ԱՐԱԲԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ «ՎԱ՜Յ»ԵՐԸ
Շատեր կը կարծեն, թէ կեանքի մէջ պայքարիլը եւ կամ անարդարութեան դէմ ձայն բարձրացնելն է կարեւորը, սակայն մեր այսօրուան «վա՜յ»ը կու գայ ըսելու, որ անոնցմէ շատ աւելի կարեւոր ու առաջնահերթ է ժամանակը. պայքարելէ եւ ձայն բարձրացնելէ առաջ կարեւոր է «երբ»ը, որովհետեւ ժամանակը թէ՛ մարդու եւ թէ ազգի մը կեանքին մէջ շատ բան կ՚որոշէ: Արաբ բանաստեղծին հինգերորդ «Վա՜յ»ը կ՚ըսէ.
«Վա՜յ այն ազգին, որ կը բարձրացնէ իր ձայնը՝ երբ կը հետեւի դագաղին եւ կը պարծենայ՝ երբ կը կանգնի գերեզմանոցը եւ կ՚ըմբոստանայ այն ատեն միայն, երբ վիզը դրուած է սուրի ու մահի միջեւ»:
Մարդկային կեանքի դժբախտութիւններէն մէկն ալ այս է. մենք յաճախ կը դժգոհինք, կը բողոքենք ու մեր ձայնը կը բարձրացնենք այն ժամանակ միայն՝ երբ արդէն ուշ է, երբ արդէն անցեալը կարելի չէ փոխել եւ մեր ազգի մերօրեայ պատկերը տարբեր չէ այս իրողութենէն: Արաբ բանաստեղծին յիշած «դագաղ»ը կորուստն ու պարտութիւնը կը խորհրդանշէ եւ այս երկու բառերը ըսելով լոկ պատերազմի դաշտի մասին չէ՛ խօսքը. արտագաղթը, հայաթափութիւնը, սփիւռքի մէջ նոր սերունդին ազգային արժէքներէն հեռանալը, բոլո՛րն ալ մահ են եւ մենք մի՛շտ յետ մահու միայն կ՚անդրադառնանք ու կը սգանք մեր մեռելները:
Այսօր թերթատելով հին գրողները՝ կը տեսնենք, թէ առաջին իսկ օրէն անոնք լուրջ մտահոգութիւն յայտնած են սփիւռքի մէջ ապրող հայերու հաւանական կորուստին մասին. այդ ժամանակահատուածին այդ կապակցութեամբ ինչ աշխատանք տարուեցաւ՝ չենք գիտեր, սակայն, գիտենք, որ այսօր՝ երբ դագաղը գերեզման կ՚առաջնորդուի, բեմէն կը ճառենք.... սփիւռքի մէջ ապրող հայ ժողովուրդի զաւակներուն հայապահպանման կարեւորութիւնը կը շեշտենք:
Գերեզմանին մէջ հպարտ կանգնիլը անցեալի փառքով պարծենալն է. հայը նոր յաղթանակներ կերտելու տեղ իր պատմութեան ընթացքին յանձն առաւ կանգնիլ գերեզմանի առջեւ եւ անցեալի փառքերով պարծենալ. նոր Վարդաններ ստեղծելու փոխարէն բաւարարուեցաւ հպարտանալ Վարդանով՝ որ զոհուած է աւելի քան հազար հինգհարիւր տարիներ առաջ։ Հպարտանալ Տիգրան Մեծի յաղթանակներով՝ որ հազարամեակներու հնութիւն ունի:
Մարդկային կեանքի հիմնական օրէնքը շարունակականութիւնն է. իւրաքանչիւր սերունդ իր կարգին նոր սերունդ կը ստեղծէ եւ կամաց-կամաց ինք կ՚անհետանայ։ Հայութեան պարագային հին յաղթանակները կամաց-կամաց անհետացան, սակայն, անոնց տեղ նորերը չեկան, այդ իսկ պատճառով ժողովուրդը ինքզինք պարտաւոր զգաց հին փառքերով պարծենալու, որովհետեւ նորերը ստեղծելու անյաջող է: Ի՞նչ է մերօրեայ հայ ժողովուրդին հպարտութիւնը. Եռաբլուրին մէջ հանգչող երիտասարդնե՞րը. այո՛, անոնք ամէ՛ն յարգանքի արժանի են, սակայն ազգ մը, որ լոկ իր նահատակներով կը հպարտանայ ու իր անցեալի փառքերը երազելով կ՚ապրի՝ դատապարտուած է կորսուելու, որովհետեւ հին փառքը իմաստ ու արժէք չունի, եթէ նոր սերունդը հաւատարիմ մնալով հիներուն նորերը չի՛ ստեղծեր:
