «Երկինք եւ երկիր պիտի անցնին, բայց իմ խօսքերս բնաւ պիտի չանցնին»։ Եւ Յիսուս կ՚ուզէր, որ իր խօսքը մնար, այնինքն ապրէր եւ իր հետ ապրեցնէր Աւետարանի ճշմարտութիւնները մարդոց կեանքերուն մէջ։ «Եթէ դուք իմ մէջս կենաք եւ իմ խօսքերս ալ ձեր մէջ կենան, ի՛նչ որ ուզէք՝ պիտի խնդրէք եւ պիտի ըլլայ ձեզի». (ՅՈՎՀ. ԺԵ 7)։ Այսպէս կը պատգամէր Ան իր առաքեալներուն։
Եւ արդարեւ այդ խօսքը մնաց, աճեցաւ եւ տարածուեցաւ առաքեալներու եւ անոնց միջոցաւ քրիստոնէութեան կոչուած անձերու եւ համայնքներու կեանքերուն մէջ։ Քրիստոնէական պատմութեան առաջին շրջանին, առաքելական դարուն, Քրիստոսի խօսքին տարածումը, Աւետարանին, «բարի լուր»ին քարոզութիւնը գլխաւորագոյն տեղը կը գրաւէր Եկեղեցւոյ պաշտօնեաներուն կեանքին եւ գործունէութեան մէջ։
«Եւ Բանն Աստուծոյ աճէր եւ բազմանայր»։
Այս բառերը կարելի է, տարբեր շրջագծի մէջ, հետագայ դարերուն համար եւս նկատել ճշգրիտ բնորոշում Քրիստոսի խօսքի տարածման երեւոյթին, մասնաւորաբար Բ. եւ Գ. դարերուն նախ քան քրիստոնէութեան պետականացումը Կոստանդիանոս կայսեր կողմէ Դ. դարուն։
Անոնք ճշմարիտ են նաեւ այն ժամանակաշրջաններուն եւ վայրերուն համար, ուր քրիստոնէական կրօնը պետական հովանաւորութենէն կամ պաշտպանութենէն դուրս, եւ երբեմն նոյնիսկ անոնց հակառակ, քարոզութեան կենդանի խօսքով եւ քարոզող նուիրեալներու կեանքով եւ գործքով տարածուեցաւ. մէկ խօսքով՝ զօրուեամբ «Բանին Կենաց»։
Եկեղեցական հայրերը իրենց գրական գործերուն որպէս կորիզ ունեցան քարոզչական նպատակով մշակուած գրական սեռը։ Քրիստոսի խօսքին մեկնաբանութեան եւ տարածման համար անոնք զանազան առիթներով խօսեցան կամ գրեցին «քարոզ»ներ՝ որոնք երբեմն դասական հայերէնի մէջ ճանչցուած են «ճառք» անունով։ Եւ այդ գրականութեան մէջ է որ յաճախ արտայայտուած կը գտնենք Եկեղեցւոյ մեծ մտածողներուն, մտաւորական ե՛ւ հոգեմտաւորական դէմքերուն աստուածաբանական եւ իմաստասիրական ընտիր գաղափարները։
Սուրբ Յովհան Ոսկեբերանը ամենէն ընտիր ներկայացուցիչն է նկատուած այդ երախտարժան մեծ դէմքերուն, Եկեղեցւոյ միտքը արտայայտող «եռամեծ» վարդապետներու սերունդին Արեւելքի մէջ։
Իսկ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս՝ ամենէն առատաբան եւ բազմաբեղուն դէմքը՝ Արեւմուտքի մէջ։
Հայոց Եկեղեցին ալ, ընդհանուր գիծերու մէջ, հետեւեցաւ նոյն ընթացքին։ Քարոզախօսութիւնը այստեղ ալ ունեցաւ իր շեշտաւորեալ զօրութեան եւ տկարութեան պահերը։ Մէկ կողմ թողլով Հայաստանի մէջ. այդ մասին շատ ցանցառ եւ անբաւարար պատմագրութիւններ գտնուող առաջին երեք դարերու քարոզութիւններու եւ գրականի երեւոյթը, Դ. եւ Ե. դարերուն էր, որ քարոզախօսութիւնը եւ հոգեմտաւոր գրականութիւնը ապրեցաւ իր ոսկեդարը Հայաստանի մէջ։
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչով եւ Լուսաւորչեան սերունդով քարոզախօսութեան հեղեղ մըն էր, որ ծաւալեցաւ Հայաստան աշխարհի մէջ։ Դ. դարու Հայաստանը քարոզախօսութեան դաշտ մը եղաւ թէ՛ ասորի եւ թէ յոյն քարոզիչներու, ինչպէս նաեւ հայ քարոզիչներու համար…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 8, 2025, Իսթանպուլ