Այնպէս ինչպէս անցեալին, այսօր եւս մեր մամուլները շատ մը հարցեր կը բարձրաձայնեն, սակայն, ժողովուրդը կը շարունակէ նոյն խուլը ձեւանալ, որպէսզի ապագային՝ երբ արդէն ուշ ըլլայ, նոր սկսի մտածել, թէ ի՞նչ պէտք է ընել: Արաբ բանաստեղծը ամբողջութեամբ կը ներկայացնէ հայ ազգը, որ «կ՚ըմբոստանայ այն ատեն միայն, երբ վիզը դրուած է սուրի ու մահի միջեւ»։ Պէտք է ամբողջութեամբ ընդունիլ, որ մեր կրած վերջին պարտութիւններուն հիմնական մեղաւորները լոկ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները չեն. այսօր լուրջ մտահոգութիւն է Հայաստանի բանակը զինելը, ինքնապաշտպանութիւնը զարգացնելը, դիւանագիտական եւ քաղաքական առողջ կապեր ստեղծելը. բայց, պէտք է մտածել, թէ ի՞նչ ըրինք ազգովին ամբողջ երեսուն տարի. հիմա որ մեր գոյութիւնն ու ազատութիւնը սուրի ու մահուան միջեւ է, նոր կը գիտակցինք:
Վերջապէս այս բոլորին դիմաց ի՞նչ կ՚ընէ հայը՝ մանաւանդ հայրենիքէն հեռու՝ օտար ափերու մէջ. իր մահերը կ՚ողբայ, իր նահատակներով կը հպարտանայ, իր անցեալով կը պարծենայ եւ յանկարծ ըմբոստ ըլլալը կը յիշէ՝ երբ արդէն բանը բանէն անցած է...:
Եթէ մեր ազգը իրապէս այսպէս է, ապա Ճպրան Խալիլ Ճպրան «Վա՜յ» կը կարդայ. անցեալի փառքերով հպարտանալը իր տեղը, սակայն, ի՞նչ իմաստ անցեալով հպարտանալու՝ երբ ներկան թշուառութիւն է. հայկական ասացուածքը կ՚ըսէ. «Ապրող շունը՝ մեռած առիւծէն լաւ է»։ Մենք անցեալի մեռած առիւծը պաշտելու փոխարէն մեր ներկան՝ նուաստ ներկան է, որ պէտք է բարելաւենք. չենք գիտեր ինչու, արաբ բանաստեղծին «Վա՜յ»երը միշտ ալ կարծես մեր ժողովուրդին համար գրուած ըլլան. թէեւ շատեր լաւատես են, սակայն, մենք այդ «Վա՜յ»երու շարքին մէջ կորսուած դէպի կորուստ կ՚առաջնորդուինք... կորուստ՝ որ լաւատես ժպիտներով մեզ կ՚առաջնորդէ դէպի անդունդ:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Անցեալով հպարտանա՞լն է կարեւորը՝ թէ ներկան կերտելը:
Պատասխան. Անցեալով հպարտանալը կրնայ ուժ, կորով եւ ինքնութեան գիտակցութիւն տալ, սակայն, ներկան կերտելը աւելի կարեւոր է, որովհետեւ միայն ներկան է, որ մեզի կարելիութիւն կու տայ փոխելու կացութիւնը եւ ուղղելու անցեալի սխալները եւ անոնց հիման վրայ կառուցելու ապագան: Անցեալը կարելի է յիշել ու արժեւորել, բայց պէտք չէ այդտեղ մնալ. իրական արժէքը ներկայի գիտակցութեան մէջ է:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան